ԵՐԵՒԱՆ.- Օգոստոսին 21-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ընդունեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեանը: Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան:
Յարութիւնեան բարձր գնահատեց Հ.Յ.Դաշնակցութեան կատարած հետեւողական աշխատանքը համահայկական հարցերու լուծման առումով` յատկապէս ընդգծելով Արցախի անկախութեան կերտման դժուար ճամբուն վրայ եւ հետագայ ձեռքբերումներուն մէջ կառոյցին ներդրած զգալի աւանդը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան լիբանանահայութեան աջակցելուն, անհրաժեշտութեան պարագային` անոնց հայրենադարձութեան կազմակերպման, ինչպէս նաեւ հայրենիքի անվտանգային համակարգին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն վերաբերող շարք մը առանցքային հարցեր:
Արմէն Ռուստամեան հանրապետութեան նախագահին ներկայացուց նաեւ նախորդ տարի Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումին ընդունած հռչակագիրին դրոյթները: Արայիկ Յարութիւնեան հաստատեց, որ հետեւողական պիտի ըլլայ ազգային ու պետական շահերու պարունակին մէջ զանոնք կեանքի կոչելու գործին մէջ: