Շաբաթ, Փետրուար 13ի կէսօրէ ետք ժամը 4:30ին, Տեառնընդառաջի տօնի առիթով Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, որուն յաջորդեց Տեառնընդառաջի նախատօնակ, անդաստան, մանուկներու ընծայում եւ օրհնութիւն: Եկեղեցական արարողութենէն ետք օրուան պատգամը փոխանցեց Արեւելեան Ամերիկայի Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Օշական Արք. Սրբազան Հայրը առաջին հերթին իր ուրախութիւնը յայտնեց իրեն ուղղուած հրաւէրին համար, եւ ապա անդրադարձաւ հեթանոսական օրերէն մեր օրերը հասած խարոյկ վարելու սովորութեան, որ տեղի կÿունենայ մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի Տաճար Ընծայման տօնին զուգահեռ, եւ մեր հայկական աւանդութիւնները վերականգնելու կոչ ուղղեց.- »Մեր ապրած երկրին, Ամերիկայի մէջ օր ըստ օրէ մոռացութեան կը տրուին մեր եկեղեցական ու ազգային սովորութիւններն ու աւանդութիւնները: Մեր աւանդութիւնները պէտք է ապրիլ ու զայն փոխանցել նորահաս սերունդներուն«: Շեշտելով լոյսին կարեւորութիւնը՝ Առաջնորդ Սրբազանը հաստատեց այն իրողութիւնը, թէ Հայ եկեղեցին իր հիմնադիր հայրապետը կոչած է Լուսաւորիչ: Եւ ապա իր խօսքը ուղղելով եկեղեցւոյ մէջ գտնուող Շիքակոյի Հ.Մ.Ը.Մ.ի արի-արենուշներուն ըսաւ.- »Մեր ծնողները մեզի փոխանցեցին մեր եկեղեցւոյ ու մեր ազգի սովորութիւններն ու աւանդութիւնները, եւ մենք ալ մեր կարգին կը փոխացենք ձեզի: Տէր կանգնեցէ°ք անոնց եւ դուք ալ ձեր կարգին փոխանցեցէ°ք ձեր յաջորդներուն«, եզրափակեց ան:
Ներկայ էր նաեւ, Ռէյսինի (Ուիսքանսըն) Ս. Յակոբ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ հոգեշնորհ Տ. Դանիէլ Աբղ. Կարապետեան:
Աւարտին եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ հրավառութիւն, որուն ընթացքին դպրաց դասը, սկաուտական կազմը եւ ժողովուրդը երգեցին ազգային եւ հայրենասիրական երգեր:
Այնուհետեւ Բուն Բարեկենդանի առթիւ, Հայ Կեդրոնի Շահնազարեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան երրորդ »Տոհմիկ Ճաշերու Երեկոն«, հովանաւորութեամբ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, եւ կազմակերպութեամբ՝ Ամենայն Սրբոց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան եւ տիկնանց միութեան:
Օրուայ հանդիսավար՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. քհնյ. Սահակեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց օրուայ ճաշերն ու անուշեղէնները իրենց անձնական միջոցներով պատրաստող ազնուափայլ տիկիններուն, եւ ապա հրաւիրեց Սրբազան Հայրը, որպէսզի կատարէ սեղանի օրհնութիւնը:
Ապա ներկաները հիւրասիրուեցան հինգ տաղաւարներու մէջ տեղադրուած ճաշերով, պատրաստուած տիկնայք Հեղինէ Թովմասեանի, Հելմա Տիլանճեանի եւ Գոհար Յարութիւնեանի, Արաքսի Պիպեռեանի, Հրանուշ Աւետիսեանի, Գոհար Օհանեանի, Երէցկին Վազգանուշ Սահակեանի եւ անշուշտ կարելի չէ մոռնալ տիկնանց միութեան պատրաստած ուտելիքները:
Համադամ ճաշերու սպասարկումէն անմիջապէս ետք գործադրուեցաւ երկու մասերէ բաղկացած գեղարուեստական յայտագիր մը:
Առաջին բաժնով ելոյթ ունեցան պրն. Արմէն Ասատրեան, որ ջութակի վրայ նուագեց Առնօ Պապաջանեանի »Նոկտիւր«ը, տիկին Լուսինէ Թոքմաքճեան դաշնամուրի վրայ կատարեց Առնօ Պապաջանեանի »Ելեկիա«ն: Չորս տարեկան Առենի Թոքմաքճեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ իր մօր՝ Լուսինէի, երգեց »Կիլիկիա« մաղթերգը: Հայ աղջնակին, մեր պապենական Կիլիկիան վերադառնալու յոյսով լեցուն մաղթերգի մեկնաբանութիւնը խանդավառեց ներկաները:
Յայտագրի առաջին բաժինը իր աւարտին հասաւ, գաղութիս հանրածանօթ երգիչ՝ Վաչէ Զաքարեանի ելոյթով:
Կարգը հասած էր »Թաքուն Տաղանդներու Ցուցադրութեան«:
Արդարեւ, 6-18 տարիքի մէջ գտնուող 15 տղաք ու աղջիկներ, անհամբեր կը սպասէին իրենց տաղանդները ցուցադրելու: Եկեղեցւոյս հոգաբարձութեան որոշումով մրցոյթին առաջին երեք դիրքեր գրաւողները յաջորդաբար 250.00, 100.00 եւ 50.00 ամերիկեան տոլարով պիտի գնահատուէին: Հանդիսավարի հրաւէրով մասնակիցները մէկ առ մէկ բեմ բարձրացան ու իրենց երգերով, նուագներով, արտասանութիւններով ու պարերով հմայեցին ներկաները: Միւս կողմէ սակայն, դժուար կացութեան մատնեցին դատական անձնակազմը, (Jury), որու անդամներէն էին՝ Առաջնորդ Սրբազանը, Հայր Դանիէլը եւ եկեղեցւոյս դպրապետ՝ պրն. Յարութիւն Կէնտիմեանը, որոնք ստիպուած խախտեցին այս առթիւ սահմանուած կանոնները, եւ երեքի փոխարէն թելադրեցին եօթը լաւագոյններու անունները, որոնք ըստ իրենց արժանի էին մրցանակի: Եւ շատ բնական էր, որ սահմանուած գումարը այս անգամ պէտք էր բաժնուէր եօթին, որ պարզեց հետեւեալ պատկերը.-
1.- Սոֆիա Զաքարեան, պար 125.00 տ.
2.- Արենի Արթինեան, դաշնամուր 75.00 տ.
3.- Լիլիան Ալավերտեան, երգ 50.00 տ.
4.- Անիս Հայրապետեան, արտասանութիւն 40.00 տ.
5.- Դանիա Ալեքսանեան, պար 40.00 տ.
6.- Սուզան Թոմասեան, երգ 40.00 տ.
7.- Միմի Զաքարեան, երգ 40.00 տ.
Նախքան անուններու յայտարարութիւնր, եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. մհնյ. Սահակեան, հոգաբարձութեան անունով բոլոր մասնակիցներուն մէկական Նոր Կտակարան նուիրեց:
Ապա խրախճանքը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր: Այս առիթով եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւն ու հոգաբարձութիւնը իրենց խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնեն պարոնայք՝ Զոհրապ Աւետիսեանին (D.J. Zohrab), եւ Վաչէ Զաքարեանին, որոնք սիրով կատարեցին իրենց վստահուած պարտականութիւնները:
ԹՂԹԱԿԻՑ