0
0
Read Time:17 Second
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը Անկախութեան 29-րդ տարեդարձին առիթով այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն:
Հ.Հ. նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ազգային Ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ., Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ծաղիկներ զետեղեցին եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին իրենց կեանքը Հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին: