ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանէ, անդամներ Բագրատ Եսայեանէ, Անդօ Պահարեանէ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեանէ, Չորեքշաբթի, Մայիս 23-ին հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
Պատուիրակութիւնը իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ընտրութեան առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց Հայաստանի զարգացման անոր աշխատանքներուն:
Վարչապետը, իր կարգին, գնահատեց ՀՄԸՄ-ի դերը հայապահպանութեան աշխատանքին մէջ եւ կառավարութեան անունով պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու ՀՄԸՄ-ի ծրագիրներու իրականացման ու նպատակներու հետապնդման:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը վարչապետին ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները, որոնք տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ, 19-էն 29 յուլիս 2018-ին: Մկրտիչեան ըսաւ, թէ այս ձեռնարկներուն եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումին մասնակցելու համար հայրենիք պիտի այցելեն միութեան 110 մասնաճիւղերը ներկայացնող 1200 սկաուտներ: Ապա, ան վարչապետը պաշտօնապէս հրաւիրեց մասնակցելու 100-ամեակի գլխաւոր հանդիսութեան, որուն դրական պատասխան տուաւ վարչապետ Փաշինեան:
Նշենք, թէ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` բաղկացած Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանէ, անդամ Բագրատ Եսայեանէ ու Անդօ Պահարեանէ, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեանէ, շնորհաւորական հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան նաեւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի ծրագիրներն ու Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի մանրամասնութիւնները: