ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ԼԵՌԸ

0 0
Read Time:7 Minute, 28 Second


ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Ժամանակ»
Ամերիկեան Ռաշմոր լերան վրայ պատկերուած նշանաւոր արձանախումբը արդեօք արուեստի գո՞րծ է, թէ՞ դրամ շահելու յաւելեալ աղբիւր: Արձանախումբը, իր գոյութեան ութսուն տարիներուն ընթացքին բնութեան նախնական եւ անապական վիճակը խաթարած է, որովհետեւ ժամանակին այս հսկայական արձանները ստեղծելու համար բնութեան մէջ պայթուցիկ ուժանիւթ գործածուած է, որպէսզի ժայռաբեկորները ճեղքուին: Այս մտածումները օրերս շրջանառած են բնապահպանական միջազգային կազմակերպութիւնները, որոնք պայքարի սկսած են վայրի բնութեան մէջ յառաջիկային ստեղծուելիք արհեստական յուշարձաններու կառուցումը կանխելու համար: Կանաչն ու լեռը վնասող արձաններ կան աշխարհի բոլոր ծայրերը եւ ճարտարապետները չգոհանալով քաղաքին մէջ արձաններ կանգնեցնելու գայթակղութենէն, հսկայական արձաններ կը ցցեն նաեւ բնութեան մէջ: Ռաշմորի ազգային քանդակներուն ստեղծման եւ նոյնանման նախագիծերու իրագործման ժամանակ վնասուած է աշխատողներուն առողջութիւնը, քանի որ քիմիական նիւթեր կը գործածուին՝ կարծր ապառաժը մասերու բաժնելու համար:
Ռաշմոր լերան ազգային յուշարձանը, որ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Հարաւային Տաքոթա նահանգի Քիսթոմ քաղաքին մօտակայքը, Սեւ լեռներուն մէջ, երկար ժամանակ կը գնահատուէր իբրեւ աշխարհի ամենամեծ դիմաքանդակը: Հիմա աւելի մեծերը յայտնուած են աշխարհի այլ կողմերը, օրինակ՝ Չինաստան եւ Ծայրագոյն Արեւելքի այլ վայրերը: Ռաշմոր լեռը յայտնի է Միացեալ Նահանգներու չորս նախագահներու՝ Ճորճ Ուաշինկթընի, Թոմաս Ճեֆըրսընի, Թէոտոր Ռուզվելտթ եւ Ապրահամ Լինքըլնի (ձախէն աջ հերթականութեամբ) հսկայական դիմաքանդակներով, որոնք քանդակուած են հատաքարէ ապարի վրայ՝ 18.6 մեթր բարձրութեամբ: Դիմաքանդակներէն ամէն մէկը շուրջ 18 մեթր բարձրութիւն ունի: Նախքան Ամերիկայի գաղութացումը՝ այս լեռը, տեղաբնակ ցեղերուն լեզուով, կը կոչուէր «Վեց նախահայրեր», բայց 1930 թուականին վերակոչուեցաւ Չարլզ Ռաշմորի՝ ամերիկեան ձեռնարկատիրոջ անունով: Չարլզ Ռաշմորն էր, որ 1885 թուականին կազմակերպած էր այս շրջանը ոտք դրած առաջին արշաւախումբին այցը: Ան նախագահներու քանդակին համար յատկացուցած է 5 հազար ամերիկեան տոլար, որ այն ժամանակ Միացեալ Նահնագներու մէջ մեծ գումար էր:
Յուշարձանի ստեղծման գաղափարը Ռաշմորին յուշած է տեղացի պատմաբան մը, իսկ նպատակը զբօսաշրջութեան զարգացումն էր Հարաւային Տաքոթայի մէջ: Նախաձեռնութեան հեղինակները քանդակին համար ընտրեցին այս նախագահները, քանի որ անոնք կը խորհրդանշէին Ամերիկայի պատմութեան առաջին հարիւրյիսուն տարիներն ու հանրապետական ոգին:
Քոնկրէսի կողմէ արտօնութիւն ստանալէ ետք արձանագործ Հաթսըն Փորկլում 1925 թուականին սկսաւ աշխատանքներուն, որոնք շարունակուեցան շուրջ տասնչորս տարի եւ արժեց 1 միլիոն ամերիկեան տոլար: Հաթսըն Փորկլում որպէս մարգարէութիւն ըսած էր. «Ամերիկան շարասիւներով կը քալէ այս հորիզոնով»: Իրապէս, տարածքը մարդոց պակաս չ՚ունենար ոչ մէկ եղանակի: Կարծր լերան վրայ աշխատանքները դիւրին չեն ընթացած: Պայթեցումներուն ժամանակ ապարի խոշոր կտոր մը պոկուած էր, այդ պատճառով ալ Թէոտոր Ռուզվելտթ գլուխը իր դիրքով միւսներէն աւելի խոր է: Քանդակներուն վրայ աշխատած են աւելի քան չորսհարիւր մասնագէտներ։ Անոնք ուժանիւթով պայթեցնելէ ետք ժայռերը յղկած են մուրճերով եւ հատիչներով: Երբ աւարտած է պատմական յուշարձանը, Ռաշմոր լեռը համաշխարհային համբաւի տիրացած է:
Ամէն տարի շուրջ երեք միլիոն մարդ կ՚այցելէ՝ տեսնելու ազգային յուշարձանը, բայց բնապահպանները բնաւ գոհ չեն այս աշխուժութենէն: Լեռը լուացող հեղուկներով անընդհատ կը մաքրուի լեռնագնաց պահապաններու կողմէ, որոնք կը սրբեն անոր բնական մակերեսը, մանաւանդ քարաքոսերէն պաշտպանելու համար: Ռաշմորի քանդակներուն վրայ միշտ քարաքոսերու աճ կայ, ինչ որ մէկ կողմէն օգտակար է բնութեան, իսկ միւս կողմէն՝ կրնայ հողի վերածել պատմական արձանը: Բնապահպանները կողմնակից են, որ քարաքոսերը մնան բնական միջավայրի մէջ, քանի որ հիւսիսային թռչող սկիւռը քարաքոսերը կը գործածէ բոյն սարքելու, սնուելու համար եւ որպէս ջուրի աղբիւր՝ ձմրան:
Բայց Միացեալ Նահնագները մեծ ջանքեր կը գործադրեն մաքուր եւ լերկ վիճակի մէջ պահպանելու համար ժողովուրդին մէջ Նախագահներու լեռը անունով նշանաւորուած ազգային այս յուշարձանը: Ամէն երեկոյ երկու ժամով կը լուսաւորուի սարը եւ երեկոյեան այցելուներուն առջեւ գեղեցիկ պատկեր կը պարզէ: Արդէն իսկ յստակ պատկերուած դէմքերը աւելի կը յստակենան երեկոյեան լոյսերուն ազդեցութեամբ:
Մինչ շատեր այս յուշարձանը կը նկատեն Միացեալ Նահնագներու առաջնորդներու վեհութիւնը պատկերող նմոյշ մը եւ ամերիկեան ժողովրդավարութեան զարգացման խորհրդանիշ, անդին զանազան ժամանակներու ընթացքին միշտ եղած են յուշարձանին դէմ արտայայտուողներ, որոնց հաճելի չեն եղած քարերու արանքէն նայող նախագահներուն դէմքերը: Քննադատողները ամայի ու անբնակ նկատած են վայրի բնութեան մէջ ազգային խորհրդանիշներու հսկայական գոյութիւնը:
Արձանը մէկ անգամ եւս քննադատութեան թիրախ դարձաւ այն ժամանակ, երբ Միացեալ Նահանգներու նոր ընտրուած նախագահ Տանըլտ Թրամփ ցանկութիւն յայտնեց իր արձանն ալ տեսնել միւս արձաններու կողքին: Յետագային ան խոստովանեցաւ, թէ կատակ էր ըսուածը, բայց համացանցին մէջ շուտով պատկերեցին անոր գլուխը՝ Ռաշմոր լերան վրայ: Թրամփ գոհ էր այդ համադրումէն:
Տարեկան միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներ զանազան դիրքերէ կը նկարեն արձանախումբը, նաեւ՝ Ապրահամ Լինքըլնի գլուխին ետեւ գտնուող գոց սենեակին դուռը, բայց երբեք չեն կրնար մուտք գործել այդ գաղտնի խցիկը: Արձանագործ Հաթսըն Փորկլում փափաք ունէր արձաններուն ետեւը ստեղծել յիշողութիւններու սենեակ մը, ուր Միացեալ Նահնագներու պատմութիւնը պիտի ամփոփուէր: Սենեակը փորուած էր, բայց արձանագործը մահացած է, եւ անոր մտայղացումը ուրիշներ շարունակած են՝ սենեակը անուանելով «ժամանակի պարկուճ»: 1998 թուականին կարեւոր փաստաթղթերու կրկնօրինակներ եւ նախագահներու գրառումներ տեղակայուած են այդ քարանձաւին մէջ, որ խորհրդաւոր ու գաղտնի կը մնայ այցելուներուն համար: Ամերիկացիներ կը պահանջեն բանալ սենեակը, քանի որ հոն պահուող պատմութիւնը նաեւ իրենց պատմութիւնը կը նկատեն:
1937 թուականին, երբ արձանախումբի աշխատանքները չէին աւարտած, Միացեալ Նահանգներու մէջ բողոքներ բարձրացան: Բողոքողները կ՚առաջարկէին դէմք մը եւս աւելցնել Ռաշմորի վրայ եւ այդ մէկը պիտի ըլլար կիներու իրաւունքներուն համար պայքարող գործիչ Սիւզըն Էնթընին: Այդ առումով օրինագիծ մը ղրկուեցաւ Քոնկրէս: Բայց Համաշխարհային պատերազմը կը շարունակէր եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ կար մեծ ճգնաժամ, ուստի գումարներ չըլլալուն պատճառով Քոնկրէսը հաւանութիւն չտուաւ կին գործիչի քանդակի տեղադրման Միացեալ Նահանգներու նախագահներու կողքին, հակառակ անոր, որ հաստատեց Սիւզըն Էնթընիին դերը՝ ամերիկեան կեանքի զարգացման գործին մէջ, մանաւանդ անոր պայքարը՝ ստրկութեան վերացման եւ կիներու քուէարկելու իրաւունք տալուն համար:
Միացեալ Նահնագներու նախագահներու այս արձանախումբը միշտ զարմացուցած է իր մեծութեամբ, մինչեւ որ Չինաստանի մէջ կառուցուեցաւ Պուտտայի արձանը, որուն բարձրութիւնը 128 մեթր է: Չինաստանի Չժաոցուն բնակավայրի մերձակայքին խոյացող Պուտտան՝ Գարնանային տաճար անունով, աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող Պուտտաներէն ամենանորը եւ ամենատպաւորիչն է: Երբ Աֆղանիստանի թալիպանները 2001 թուականին պայթեցուցին Պուտտայի երկու վիթխարի արձանները, ամբողջ աշխարհի հետ Չինաստանն ալ խստօրէն դատապարտեց այդ բարբարոսական արարքն ու ձեռնամուխ եղաւ Պուտտայի նոր, աւելի վիթխարահասակ արձանի մը կառուցման: Չինացիները որոշած էին կառուցել արձան մը, որ իր հաւասարը չ՚ունենար աշխարհի մէջ: Հակառակ ամենամեծը ըլլալուն, արձանին կառուցումը բաւական արագ տեղի ունեցաւ. ընդամէնը մէկ տարիէն պատրաստ էր: 2002 թը-ւականին աշխարհը հիացաւ այս նոր գլուխ գործոցով, անշուշտ քննադատութիւններ ալ եղան, որ 21-րդ դարուն մարդը տակաւին կուռքերու արձան կը շինէ եւ մեծ գումարներ կը մսխէ անոր վրայ: Արձանին բարձրութիւնը 128 մեթր է՝ ներառեալ լոթուս ծաղիկի տեսքով 20 մեթրնոց պատուանդանը: Կը նախատեսուի ձեւափոխել նաեւ բլուրը, որմէ ետք արձանը կը բարձրանայ մօտաւորապէս 100 մեթրի:
Ինչ կը վերաբերի Ռաշմոր լերան նախագահական արձանախումբին, քննարկումներէն մէկն ալ միշտ այն եղած է, թէ չորս նախագահներէն ո՛վ աւելի ներդրում կատարած է ամերիկեան պատմութեան մէջ: Մինչ Ճորճ Ուաշինկթըն կը կարեւորուի իբրեւ առաջին նախագահ, իբրեւ Միացեալ Նահնագներու հիմնադիր հայրերէն մին, անդին Թոմաս Ճեֆըրսըն, որ կրկին հիմնադիր հայրերէն կը նկատուի, մեծ ներդրում ունեցած է Միացեալ Նահնագներու կայացման համար անհրաժեշտ գաղափարախօսութեան, փիլիսոփայութեան ամրապնդման մէջ, անոր քաղաքական հայեացքները արտայայտուած են Միացեալ Նահնագներու անկախութեան հռչակագրին մէջ: Ճեֆըրսըն, որ թէ՛ քաղաքական գործիչ, թէ՛ դիւանագէտ, թէ՛ իմաստասէր էր, ծանօթ էր հին աշխարհի եւ այդ ժամանակուան եւրոպական քաղաքական, իմաստասիրական մտքին, ժողովրդական ինքնիշխանութեան եւ ժողովրդավարութեան գաղափարները լայնօրէն տարածած է երկրին մէջ: Միացեալ Նահնագներու 26-րդ նախագահ Թէոտոր Ռուզվելտթ դերը նոյնպէս թերագնահատուած չէ, իսկ ինչ կը վերաբերի Ռաշմոր լերան վրայ անոր գլուխը միւսներէն աւելի խոր քանդակուած ըլլալուն, միշտ Ռուզվելտթ դերը առանձնացնելու առիթ եղած է: Ճիշդ է, որ արձանը պատահականօրէն այդպէս ստեղծուած է, բայց Ռուզվելտը գնահատողները իմաստ կը փնտռեն այդ պատահականութեան մէջ: Ռուզվելտը նախագահ եղած է 1901-1909 թուականներուն եւ Հանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ ըլլալով, բնորոշուած է իբրեւ «շարժիչ ուժ» յառաջադիմական հասարակութեան համար: 1912 թուականին ան կրկին առաջադրուած է նախագահի թեկնածու եւ նախընտրական արշաւին ելոյթ ունենալէն առաջ կրակոցով վիրաւորուած է, սակայն շարունակած է ելոյթ ունենալ՝ ելոյթին մէջ ալ ըսած է, որ նոյն այդ պահուն իր դէմը մահափորձ կատարուեցաւ: Ելոյթին աւարտէն ետք Ռուզվելտ համաձայնած է հիւանդանոց երթալ ու փամփուշտը հեռացնել տալ մարմնէն:
Յատկանշական է, որ Ռաշմոր լերան վրայ քանդակուած միւս նախագահը՝ Ապրահամ Լինքըլնը, այդպիսի մահափորձի զոհ դարձած է, բայց ոչ թէ քաղաքական ելոյթի, այլ թատերական ներկայացման մը ժամանակ, բայց պատճառը կրկին քաղաքական եղած է: Մինչ այդ Լինքըլն կը պայքարէր հարաւային նահանգներու վերականգնման եւ սեւամորթներուն հասարակութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու համար: «Իմ ամերիկացի զարմիկը» ներկայացման ժամանակ «հարաւցիներու» կողմնակից դերասան Ճոն Ուիլքս Պութը թափանցեց նախագահական օթեակ եւ կրակեց Լինքըլնի գլխուն: Յաջորդ առաւօտ Ապրահամ Լինքըլնը գիտակցութեան չգալով, մահացաւ: Մահը առաւել եւս համբաւ բերաւ անոր, մարդու մը, որ իր կեանքը զոհեց յանուն երկրի վերամիաւորման եւ սեւամորթ ստրուկներու ազատագրման:
Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան արդիականացման առաջին քայլերը Լինքըլնի ժամանակ դրուած են եւ անոր արձանը միւս նախագահներու արձաններուն հետ, ըստ ամերիկացներուն, ժամանակակից Ամերիկայի ստեղծման բոլոր յառաջադէմ քայլերը կը յիշեցնեն: Հարաւային Տաքոթան այսպէսով, այս յուշարձանին շնորհիւ, մեծ համբաւ ձեռք ձգած է. նահանգին մէջ կան ուրիշ ազգային պուրակներ եւս, որոնք յատուկ հոգատարութեամբ կը պահպանուին Միացեալ Նահանգներու Ազգային պուրակի դաշնային ծառայութեան կողմէ:
Հարաւային Տաքոթայէն զատ, Միացեալ Նահանգներու տարածքին ստեղծուած են պատմութեան մէջ երկիր եւ պետականութիւն փառաբանող ամենաշատ արձանները: Ամենանշանաւորը Ազատութեան արձանն է, որ ձեւով մը Միացեալ Նահանգներու խորհրդանիշը դարձած է՝ կոչուելով նաեւ «Ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան խորհրդանիշ»: Ռաշմոր լերան վրայ քանդակուած նախագահներուն Միացեալ Նահանգներու զանազան տարածքներու վրայ նոյնպէս արձաններ եւ յուշարձաններ նուիրուած են: Ուաշինկթընի կոթողը, օրինակ, նուիրուած է Ճորճ Ուաշինկթընին: Ապրահամ Լինքըլնի պատուին ալ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը գործէ Լինքըլնի յուշահամալիրը՝ Ուաշինկթընի կեդրոնը՝ Ազգային ծառուղիին վրայ, ուր նաեւ ուրիշ նախագահներու յուշահամալիրներ կան: 1914-1922 թուականներուն կառուցուած յուշահամալիրը կը խորհրդանշէ Լինքըլնի հաւատքը առ այն, որ բոլոր մարդիկ պէտք է ազատ ըլլան: Նոյնպէս Ուաշինկթընի մէջ կայ Ճեֆըրսընի հսկայ արձանը, որ հեռուէն ուղղակիօրէն կը նայի Սպիտակ տան:
Ամերիկեան պետականութեան խորհըր-դանիշները տարածուած են նաեւ երկրէ դուրս եւ ամերիկականութեան գաղափարով տոգորուած երկիրներ նոյնպէս շինած են ամերիկեան ոգիով արձաններ: Նոյնինք՝ Ռաշմոր լերան գաղափարը ոգեւորիչ եղած է ուրիշ երկիրներու համար, փորձեր եղած են կրկնօրինակելու, բայց Ռաշմորը մնացած է իբրեւ աշխարհի առաջին դիմաքանդակ-լեռը, որ տեսնելու համար հեռու վայրերէր մարդիկ կը հասնին Հարաւային Տաքոթա:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles