ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ
Ազգային գաղափարախօսութիւնը հասկնալու համար կը դիմենք պատմական մեր աւանդներուն, մշակութային մեր արմատներուն եւ անցեալին հաստատուած մեր արժէքներուն: Այս բոլորը, անշուշտ, անհրաժեշտ տուեալներ են ազգը ճանչնալու համար: Հիմնական այս տուեալներէն անդին, անտարակոյս, կան նաեւ ազգը ճանչնալու եւ ազգային գաղափարախօսութիւնը մեկնաբանելու՝ ժամանակակից մեր կեանքին կապուած արժէքներ: Յստակ է միտքը, ազգը անցեալին մէջ մեկուսացուած արժէք մը չէ, այլ զարգացում մըն է ներկային մէջ:
Ազգին էականութիւնը կ՚արժեւորուի իր գոյութեան մէջ։ Ոչ ոք կրնայ անտեսել այն ճշմարտութիւնը, որ հայ ազգը այսօր ապրող իրականութիւն է, կ’ապրի ներկայ իր միջավայրին մէջ, ունի քաղաքական իր ենթակառոյցը, հայրենի հողը եւ, մանաւանդ, շարունակական զարգացման իր ընթացքը։ Մշակութային արմատներով եւ պատմական իր անցեալով սահամանուելէ անդին, հայ ազգը կը պատկերուի նաեւ ներկայ իր կեանքով, եւ այդ կեանքին մէջ պարփակուող քաղաքական արժէքներով, մարդկային իրաւունքներով, ժողովրդավար կենցաղով եւ, մանաւանդ, քաղաքական ենթաակառոյցին մէջ հաստատուած կեանքին խարիսխով: Բնական է հետեւցնել, որ ներկայ այս կեանքը կը կառուցուի մեզմով, մեր առօրեայ եւ բնական յարաբերութիւններով եւ կը բնորոշէ մեր ազգին գոյութիւնը։ Հայ ազգը ներկայի մեր կեանքն է, արմատացած մեր մշակութով եւ բնորոշուած մեր կենցաղով։ Հայ ազգին էականութիւնը կը բնորոշուի ներկայ իր գոյութեամբ եւ կը զարգանայ կառուցողական մեր յարաբերութիւններուն մէջ։ Մենք ենք որ կը կառուցենք, կ՚իմաստաւորենք ազգը մեր սովորական կեանքով, ողղութիւն կու տանք անոր ապագայ զարգացումին առանց կաղապարելու ազգը անցեալի իր փառքերուն մէջ:
Հետեւաբար, հայ ազգի գոյութիւնը կ’արժեւորուի այսօր ոչ միայն իր աւանդներով, իր անցեալի փառքերով, սովորութիւններով, մշակութային արմատներով, այլ նաեւ իր ներկայ կենցաղով, մարդկային իրաւունքներով, ժողովրդավար իր հասկացողութեամբ ու յատկապէս քաղաքական իր ենթակառոյցով։ Հայ քաղաքական միտքին ծանօթ է արդէն, որ իշխանութիւնը չի պայմանաւորեր ազգը։ Լաւագոյն պարագային կրնայ ճամբայ հարթել անոր զարգացման ընթացքին եւ արդիական քաղաքական սահմանումին։
Ազգային գաղափարախօսութիւնը կաղապարուած եւ միատեսակ միտք չէ: Այնպէս կը թուի, որ մենք վարժ չենք քաղաքական ներկայ հետաքրքրութիւններով յառաջ տանելու մեր ազգը: Բաղդատական է մերը միայն, առանց էական հարազատութեան: Առանց կառուցողական բարեփոխումներու ենթարկուող շարունակական զարգացումի մը ընկալումին: Ընդունինք որ կարելի չէ մեր նոր սերունդին ազգային դաստիարակութիւն տալ հիմնուելով անցեալին եւ աւանդութիւններուն վրայ կամ ազգային էականութիւնը կաղապարող մտքերուն վրայ…կարեւոր է նաեւ որ նոր սերունդի միտքին մէջ բիւրեղանան հայ ազգի ժամանակակից ուժական կարելիութիւնները:
Հայ ինքնութեան արմատաւորումը իր շարունակական բարեփոխման վերակերտումն է: Այնքա՜ն ընդարձակ ու լայն է հայ ինքնութիւնը, բազմազան եւ խճողուած պատմութիւններու իր հարստութեամբ: Հետեւաբար, ազգային ինքնութիւնը կարելի չէ կաղապարել անցեալին մէջ, վարժութիւններու կրկնութեան մէջ, այլ անիկա ապրող ժողովուրդ է, ցասում եւ կիրք է անմիջական ներկային մէջ: Մեր սեփական ակունքներուն վրայ կառուցուող ու յարատեւ զարգացող ու բարեփոխուող ինքնութիւնն է որ կը տեղաւորուի մեր, եւ յատկապէս նոր սերունդի, մտքին մէջ: Զարգացող այդ միտքն է որ ճամբայ կը բանայ արդի ժամանակներու ներուժ ազգային նկարագրին:
ՀՅԴ Ծրագիրը կը հաստատէ արդէն, որ ազգը «հիմնական արժէք է եւ էական գործօն՝ համամարդկային զարգացման ու հոգեմտաւոր բազմակողմանի հարստացման:» Թէ’ համարդկային եւ թէ ներազգային պարունակին մէջ, բանալի բառերը հոս զարգացում եւ հարստացում բառերն են: Դաշնակցութիւնը շատոնց ըսած է, որ զարգացումը չի կաղապարուիր անցեալով, որովհետեւ ընկերվարական միտք է եւ որովհետեւ ազգը աւելի շատ իր ներկային մէջ կ՛ապրի քան անցեալին:
Հերեւաբար, մենք չենք կրնար ազգին էականութիւնը անիրական եւ երեւակայական պատկերացումներով տեղաւորել մեր երիտասարդ սերունդի մտքին մէջ: Ընդունինք ի վերջոյ, որ ազգային գաղափարախօսութիւնը ներկայի կեանքն է, կը պարփակէ իր մէջ ժամանակակից քաղաքական արժէքներով գործող մարդը, մարդկային զարգացման կենսունակ միջավայրը, անհատին տնտեսական բարգաւաճման անկաշկանդ հնարաւորութիւնները, ժողովրդավար լիակատար հաղորդակցութիւնը եւ քաղաքական ենթակառոյցին մէջ անհատին զարգացման առաւելագոյն կարելիութիւնը: Ազգային հասկացողութիւնը, ուրեմն, քաղաքական շարունակական զարգացում է, կեանքի ռազմավարութիւն մը: Ժամանակակից քաղաքական միտքը առաջնահերթ գծի վրայ կը դնէ ազգին ապագայ զարգացման դիտարկումները, կեանքի ներկայ հոսանքին թաւալումները ու լայնատարած եւ միեւնոյն ատեն խորքային զարգացման ուղղութիւնները: Այդ միտքը յաճախ դուրս կու գայ ազգի ընթացիկ սահմանումէն, ձեւակերպելու համար ազգին գաղափարախօսութիւնը՝ հարուստ իր այլաբանութեամբ եւ այլազան մեկնութիւններով: