ԵՐԵՒԱՆ («Երկիր Մետիա»).- Վերջերս կազմակերպուեցաւ Հ․Յ․Դ․ պահեստազօրայիններու գումարտակի հերթական հաւաքը, որուն մասնակցեցան կամաւորականներ եւ պահեստազօրայիններ Հայաստանի բոլոր մարզերէն ու Երեւանէն: Անոնց պատրաստուածութեան աստիճանը եւ կազմակերպուածութիւնը ստուգեցին նաեւ զինուած ուժերու հրամանատարական կազմի ներկայացուցիչները:
Ապրիլեան պատերազմի օրերուն եւ 90-ականներուն, դաշնակցականները մասնակցեցան հայրենիքի պաշտպանութեան գործին: Գումարտակը ձեւաւորուած էր այդ Ապրիլեան պատերազմէն ետք՝ Շուշիի առանձին գումարտակի վեթերաններու կազմի հիման վրայ:


