Հ.Օ.Մ.-Ի ՄՕՏԻԿ ԱՆՑԵԱԼԷՆ…ՊԷԼՖՈՆԹԷՆԻ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ «ՀԱՅ ՍԻՐՏ»-Ի ՄԷՋ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ ԸՆԿՀ. ՀԵԼԷՆ ՄԵՐՃԱՆԵԱՆԻ ՅՕԴՈՒԱԾԸ

0 0
Read Time:4 Minute, 46 Second

2005-ը Ֆրան­սա­հա­յու­թեան ոգե­կան հարս­տու­թիւն­նե­րու կռուան­ներ ստեղ­ծող յո­բե­լի­նա­կան տա­րի է: Կռուան­ներ« որոնք երէկ ձեռ­նե­րէ­ցու­թեան առա­ջին խի­զախ փոր­ձե­րը կը հա­մար­ուէ­ին եւ որոնք այ­սօր յա­մա­ռօ­րէն կը կառ­չին գո­յա­տեւ­ման իրենց կամ­քին« հետզ­հե­տէ դի­մա­գիծ փո­խող մեր հայ իրա­կա­նու­թեան մէջ:

Առա­ջի­նը՝ «Յա­ռաջ»ը« տես­լա­պաշտ հան­ճա­րին« մեծն Շա­ւար­շի մտքին« հոգի­ին ար­գա­սի­քը՝ ֆրան­սա­հա­յու­թեան առա­ջին դպրո­ցը եղաւ անգ­րա­գէ­տին թէ° գրոց-բրո­ցին« ու­ծա­ցու­մէ թէ այ­լա­սե­րու­մէ զերծ պա­հե­լու հա­մար նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րը« եւ յա­ջոր­դա­կան սե­րունդ­նե­րու հա­մար դար­ձաւ հնոց« ու կը շա­րու­նա­կէ մնալ պատ­նէ­շի վրայ՝ Սփիւռ­քի ութ­սու­նամ­եայ հա­յա­տառ օրա­թեր­թի պատ­ուա­կան իր դիր­քով:

Երկ­րոր­դը՝ կրկին մեծն Շա­ւար­շի մտայ­ղա­ցում՝ «Նոր Սե­րունդ»ն է« որ յետ-պա­տե­րազմ­եան սե­րուն­դին կայք եւ կա­յու­նու­թիւն ապա­հո­վեց« պղտոր օրե­րու մէջ հա­յու առողջ հո­գի« ինք­նավս­տահ եւ ինք­նա­գի­տա­կից ֆրան­սա­հայ երի­տա­սար­դու­թիւն պատ­րաս­տե­լու առա­ջադ­րան­քով: Կտակ փո­խան­ցո­ղի իր իմաս­տու­թեամբ կ’ըսէր ան. «Կար­գը ձե°րն է« տղաք…»: Այդ տղա­քը կար­գը կը պա­հեն մե’ծ դժուա­րու­թեամբ« բայց հա­ւա­տար­մօ­րէն:

Եր­րոր­դը՝ Ֆրան­սա­հայ Կա­պոյտ Խա­չի «Պէլ­ֆոն­թէ­նի կա­յան»ն է: Կրկին« Շա­ւար­շի թէ Տի­րուհիի շուն­չէն ո’չ շատ հե­ռու:

1955-ի ամառ« Պէլֆ­ոն­թէն-Ժիւ­րա:

Ար­դա­րեւ« 1935-էն ի վեր« 15 տա­րի« Ֆրան­սա­յի զա­նա­զան գե­ղա­տե­սիլ վայ­րե­րուն մէջ ամառ­նա­յին «կազ­դուր­ման կա­յան­ներ» կազ­մա­կեր­պե­լէ ետք« ՖԿԽ-ի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը վերջ­նա­կան կա­յան մը ու­նե­նա­լու հե­ռա­տե­սու­թիւնը կÿու­նե­նա­յին Ժիւ­րա­յի լեռ­նե­րուն մէջ կորս­ուած փոք­րիկ« աւե­րակ ագա­րակ մը գնե­լով: Ագա­րա­կը բնա­կե­լի «կա­յան»ի վե­րա­ծե­լու աշ­խա­տան­քին լծուած ան­ձե­րու վա­տա­ռողջ երե­խա­նե­րուն բնա­կե­լի նուա­զա­գոյն պայ­ման­ներ ստեղ­ծե­լու կամ­քը« հէք­ի­ա­թի պէս կը լսենք այ­սօր մի քա­նի­նե­րէն« որոնք տա­կա­ւին ողջ են:

Այ­սօր« Ֆրան­սա­յի ամե­նա­մա­քու°ր օդը ու­նե­ցող Ժիւ­րա­յի մէջ« Պէլ­ֆոն­թէ­նի կա­յա­նը ամե­նա­մե­ծե­րէ°ն է« ամե­նա­արդ­ի­ա­կան­նե­րէն« ամե­նա­շատ երե­խայ ըն­դու­նող­նե­րէն (տա­րե­կան 300 երե­խայ) եւ ամե­նէ°ն աւե­լի պե­տա­կան հսկո­ղու­թեան են­թա­կայ:

Կա­յա­նը կան­գուն պա­հե­լու աշ­խա­տան­քը բազ­մա­զան է« պա­տաս­խա­նատ­ուու­թիւնը՝ մեծ« եւ գո­հու­նա­կու­թիւնը մի°շտ հար­ցադ­րու­մի առար­կայ: Եթէ նիւ­թա­կան շօ­շա­փե­լի թե­րու­թիւն­ներ կը հարթ­ուին« «Կա­յան»ին հա­յե­ցի դի­մա­գի­ծը« հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան ծրագ­րա­ւո­րու­մը մնա­յուն փնտռտու­քի եւ մտա­հո­գու­թեան առար­կայ են: Ֆրան­սա­հայ Կա­պոյտ Խա­չի երէց­նե­րը Պէլ­ֆոն­թէ­նի կա­յա­նը ստեղ­ծե­ցին բաց մը գո­ցե­լու հա­մար: Այդ բա­ցը նախ առող­ջա­պա­հա­կան էր: Ապա՝ հետզ­հե­տէ« հա­յու­թեան կեան­քի բա­րօ­րու­թեամբ« ըն­տա­նիք­նե­րը իրե°նք ստանձ­նե­ցին սնուն­դի եւ առող­ջու­թեան պա­տաս­խա­նատ­ուու­թիւնը:

Սա­կայն« այ°լ բաց մը մնաց միշտ: Բ. աշ­խար­հա­մար­տէն առաջ ու վերջ« Ֆրան­սա­հայ Կա­պոյտ Խաչն էր որ հայ մա­նուկ­նե­րը մէկ կամ եր­կու ամի­սով իրա­րու քով բե­րե­լու առի­թը ստեղ­ծեց հայ ման­կա­պար­տէզ­նե­րու եւ նա­խակր­թա­րան­նե­րու չգո­յու­թիւնը դար­մա­նե­լու հա­մար եւ« «Կա­յան»ին ճամ­բով« հայ­կա­կան ջերմ մթնո­լորտ ստեղ­ծե­լու նպա­տա­կով: Այ­սօր« ֆրան­սա­հայ հին­գե­րո°րդ սե­րունդն է որ «Կա­յան»ին մէջ քիչ մը ջերմ «հայ­կա­կա­նու­թիւն»« քիչ մը «մեծ ըն­տա­նիք»ի մը պատ­կա­նե­լիու­թիւն կը փնտռէ եւ կը գտնէ° հոն:

Եթէ Պէլ­ֆոն­թէ­նի Կա­յա­նը ֆրան­սա­հայ մա­նու­կին ու պա­տանի­ին հոգի­ին մէկ մասն է« առանց մի­ջա­վայ­րի խտրու­թեան« սա կը նշա­նա­կէ որ ան յա­ջո­ղած է վստա­հու­թիւն ներշն­չել ֆրան­սա­հայ ծնող­քին: Յիս­նամ­եա­կի սե­մին« ար­դա°ր է որ ֆրան­սա­հայ իրա­կա­նու­թեան յա­ջո­ղա­գոյն ձեռ­նարկ­նե­րէն մէ­կուն« Պէլ­ֆոն­թէ­նի Կա­յա­նին մա­սին կրկնենք.– «Կա­յա­նը հայ մա­նու­կին բոյնն է« շէն­ցու­ցէ’ք»:

Հ.Օ.Մ.Ի ՏԵ­ՂԵ­ԿԱՏ­ՈՒՈՒ­ԹԵԱՆՑ ԿԵԴ­ՐՈ­ՆԱ­ԿԱՆ ԳՐԱ­ՍԵՆ­ԵԱԿ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles