Ուրբաթ, Oգոստոս 14-ին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի լրիւ կազմերը, Բիւրոյի հրաւէրով գումարեցին առցանց միացեալ ժողով մը: Ժողովի օրակարգը կ՛ընդգրկէր Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով յառաջացած աղէտէն ետք Լիբանանի ներքաղաքական կեանքին ապրած հոլովոյթը, լիբանանահայութեան իրավիճակին ու այս ծիրին մէջ ծաւալուող համահայկական օժանդակութեանց ծրագիրներն եւ աշխատանքները:
Նախ եւ առաջ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան համապարփակ ձեւով անդրադարձաւ միջազգային, պետական եւ դիւանագիտական հարթակներու վրայ Բիւրոյի եւ Հայ դատի յանձնախումբերու գործունէութեան եւ լոպիինկի աշխատանքին` մեծ պետութիւններէ Լիբանանին նպաստ ապահովելու առաջադրանքով: Ապա ան ներկայացուց լիբանանահայութեան վերականգնումին համար տարբեր երկիրներու մէջ կազմակերպուած նուիրահաւաքի եւ օժանդակութեանց աշխատանքները` հաստատելով, որ բոլոր շրջաններն ալ հետեւողական ու կազմակերպ գործի անցած են: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ողջունեց Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի ստեղծումը եւ մաղթեց, որ ան յաջողի իր ժողովրդանպաստ առաքելութեան մէջ:
Ապա, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի զեկուցեց Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական ներկայ ճգնաժամի մասին, որմէ ետք Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը եւ Կեդրոնական կոմիտէի օժանդակութեանց աշխատանքներու այլ մարզերու պատասխանատու ընկերներ ներկայացուցին լիբանանահայութեան կրած վնասներու ընդհանուր նախնական գնահատումը եւ ցարդ կատարուած ու ծրագրուած աշխատանքերու մասին տեղեկութիւններ:
Միացեալ ժողովը գնահատեց համահայկական տարողութեամբ Լիբանանի հայութեան կողքին կանգնելու եւ գործնապէս օժանդակելու համայն հայութեան պատրաստակամութիւնը: Յատուկ գնահատանքի արժանացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին կոչն ու հոգածութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը, Հայ օգնութեան միութեան առանցքային դերը, Հ.Յ.Դ. երիտասարդական-ուսանողական եւ ուղեկից միութիւններու նախաձեռնութիւնները, հայ հոգեւոր պետերու եւ համահայկական կազմակերպութիւններու ստեղծած զօրաշարժը:
Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյին եւ տարբեր երկիրներու Հ.Յ.Դ. կազմակերպական մարմիններու յայտնած նեցուկին եւ արագ կիրարկած նախաձեռնութիւններուն: Իսկ Հ.Յ.Դ. Բիւրոն վերահաստատեց, որ ճգնաժամային այս փուլին Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը, իր համահայկական ընտանիքով, պիտի շարունակէ Լիբանանի հայութեան ցուցաբերել ամբողջական զօրակցութիւն:
Հ.Յ.Դ. ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ