Կիրակի, 24 Նոյեմբերին, Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան նախագահեց Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագին ու ապա՝ Գոհաբանական ճաշկերոյթին։
Սուրբ Պատարագէն ետք, հաւատացեալներոն ու հիւրերը ժամանեցին «Ճան Բաշալեան» սրահը՝ վայելելու Գոհաբանական ճաշկերոյթը, որ կազմակերպուած էր եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէ։
Արժ․ Տ․ Մեսրոպ քհն․ Լագիսեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովուրդին իր օժանդակութեան համար։
Անուշաւան Սրբազան Հայրը բացման աղօթքը կատարեց եւ փոխանցեց իր պատգամը։
Կոկիկ յայտագիրին մէջ, Գագիկ Գինոսեան մանրամասնօրէն բացատրեց հայկական աւանդական պարի տարրերը։ Ապա, պարի քայլերու օրինակներ տալով, ներկաները հրաւիրեց իրեն միանալու։ Պրն. Գինոսեան հայկական ազգագրական պարի մասնագէտ է եւ «Կարին» ազգագրական երգ ու պարի համոյթի գեղարուեստական ղեկավարը։ Յայտագրի աւարտին, հաւատացեալները, Տիկնանց Յանձնախումբի ատենապետուհի՝ տիկին Անի Փիրանեանի գլխաւորութեամբ, շնորհաւորեցին Տ. Մեսրոպ քհն․ Լագիսեանի քահանայական օծման 14-ամեակը։ Տէր Մեսրոպ քահանայ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց սուղ ժամերը ի սպաս դրած են Ս․ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ եւ ծուխին ծառայութեան, եւ մաղթեց բոլորին երջանիկ, առողջ ու օրհնաբեր Գոհաբանութեան Տօն։