ԽՈՀԵՐ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.- ՃՇՄԱՐԻՏ ԿԵԱՆՔԻ ԳԻՏՈՒԹԵԱՄԲ…

0 0
Read Time:10 Minute, 8 Second

ԳԱ­ՐԵ­ԳԻՆ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ՊԵ­ՏՈՒՐ­ԵԱՆ

Աստ­ուա­ծա­յին գե­րա­գոյն պար­գե­ւը մարդ արա­րա­ծին հա­մար, իրեն շնորհ­ուած կեանքն է, այն իրա­վի­ճակն ու գո­յու­թե­նա­կան իրա­կա­նու­թիւնը, ուր մար­դը ինք­զինք կեան­քի ու շար­ժու­մի մէջ կը տես­նէ: Աստ­ուած օժ­տեց մարդ արա­րա­ծը բա­նա­կա­նու­թեամբ, որ անոր տուաւ վա­յե­լե­լու եւ ճա­շա­կե­լու բո­լոր այն բա­րիք­նե­րը, որ Աստ­ուած անոնց­մով լի­ա­ցուց տի­ե­զեր­քը:

Մար­դը միշտ հե­տա­մուտ եղած է գիտ­նա­լու աւե­լին, ինչ որ իրեն սահ­ման­ուած է գիտ­նալ: Մարդ­կա­յին միտ­քը դա­րեր շա­րու­նակ պայ­քա­րած է տգի­տու­թեան, ան­գի­տու­թեան եւ գի­տու­թեան մէջ ան­բա­ւա­րա­րու­թեան հար­ցով: Գի­տու­թիւնը այն իրո­ղու­թիւնն է, որ մար­դուն ու­ղե­ղը ար­թուն կը պա­հէ եւ հե­տաքր­քիր, այն բո­լոր երե­ւոյթ­նե­րուն, իրա­վի­ճակ­նե­րուն եւ կա­ցու­թեանց, որոնց ինք նա­խա­պէս ան­գէտ էր:

Գի­տու­թեան բե­րած բա­րիք­նե­րուն շուրջ, եթէ փոր­ձենք ար­ծար­ծել, զայն չենք կրնար թուղ­թի վրայ ար­ժե­ւո­րել կամ սահ­մա­նա­փա­կել, այլ երբ մուտք գոր­ծենք գի­տու­թեան ովկ­ի­ա­նին մէջ, միայն այն ատեն կրնանք գիտ­նալ ու զգալ, թէ որ­քա¯ն լայ­նա­ծա­ւալ ու մտա­յին բարձր մա­կար­դակ վա­յե­լող աս­պա­րէզ մըն է գի­տու­թիւնը:

Աստ­ուած այն­պի­սի միտք մը տուաւ մար­դուն, որ միշտ փնտռտու­քի մէջ պի­տի պա­հեր մար­դուն էու­թիւնը, միշտ պի­տի փոր­ձեր աւե­լին եւ աւե­լին սոր­վիլ, բարձր մա­կար­դա­կի հաս­նիլ, մէկ խօս­քով միշտ դէ­պի բարձր ու մին­չեւ ան­հու­նին գի­տու­թիւնը հաս­նե­լու տեն­ջը ցա­նեց մար­դուն մէջ:

Գի­տու­թեան առա­քե­լու­թիւնը կը կա­յա­նայ այն իրո­ղու­թեան մէջ, որ ճշմա­րիտ ու կեան­քը ազն­ուաց­նող գի­տու­թեան կը հասց­նէ մար­դը, իր իսկ մտա­յին կա­րո­ղու­թեամբ: Գի­տու­թիւնը կը դադ­րի ճշմա­րիտ գի­տու­թիւն ըլ­լա­լէ, երբ կը սկսի զբա­ղիլ մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րը նուաս­տաց­նող եւ մար­դու ար­ժա­նիք­ներն ու իր Աստ­ուա­ծա­յին պատ­կե­րը աղա­ւա­ղե­լով:

Գի­տու­թիւնը ամէն բա­նէ առաջ մեզ կþառաջ­նոր­դէ այն մեծ Գի­տու­թեան, որ ակունքն է ամէն տե­սակ գի­տու­թեանց ու մայ­րը ամէն գի­տու­թիւն­նե­րու՝ Աս­տու­ծոյ գո­յու­թեան գի­տու­թեան: Ամէն գի­տու­թեան սկիզբ, կը պատ­կա­նի Աս­տու­ծոյ իմաս­տու­թեան, օգ­նա­կա­նու­թեան, թոյլ­տուու­թեան ու իշ­խա­նու­թեան: Եթէ մեր ու­նե­ցած գի­տու­թեամբ չենք կրնար հասկ­նալ ու քննել Աս­տու­ծոյ գո­յու­թիւնն ու ամե­նա­զօ­րու­թիւնը, այդ մէ­կը գի­տու­թիւն չի սեպ­ուիր այ­լեւս, կամ աւե­լի ճիշդ բնո­րո­շու­մով, բարիի գի­տու­թիւն չի հա­մար­ուիր, այլ մարդ­կա­յին ու­ղե­ղը չա­րին յանձ­նե­լով ու չա­րու­թիւն խոր­հե­լու գի­տու­թեամբ զբաղ­ուիլ, որ սա­տա­նա­յին հնարքն ու գոր­ծու­նէ­ու­թիւնն է մար­դուն մէջ:

Ի՞նչ օգուտ ու­նի մեր ու­նե­ցած կամ հե­տապն­դած գի­տու­թիւնը, երբ անի­կա մեզ պի­տի առաջ­նոր­դէ կաս­կած­ներ ու մտա­հո­գու­թիւն­ներ ու­նե­նա­լու Աս­տու­ծոյ ու Իր կա­տա­րե­լու­թեան շուրջ: Ի՞նչ օգուտ ու­նի մեր ու­նե­ցած կամ ամ­բա­րած գի­տու­թիւնը, երբ մեզ հե­ռու կը պա­հէ զա­նա­զան պատ­ճառ­նե­րով Ամե­նա­մեծ ու հան­ճա­րեղ գի­տու­նէն, գիտ­նա­կանն­նե­րու Գիտ­նա­կա­նէն, իմաս­տուն­նե­րու Իմաս­տու­նէն՝ Քրիս­տո­սէն:

Ճշմա­րիտ գիտ­նա­կանն ու  իմաս­տու­նը այն անձն է, որ կը ճանչ­նայ Աս­տու­ծոյ իմաս­տու­թիւնը, ինք­զինք հա­ւա­սար չի նկա­տեր Աս­տու­ծոյ իմաս­տու­թեան ու գի­տու­թեան, այլ միշտ կը խնդրէ Աս­տու­ծոյ իմաս­տու­թիւնը, կա­ռա­վա­րե­լու հա­մար իր մարդ­կա­յին գի­տու­թիւնը, որ չըլ­լայ թէ շե­ղի ու թե­քի ճշմա­րիտ գի­տու­թե­նէն: Գի­տու­թիւնը շատ մեծ բա­րիք մըն է մարդ­կու­թեան, սա­կայն եթէ եր­բեք կորսնց­նէ իր էու­թե­նա­կան իմաս­տը, այ­լեւս կը դադ­րի գի­տու­թիւն ըլ­լա­լէ, վե­րած­ուե­լով մո­լո­րու­թիւն ջամ­բող, շուարց­նող, այ­լայ­լեց­նող ու տարտղ­նող իմաս­տու­թեան:

Աս­տու­ծոյ մա­սին մտա­ծե­լը, ճշմա­րիտ եւ Աստ­ուա­ծա­հա­ճոյ կեան­քին մա­սին խորհր­դա­ծե­լը, Աս­տու­ծոյ կամ­քը փնտռելն ու գոր­ծադ­րե­լը, ամե­նա­մեծ գի­տու­թիւնն է: Այս տե­սա­կի գի­տու­թիւնն է, որ մե­զի հան­ճար կը դարձ­նէ, որով­հե­տեւ մի­ակ Հան­ճա­րին մա­սին գիտ­նա­լու գի­տու­թիւնն է:

Բո­լոր տե­սակ այլ գի­տու­թիւն­նե­րը եր­բեք չեն կրնար վերջ­նա­կա­նա­պէս ու ար­մա­տա­կան լու­ծում­նե­րու յան­գիլ, ան­պայ­ման մնա­լով թե­րի, սա­կայն Աս­տու­ծոյ ճշմա­րիտ գի­տու­թիւնը ու­նե­ցող ու զայն Աստ­ուա­ծա­յին Իմաս­տու­թեամբ կա­ռա­վա­րող ան­ձը, ինք­նա­բե­րա­բար կþու­նե­նայ կա­տար­եալ գի­տու­թիւնը, որով­հե­տեւ Աստ­ուած մե­զի յանձ­նեց ճշմա­րիտ գի­տու­թեան բա­նա­լի­նե­րը, որ կը գտնուի Քրիս­տո­սի Աստ­ուա­ծու­թեան դա­ւա­նան­քին մէջ:

Մե­ծա­գոյն, լա­ւա­գոյն, ամե­նաճշգ­րիտ գի­տու­թիւնը կը սոր­վինք նախ Աստ­ուա­ծա­շուն­չէն: Գի­տու­թիւնը Աս­տու­ծոյ ձեռքն է եւ Աստ­ուած է, որ կու տայ գի­տու­թեան միտքն ու կա­րո­ղու­թիւնը: Եր­բեք պէտք չէ մօ­տե­նալ հպար­տու­թեամբ եւ գո­րո­զու­թեամբ: Ի՞նչ մա­կար­դա­կի գի­տու­թեան որ հաս­նինք, պէտք է միշտ փառքն ու պատիւը նախ Աս­տու­ծոյ ըն­ծա­յենք եւ մեր գի­տա­կան որո­նում­նե­րու ար­դիւնք եղող գիւ­տե­րը Աս­տու­ծոյ վե­րագ­րենք:

Գի­տու­թիւնը միշտ բա­րի նպա­տա­կի մը հա­մար գո­յու­թիւն ու­նե­ցած է եւ ու­նի, սա­կայն գի­տու­թիւնը այս օրե­րուն դժբախ­տա­բար սկսած է ու­նե­նալ իր հա­կա­պատ­կե­րը մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թեան մէջ: Գի­տու­թիւնը սկսած է վե­րած­ուիլ չա­րու­թեան գոր­ծի­քի, աւե­րում­նե­րու, մար­դուն միտքն ու հո­գին պղտո­րե­լու եւ ան­մարդ­կա­յին երե­ւոյթ­նե­րու գոր­ծադ­րու­թեան:

Կը գտնուինք մեծ պահ­քի շրջա­նին մէջ, այն­պի­սի ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը, որ մե­զի առի­թը կÿըն­ձե­ռէ աւե­լի մօ­տէն ճանչ­նա­լու զԱստ­ուած եւ հաս­նե­լու իս­կա­կան գի­տու­թեան: Աղօթքն ու ապաշ­խա­րու­թիւնը մեզ կը զե­տե­ղեն ճշմա­րիտ ու  ապա­հով գի­տա­կան ճամ­բուն մէջ: Առա­կաց գիր­քը սքան­չե­լի կեր­պով կը նկա­րագ­րէ ճշմա­րիտ իմաս­տու­թիւնն ու գի­տու­թիւնը ըսե­լով. »Իմաս­տու­թեան սկիզ­բը Տի­րոջ վախն է« (Առա­կաց 1.7):

Բուն Բա­րե­կեն­դա­նը յա­ջոր­դող երկ­րորդ Կի­րա­կին, մեր եկե­ղե­ցա­կան հայ­րե­րու շատ գե­ղե­ցիկ ու խորհր­դա­ւոր բնո­րո­շու­մով կը կոչ­ուի »Անա­ռա­կի Կի­րա­կի«: Հիմն­ուե­լով Նոր Կտա­կա­րա­նի Անա­ռակ որդիի առա­կին վրայ (Ղկ 15.11-32), եւ մարդ արա­րա­ծին Աս­տուծ­մէ միշտ հե­ռու մնա­լու փոր­ձու­թեան երե­ւոյ­թին որ­պէս նշան, եկե­ղեց­ւոյ հայ­րե­րը լա­ւա­գոյնս մտա­ծած ու ներ­մու­ծած են այս առա­կը, ի նշան մար­դուն միշտ Աս­տուծ­մէ հե­ռու մնա­լու կա­մա­ւոր ընտ­րու­թեան:

Օր­ուան շա­րա­կան­ներն ու աղօթք­նե­րը, իս­կա­պէս խոր գի­տակ­ցու­թեան եւ ինք­նա­ճա­նաչ­ման ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ են, որոնց իւ­րա­քան­չիւր քրիս­տոն­եայ պէտք է լա­ւա­պէս ու գի­տակ­ցու­թեամբ մօ­տե­նայ: Անա­ռակ որ­դին հե­ռա­ցաւ իր հօր­մէն, ճշմա­րիտ գի­տու­թեան փո­խա­րէն գնաց ու հե­տե­ւե­ցաւ խա­խուտ, ան­հիմն ու վա­ղան­ցուկ վա­յել­քի գի­տու­թեան, սա­կայն միշտ մնա­լով ճշմա­րիտ գի­տու­թեան ծա­րա­ւով, եւ օր մը ետ վե­րա­դառ­նա­լու հրա­մա­յա­կա­նով: Ճիշդ նոյնն է պա­րա­գան իւ­րա­քան­չիւր մարդ արա­րա­ծի, երբ թող­նե­լով գի­տու­թեան ու ապա­հո­վու­թեան աղ­բիւ­րը, հե­տա­մուտ կÿըլ­լայ ու իր կեան­քը կը վատ­նէ սին երե­ւոյթ­նե­րու ու ան­հիմն գի­տու­թիւն­նե­րու ետե­ւէն վա­զե­լով:

Սքան­չե­լի Աստ­ուա­ծա­բա­նու­թեան ու մեկ­նա­բա­նու­թեան ար­դիւնք եղող շա­րա­կա­նը, հե­տեւ­եալ ձե­ւով կը նկա­րագ­րէ անա­ռա­կու­թեան վի­ճա­կէն դէ­պի ետ դար­ձի ու զղջա­լու խնդրան­քը.- »Ընդ անա­ռա­կին որդ­ւոյ գո­չենք առ Հայրդ գթած, մե­ղաք յեր­կինս եւ առա­ջի Քո, քա­ւիչ յան­ցա­նաց, ել ընդ առաջ սի­րով գրկեա համ­բու­րիւ. մաքր­եա զմեզ ի մե­ղաց մե­րոց« (Անա­ռակ որդի­ին հետ կը գո­չենք ու կþաղա­չենք Քեզ ո¯վ գթա­ցող Հայր, մե­ղայ եր­կին­քին ու Քու առ­ջեւդ, ո¯վ մեղ­քե­րու քա­ւիչ, ել ու Քու սի­րովդ գրկէ մեզ համ­բու­րե­լով ու մաք­րէ մեզ մեր մեղ­քե­րէն) Օրհ­նու­թիւն ԳԿ, Կա­նոն եր­րորդ Կիւ­րա­կէ­ին Մե­ծի Պա­հոց (Անա­ռա­կին):

Այս մէ­կը կոչ մըն է իւ­րա­քան­չիւր քրիս­տոն­եա­յի, պահ մը ինք­զինք քննե­լու ու Աս­տու­ծոյ ար­դա­րու­թեան դի­մաց կանգ­նե­լով, տես­նե­լու ար­ժէ­չա­փը իր կեան­քին եւ ու­նե­ցած գի­տու­թեան: Տես­նենք թէ ի՞նչ են մեր հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րը եւ ին­չո՞ւ կը փա­փա­քինք գի­տու­թիւն ու­նե­նա­լու, պար­զա­պէս հե­տաքրք­րու­թի՞ւն որ­պէս, զոր միշտ նո­րու­թիւն­ներ կը ջամ­բէ մե­զի, թէ իս­կա­պէս թա­փան­ցել գի­տու­թեան խոր­քը, հաս­նե­լու հա­մար ճշմա­րիտ գի­տու­թեան եւ իմաս­տու­թեան: Զգոյշ ըլ­լանք թէ ինչ կը սոր­վինք գի­տու­թե­նէն եւ ար­թուն մնանք մեր հա­ւատ­քին մէջ, որուն ոչ մէկ տե­սակ վատ գի­տու­թիւն կրնայ ազ­դել կամ զայն փո­խա­րի­նել:

Քա­ռաս­նօր­եայ Մեծ Պահ­քի շրջա­նը կրկին ան­գամ Աս­տու­ծոյ դառ­նա­լու, Աս­տու­ծոյ գիր­կը վա­զե­լու շրջանն է, որով­հե­տեւ Աստ­ուած միշտ կը սպա­սէ ար­թուն ու պատ­րաստ իր որ­դի­նե­րը նո­րէն դի­մա­ւո­րե­լու ու զա­նոնք վար­ձատ­րե­լու Իր շնորհ­քո­վը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles