ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԱԼԵՔՔՕ ԵՒ ԱՆԻ ՊԷԶԻՔԵԱՆ ՄԷԿ ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՅԱՏԿԱՑՆԵՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ 

0 0
Read Time:26 Second

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկացնէ, թէ Վեհափառ Արամ Ա.-ի գահակալութեան 25-ամեակին առիթով, ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցաբար, եւ նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապը, մէկ միլիոն տոլար պիտի յատկացնեն, որպէս օժանդակութիւն Լիբանանի հայ համայնքի կարիքաւոր ընտանիքներուն։

Վեհափառ Հայրապետին հովանաւորութիւնն ու oրհնութիւնը վայելող սոյն ծրագիրը պիտի իրագործուի Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ կազմուած յատուկ յանձնախումբի մը ճամբով։

Ծրագիրը պիտի տարածուի հինգ ամիսներու վրայ (Յուլիսէն Նոյեմբեր 2020)։ Իւրաքանչիւր ամիս երեք հազար ընտանիքներ պիտի օգտուին ծրագրէն։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles