ՄԱՐԴՆ ՈՒ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ.- Արամ Ա. Վեհափառի ընտրութեան 25-ամեակը

0 0
Read Time:3 Minute, 7 Second

Եթէ ղեկավարները տարբեր գործէին, պատմութեան ընթացքը տարբե՞ր պիտի ըլլար։ Թերեւս այս դարաշրջանի գերարդիական համակարգիչները կարենան լուծել փիլիսոփաներ, պատմաբաննր եւ գրագէտներ չարչարած առեղծուածը։ Լեւ Թոլսթոյը, իր գլուխ գործոց՝ «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» հռչակաւոր գործի վերջաբանին մէջ, պնդած է, որ պատմութեան յառաջընթացքը ապահովող ուժերը կ՚աւլեն-կը տանին մեծ զօրավարներն ու իրենց բանակները, մարտավարութիւններն ու գործողութիւնները։

Թոլսթոյ զարմանալիօրէն նախատեսած էր պատմական որոշադրականութիւնը (determinism) որ պիտի ձեւաւորէր իր հայրենիքին մտածելակերպը յաջորդ մէկ դարուն՝ խորհրդային կառավարութեան մարքս-լենինեան գաղափարախօսութեան ազդեցութեան տակ։ Այսպէս, ան առաջադրած է, որ անխուսափելի էր Նափոլէոնի ձախողութիւնը՝ Ռուսաստանը պարտութեան մատնելու իր փորձին մէջ։ Ոեւէ զօրավար կամ կայսր չի կրնար ազդել այն գործօններուն վրայ, որոնք արդէն ձեւաւորած էին այդ դէպքերը, որոնց ընթացքը որեւէ ձեւով պիտի չփոխէին ֆրանսական զօրքերուն ուժը եւ գորսիքացի զօրավարին կամքը։

Թոլսթոյի քննարկումները չհամոզեցին փիլիսոփայ Այզայա Պերլինը, ինչպէս ան գրած է իր կարճ բայց հռչակաւոր փորձագրութեան մէջ՝ «Ոզնին եւ աղուէսը»։ Փիլիսոփաներու եւ պատմաբաններու երկար շարքի մը անլոյծ ձգած հարցին պատասխանը մեր հասողութենէն վեր է, սակայն կրնանք բարձրաձայն խորհրդածել, թէ արդեօք բռնուած ենք Պատմութեան նենգ, բռնաւոր ծովերուն ու հովերուն ողորմութեան յանձնուած նաւերու մէ՞ջ ։

Ինչպէս 20րդ դարու պատմութիւնը սորվեցուցած ըլլալու է մեզի՝ պատասխանը հաւանաբար ժխտական է։ Մարդիկ տարբերութեան պատճառ եղած են՝ թէ՛ աւելի լաւի ու թէ՛ աւելի վատի ուղղութեամբ, ինչ որ նաեւ կիրարկելի է հայոց պարագային։ Հաւանական է, որ արեւուն տակ տեղ չունենայինք իբրեւ ազգ՝ իր սեփական հայրենիքով, եթէ Եղեռնէն ետք մեր ժողովուրդի վերածնունդը առաջնորդող սերունդները չըլլային։ Անոնք կ՚ընդգրկեն 25 տարի առաջ գահ բարձրացած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախորդները։ Անոնք՝ Սահակ Բ. (1915ին Սսոյ պատմական աթոռի տեղափոխումը վկան, որուն վիճակուեցաւ իր հօտը վարելու տառապալից գործը՝ տեղահանութեան եւ ցեղասպանութեան օրերուն), Բաբգէն Ա., Պետրոս Դ., Գարեգին Ա., Զարեհ Ա., Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ., ապահովեցին մեր պատմութեան հնագոյն ու անընդհատ գործող հաստատութեան՝ Հայ Եկեղեցւոյ այս պատմական աթոռին շարունակականութիւնը։

Արամ Վեհափառը, որուն եկեղեցական երկարատեւ գործունէութիւնը նաեւ ընդգրկած է Լիբանանի քաղաքացիական եղբայրասպան պատերազմը, օտար չէ իր հայրենիքին եւ այն հողի տառապանքին, ուր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը վերականգնած է, պատրաստելով հոգեւորականներու հոյլ մը, որ կ՚առաջնորդէ աշխարհի ամէն կողմ բազմացած մեր ազգը։

Արամ Վեհափառի աշխատութիւններուն մասնակի քննութիւնը արդէն ցոյց կու տայ եկեղեցական ու պատմական ոլորտներու հանդէպ անոր հետաքրքրութիւնը։ Կը բաւէ յիշել անոր քանի մը անգլերէն հատորներուն խորագիրները. «Հայ Եկեղեցւոյ վկայութիւնը սփիւռքեան իրավիճակի մը մէջ» (1978), «Ուղղափառ տեսակէտներ առաքելութեան մասին» (1992), «Եկեղեցի ըլլալու մարտահրաւէրը յարափոփոխ աշխարհի մը մէջ» (1997), «Յիսուս Քրիստոս՝ Աստուծոյ Որդին, Մարդու որդին» (1999), «Ի խնդիր Եկեղեցիի մը՝ իր պատերէն անդին» (2006) եւ «Հայ Եկեղեցին» (2016)։ Իսկ «Դէպի էքիւմենիք բարոյական մը՝ ի խնդիր կայուն ընկերութեան մը կայուն արարչութեան մը մէջ» (1994) գործը մեզի կը յիշեցնէ իբրեւ քրիստոնեայ ղեկավար անոր մշտապէս արծարծած նիւթերէն մէկը՝ միջ-եկեղեցական յարաբերութիւնները։

25 ամեայ գահակալութեան ընթացքին, Արամ Վեհափառ անխոնջ կերպով նուիրուած է Եկեղեցւոյ հիմքերը ամուր պահելու գործին՝ ընդդէմ անխուսափելի հարուածներուն, որոնք առօրեայ դէպքերէն կու գան, որուն համար նաեւ աճեցուցած է միաբանութեան անդամներուն թիւը աննախընթաց կերպով։ Թերեւս ոեւէ սերունդ ընկերային արժէքներու եւ սովորութիւններու այսպիսի արագ փոփոխութեան մը ենթարկուած չէ, ինչ որ քիչ բան չի պարտիր արհեստագիտական անհաւատալիօրէն արագ յառաջընթացին։ Սակայն, մարդկային հոգին չէ փոխուած եւ միշտ կարիքը ունինք Եկեղեցւոյ մատուցած առաջնորդութեան՝ աստուածային շնորհքին հետեւող իր առաքելութեամբ։

Այսուհանդերձ, Եկեղեցին նաեւ այս աշխարհին կը պատկանի, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը պատկանի հայերուն, յատկապէս անոնց, որոնք ցեղասպանութենէն դար մը ետք տակաւին դարմանումի եւ արդարութեան կարօտ են։ Այդ նպատակով, Արամ Վեհափառը դատի տուած է թրքական պետութիւնը՝ Սիսի պատմական Աթոռի վերադարձին ի խնդիր, որ 1921ին բռնագրաւուեցաւ՝ երեսնամեայ ցեղասպանութեան վերջին փուլին։ Եւ քայլ պահած է մեր ապրած ժամանակին հետ, 2013էն սկսեալ տարեկան հռչակագիրներով յիշելով այն երեւոյթները, որոնք մեր ինքնութիւնը կը սահմանեն եւ մեր կեանքերը արժանի կը դարձնեն ապրուելու. «Մայրը», «Սուրբ Գիրքը», «Հայ Գիրքը», «Ծերերը» եւ, այս տարի, «Յատուկ Կարիքներ ունեցող Հայերը»։

Բոլորս նոյն նաւուն մէջ կրնանք ըլլալ, պատմութեան եւ մեր ազգի թշնամիներու քմայքներուն դէմ յանդիման, բայց Արամ Վեհափառը ունինք ղեկի ետին, իսկ անոր հետ՝ մեր Եկեղեցին, որ 1700 տարուան ընթացքին մեր ապահով նաւահանգիստն ու անառիկ տունը եղած է։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles