Վահան Յովհաննիսեանի Յիշատակին

0 0
Read Time:2 Minute, 11 Second

Երեք տարի առաջ, այսօր՝ Դեկտեմբեր 28-ին, կեանքէն հեռացած էր Վահանն Յովհաննիսեանը, խոր յուզում յառաջացնելով: Այս առթիւ, Երեւանի քաղաքային պանթէոն այցելեցին հարազատներ, մտերիմ եւ գաղափարակից ընկերներ:

Վահան Էդուարդի Յովհաննիսեան ծնած էր Օգոստոս 16, 1956-ին, Երեւան: Ան տեղւոյն թիւ 55 դպրոցը աւարտելէ ետք, կիսատ ձգելով Բրիւսովի հիմնարկի մէջ իր ուսումը` ան մեկնած է Մոսկուա մասնագիտացման համար: 1978-ին աւարտած է Մոսկուայի Մանկավարժական համալսարանը` գիտական կոչումներով պատմութեան եւ հնագիտութեան մէջ: Աւարտելէ ետք նշանակուած է աշխատանքի, հարաւային Սիպերիոյ մէջ: 1978-1980 թուականներուն ան ծառայած է խորհրդային բանակին: Բանակային ծառայութեան աւարտէն ետք Վահան Յովհաննիսեան գերադասեց վերադառնալ հայրենիք: Աշխատանքի կոչուեցաւ «Էրեբունի» թանգարանին մէջ, սկիզբը` որպէս գիտաշխատող, հետագային` իբրեւ գիտահետազօտական բաժնի վարիչ: Իսկ 1989 թուականէն ետք ան աշխատանքի կոչուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւնների ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկին մէջ:

Հետագային ալ, մինչեւ իր ապաժամ մահը` քաղցկեղով, քաղաքական, պետական թէ կուսակցական առաքելութեամբ իր ճանապարհորդութեանց ընթացքին, ան միշտ ժամանակը ստեղծած է հնագիտական իր մասնագիտութեան յագուրդ տուող տեղեկահաւաքման եւ փնտռտուքներու համար` յաճախ իր իմացութեամբ զարմացնելով եւ տպաւորելով արտասահմանեան իր խօսակից-պաշտօնակիցները:

Արցախեան շարժման պոռթկումի առաջին իսկ պահերէն Վահան Յովհաննիսեան նետուեցաւ պայքարի ասպարէզ: 1989-ին անդամագրուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Իբրեւ նորագիր դաշնակցական եւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի պատասխանատու մարմինի անդամ` 1990-էն սկսեալ ան գործօն մասնակցութիւն բերաւ Արցախի ազատագրական պայքարի դաշնակցական կազմակերպման, ծաւալումին եւ ղեկավարումին:

1990-ին, ան մաս կազմեց Հ.Յ.Դ. Հայաստանի անդրանիկ Կեդրոնական կոմիտէին: Յուլիս 1995-ի Վահան Յովհաննիսեան ձերբակալուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ Հայաստանի իշխանութեանց կողմէ` հակապետական յեղաշրջման փորձ կատարած ըլլալու քաղաքական ամբաստանութեամբ, որ սակայն բնաւ չհաստատուած մեղադրանք մնաց մինչեւ վերջ: Ան կալանքի տակ պահուեցաւ մինչեւ յունուար 1998-ի Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հրաժարեցումը նախագահական պաշտօնէն:

Իր բանտարկութեան շուրջ երեք տարիներու շրջանին, կալանքի տակ գտնուելով հանդերձ, ան 1997-ին հեռակայ կարգով ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ: Նոյնպէս, իր բանտարկութեան եւ դատավարութեան ամբողջ տեւողութեան ան շարունակեց քաղաքական գործունէութիւն ծաւալել: Դատարանէն ներս անոր ունեցած ելոյթները եւ մամուլով հրապարակումները քաղաքական կարեւոր դեր ունեցան, այդ օրերուն, հայրենիքի մէջ տիրող ներքաղաքական ծանր տագնապը յաղթահարելու առումով:

Հայաստանի իշխանափոխութեան հետեւող քաղաքական նոր իրադրութեան մէջ, իր ազատութիւնը վերագտած Վահան Յովհաննիսեան գլխաւորեց 1999-ի Հայաստանի Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. պատգամաւորական թեկնածուներու համամասնական ցուցակը, թէեւ միաժամանակ իր թեկնածութիւնը առաջադրած էր 17-րդ մեծամասնական ընտրատարածքէն, ուրկէ եւ ընտրական յաղթանակ արձանագրեց: Նորակազմ Ազգային ժողովին մէջ ան ստանձնեց պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործոց մշտական յանձնաժողովի նախագահութիւնը:

Վահան Յովհաննիսեան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ վերընտրուեցաւ 2000 թուականի յունուարին եւ մինչեւ Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակումը, Դեկտեմբեր 2013-ին, շարունակեց գործել իբրեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ` վերընտրուելով 2004-ի, 2008-ի եւ 2011-ի Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր ժողովներուն կողմէ:

Վահան Յովհաննիսեան 2013-ին ռուսերէնով լոյս ընծայեց «Մանդիլիոն» վէպը, որ շուտով արժանացաւ հայերէն եւ անգլերէն թարգմանութեանց եւ հրատարակութեան:

Ան մահացաւ Պերլինի մէջ, Դեկտեմբեր 28, 2014-ին:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles