Մամլոյ Ասուլիս` Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի

0 0
Read Time:1 Minute, 8 Second


Դեկտեմբեր 9-ին, Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի գրասենեակի ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի մամլոյ ասուլիսը:
Մասնակիցները զեկուցեցին 5-էն 7 Դեկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին եւ խորհուրդին կողմէն գումարուած Հ․Յ․Դ․ երիտասարդական-ուսանողական եռօրեայ համահայկական խորհրդաժողովի աշխատանքներուն, Հ․Յ․Դ․ երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու հայեցակարգին, ռազմավարական նպատակներուն, միութիւններու համաշխարհային ցանցին եւ անոնց առնչուող աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին:
Դաշնակցական երիտասարդները յանձնառու են հզօր, ընկերվարական, եւ ժողովրդավար, ազգային արժէքներ կրող պետութիւն կերտելու գործին մէջ, Հ․Յ․Դ․ երիտասարդական-ուսանողական միութիւններուն հրաւիրած մամլոյ ասուլիսին ըսաւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան:
«Այնպէս որ, մեր բոլոր գործողութիւնները ուղղուած պիտի ըլլան այս նպատակին իրագործման», ըսաւ Արշակ Մեսրոպեան:
Ան նշեց, որ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովը իր ընդվզումը արտայայտած է Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն վերաբերեալ.
«Խորհրդաժողովը դատապարտեց, միութիւններն ալ առանձին յայտարարութիւններով դատապարտեցին այդ երեւոյթները», ընդգծեց ան:
Հ․Յ․Դ․ Հ․Ե․Մ․-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան իր կարգին ըսաւ, որ պիտի շարունակեն իրենց թիւ 1 օրակարգին շուրջ զարգացումները` կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մէջ վարուող քաղաքականութեան վերաբերեալ:
«Պիտի շարունակենք պահանջել նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը: Մեր վերջին գործողութենէն ետք ոստիկանութեան կողմէ կիրարկուեցաւ անհամաչափ ուժ: Անոր միակ պատասխանատուն Արայիկ Յարութիւնեանն էր, որ չգնաց հանդիպումի երիտասարդներուն հետ: Յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին մենք պիտի ունենանք նմանատիպ շարժում: Մեր գործողութիւններուն մասին պիտի տեղեկացնենք», ըսաւ ան:
Ասուլիսի ընթացքին երիտասարդները պատասխանեցին լրագրողներու հարցումներուն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles