Կիրակի, Դեկտեմբեր 22-ին, Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին կազմակերպած էր իր առաջին Սուրբ Ծննդեան համերգը եկեղեցւոյ կամարներուն տակ։ Սրբազան եւ աշխարհիկ՝ Ծննդեան յատուկ երաժշտութեան այս ձեռնարկը կը ներկայացնէր զանազան հայ թէ օտար երգահաններու (Շառլ Կունօ, Քրիստոֆէր ֆոն Կլիւք, Ռիչըրտ Ռոճըրզ, Կոստանդին Պետրոսեան, Խորէն Մէյխանէճեան, եւ այլքի) գործեր, Մայր Եկեղեցւոյ դպրապետուհի, տաղանդաւոր սոփրանօ՝ Անահիտ Զաքարեանի, եւ խոստմնալից երիտասարդ սոփրանօ՝ Անահիտ Ինճիկիւլեանի մեկնաբանութեամբ։ Անոնց կ՚ընկերանար յայտնի դաշնակահար եւ երգահան Հայկ Արսէնեան, որ նաեւ Փիոթր Չայկովսկիի, Ֆրանց Շուպէրթի եւ Էնրիքէ Կրանատոսի գործեր կատարեց։
Ձեռնարկը, զոր կը վարէր հոգաբարձութեան ատենապետ տիար Արմէն Մորեան, կը վայելէր թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հովանաւորութիւնը։ Անուշաւան Սրբազան Հօր եւ Տ. Մեսրոպ քհն. Լագիսեանի հետ, ներկայ էր նաեւ երգահան Խորէն Մէյխանէճեան։ Համերգէն ետք, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը «Բաշալեան» սրահին մէջ։
Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, նախագահեց Ս. Պատարագին, զոր մատուցեց Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագի աւարտին, նշուեցաւ Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայ սարկաւագի տօնը։ Այս արարողութեան ընթացքին, Հայ Եկեղեցւոյ սարկաւագները իրաւունք ունին կրելու սաղաւարտը։