Յուլիսի վերջին օրն էր: Ամառը նստած էր պարտէզի թզենիին, դդումի եւ լոլիկի տունկերուն վրայ, որոնք կը սպասէին արեւի թեքումը՝ ջրտուքի համար: Ցերեկները երկար են: Արմենակ եւ էլպիս նման օրերուն կու գան Փարիզի սուրբ Լուդովիկոս կղզիի հռչակաւոր պաղպաղակով:
Կլոպ թրոթըր Կեդրոնականցին յաճախ Լիբանան այցելած է իր վաղեմի դասընկեր ոսկերիչ Արթաքիի հրաւէրով եւ ծանօթացած բազմաթիւ հայերու: Ներկայի խռով օրերուն յաճախ կը յիշէր զանոնք եւ կը տխրէր անոնց դժուարութիւններուն համար:
Շոգին դէմ պայքարելու համար գարեջուր կը վայելէինք, Արմենակ պատմեց.
– Հոն ծանօթացայ Մակիրեան Ճորճին, անոր տիկնոջ՝ Սինթիային եւ աղջիկներուն, Սելիային եւ Ճենիֆըրին: Տանտէր Ճորճը ոսկերչական գործիքներ կը վաճառէր: Երեք օր առաջ Սինթիա ուաթս-ափով խօսեցաւ եւ պատմեց երկրի դժուարութիւնները: Գործերը կեցած էին, դրամի նեղութիւն ունէին: Օգնութիւն խնդրեց, 200 տոլար: Ըսի, որ քանի մը օր սպասէ եւ ձեւ մը գտնեմ դրամ ղրկելու:
– Յետո՞յ:
– Այսօր, երկուշաբթի, ֆէյսպուք-ի վրայ տեսայ Սինթիան եւ իր աղջիկները, պերճ հիւրանոցի մը կռթնած ծովափին, երջանիկ վիճակի մէջ: Ըսած էին, որ նման ծովափի մը օրուան երջանկութեան համար մեծ գումար պէտք է վճարել: Խորհած էի, որ Սինթիան 200 տոլար ուզած էր հացի կամ բժիշկի համար: Եթէ կրնար այնքան ծախսել իր աղջիկներուն հետ ծովափնեայ քաղքենի հաճոյքի համար, ինչո՞ւ ինձմէ օգնութիւն կ’ուզէր: Եթէ ծով չերթան, չեն մեռնիր:
– Պէյրութ հացի եւ ջուրի չափ կարեւոր է ծովափ երթալ, պրոնզէ ըլլալ, ցուցադրուիլ եւ պատմել,- ըսի իմ կարգիս:
– Հոս չեկած հեռաձայնեցի Սինթիային: Ըսի, որ ֆէյսպուք-ի վրայ տեսայ ծովափի իրենց պատկերները, եւ չվարանեցայ ըսելու, որ նեղութեան մէջ եղողին համար այդ բոլորը միթէ՞ սուղ հաճոյք չեն: Կրնային անկէ հրաժարիլ եւ իրենք զիրենք չզրկել անհրաժեշտէն: Պահ մը լռելէ ետք, Սինթիա ըսաւ, որ անհրաժեշտը ունէին, 200 տոլարը շալէ վարձելու համար էր, որպէսզի ուրիշներէ ետ չմնային, աղջիկները ուզած էին:
– Այդքա՜ն աներե՞ս եւ թեթեւսոլի՞կ էր հաւնած Սինթիադ: Ի՞նչ ըսիր:
– Կոպտօրէն պատասխանեցի, որ 200 տոլարով մենք ալ կրնանք Մառնի եզերքի ճաշարաններէն մէկը երթալ եւ ուրախանալ: Աւելցուցի. ցտեսութիւն: Կարճ կապեցի անհամ բաներ չըսելու համար: Կեդրոնականցիին լեզուն իր գրպանը չէ:
Լռեցինք: Պերճանքի համար օգնութիւն կը խնդրուէր…
Այսքա՞ն այլասերած է իրար օգնութեան մարդասիրական ըմբռնումը:
Թէ՞ այլասերած ենք զբօսի գերի դառնալով:
Կեդրոնականցիական այս արկածախնդրութիւնը հնարուած չէ:
Ոմանք իրապէս հացի եւ դեղի պէտք ունին: Սինթիա, Սելիա եւ Ճենիֆըր հացի եւ ջուրի պէս շալէի պէտք ունին:
Կեդրոնականցին 200 տոլար պիտի ղրկէ դպրոցներուն:
Մակար ի Գաղիա, յուլիս 2020-ի վերջին օրը