ՀՆԴԿԱԿԱՆ ԱՄԱՌ Է ԵՒ ՀԱՒԻ ՃՈՒՏԵՐԸ ԿԸ ԿՉԿՉԱՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 31 Second

 

            Կեդրոնականցիին հետ, դիմակաւորուած, Մառնի եզրի Կասթոնի սրճարանն ենք: Կը զրուցենք: Ի՞նչ աճպարարութիւն պիտի ընենք սեղմուած-քամուած երկու կաթիլ սուրճը կուլ տալու համար:

            Դիտելով ծովափ գտնուողի պէս կիսամերկ անցորդները, Արմենակ ըսաւ.

            – Մակա՛ր, ամառը կը շարունակուի, կ’ըսեն կլիմայական խանգարում, հնդկական ամառ, ինչպէս կ’ըսեն ֆրանսական գինի, գերմանական գարեջուր, լիբանանեան օղի:  

            – Արմենա՛կ, օր մը նորոյթ պիտի ըլլայ լուսնի գարեջուրը, գիտունները բնութեան կարգը խառնշտկելով Լուսնի վրայ գետեր եւ լիճեր պիտի ստեղծեն: Ամէն բան գիտցող եւ ամէն բանի առաջինը եղող հայերէն մէկը լուսնի ջուրը պիտի ստեղծէ, ուրիշ մը անով գարեջուր պիտի պատրաստէ, երրորդ մըն  ալ պիտի վաճառէ, եւ միջազգային քրէտի պիտի ունենանք:

            – Աւելի լաւ կ’ընեն այդ հնարամիտները եթէ ազգին հարցերը լուծեն: Մակա՛րս, անոնք կը տրտնջան, որ իրենք զիրենք ազգի մեծ կարգածներ իրենց առիթ չեն տար: Կ’ըսեն, որ դուք դպրոց գացած էք, բան գիտէք, բայց կեանքը չէք գիտեր, ձեզ ճանչնար, շուկայի վրայ քրէտի չունիք, ազգ չէք կրնար ներկայացնել եւ առաջնորդել:

            – Այդքա՜ն դպրոց կ’երթան, քրէտի ունենալու դաս չե՞ն առներ,- հարցուցի:

            – Կը սորվին քրէտի ունենալու համար դասափետել ուրիշներու քրէտին, անոր համար կը սորվին դիալեկտիկա, ֆրանսացին կ’ըսէ՝ ամէն տեսակի փայտի կտորներով կրակ կը վառեն:

            – Արմենա՛կ, անցեալին մատղաշ աղջիկներու մայրերը եւ աղջիկները իրենք, կանուխէն օժիտ կը պատրաստէին, տեսակաւոր ասեղնագործութիւններ: Երբ տունմնայ ըլլային, օժիտի սնտուկները կը բանային, իրենց շնորհները կը փռէին, կը յուզուէին, կու լային, յետոյ կը հաւաքէին այդ ամէնը եւ սպասման սնտուկ կը դնէին:

            – Այդպէս է մեր կեանքը, սնտուկի մէջ մնացած եւ չհինցած օժիտի պատմութիւն, եւ վէճ, իսկ մոլորակը կը թաւալի եւ ճամբու եզրին մնացողը երազ եւ դառնութիւն ծամելով դիրքատիրութեան համար քրէտի կը փնտռէ, որուն համար հարկաւոր որակը սիւփերմարքէթի եւ մոլի մէջ չի ծախուիր,- դառնութեամբ եզրակացուց Կեդրոնականցին:

            Երբ Արմենակ գնաց, ես ինծի հարց տուի, թէ ինչո՞ւ իրատես Կեդրոնականցին չի համոզուիր, որ զինք լսող չկայ, փոքրացած Հայաստանի եւ անծայրածիր սփիւռք(ներ)ի բան չըսող աղմուկին մէջ:

 

Մակար ի Գաղիա, 14 սեպտեմբեր 2020

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles