ՊԷՅՐՈՒԹ․- Երեքշաբթի Օգոստոս 4-ի երեկոյեան, ահաւոր պայթում մը ցնցած էր Լիբանանի մայրաքաղաքը։ Ըստ հաւաստի աղբիւրներու՝ նաւահանգիստը ամբողջովին քանդուած է։
Նաւահանգիստին մօտակայ, հայահոծ Պուրճ Համմուտն ալ մեծ վնասներ ստացած է։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, քանի մը միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ Պուրճ Համմուտի հայահոծ թաղամասերը:
Նորին Սրբութիւնը տեղւոյն քաղաքապետին եւ պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ շրջեցաւ թաղերը, հանդիպում ունեցաւ վիրաւոր հայորդիներու հետ, օրհնեց զանոնք ու բարի ապաքինում մաղթեց անոնց եւ մօտէն ծանօթացաւ տիրող կացութեան:
Վեհափառ հայրապետին ընկերակցեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամներ Յակոբ Խաչերեան, Բենիամին Պչաքճեան եւ Հ․Յ․Դ․ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ:
Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Լիբանանի Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, ուր ան հետեւեցաւ վիրաւորներուն մատուցուած խնամքին: Ան այցելեց նաեւ Հայաշէնի ժողովրդային տուն եւ «Ազատամարտ» ակումբ, ուր ան ծանօթացաւ վնասներուն:
«Շաղզոյեան» կեդրոնը, անոր մէջ գործող զանազան կառոյցներու գրասենեակները եւ բաժանմունքները նիւթական ծանր վնասներու ենթարկուեցան: Բոլոր գրասենեակներուն դռներուն ու պատուհաններուն ապակիները փշրուեցան, մեծ վնասներ կրեցին Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի, Հ․Յ․Դ․ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակները եւ ժողովասրահները: Մեծ վնասներ կրեցին նաեւ «Ազդակ»-ի խմբագրատան, «Վանայ Ձայն»-ի, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի, Կեդրոնական վարչութեան եւ «Բագին»-ի գրասենեակները: Պայթումին ճնշումէն փշրուած Են դռներուն ու պատուհաններուն ապակիները, նաեւ ամբողջութեամբ պոկուած են փեղկերը: