ԶԳԱՍՏԱՆԱԼՈՒ ՊԱՀԸ.- ԱՅՍ ԱՆԳԱՄ ՀԱՐՑԸ Ա. ԿԷՕՆՃԵԱՆԸ ՉԷ
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Անցնող Սեպտեմբերի 21-ին, յօդուածով մը անդրադարձեր էինք Արշաւիր Կէօնճեանի յօդուածին, Հայաստանի հանրապետութեան հռչակման հարիւրամեակին եւ Արամ Մանուկեանի արձանին տեղադրման հարցին մասին։
Այժմ Ա. Կէօնճեան պատասխանած է մեր յօդուածին՝ «Պայքար» շաբաթաթերթի 8 Հոկտեմբեր 2017ի համարին մէջ։ Իր խորագիրն է «Վաչէ Բրուտեանի անզօր նկրտումները՝ 2018 Մայիսեան հարիւրամեակի առիթով»։
Այս կապակցութեամբ կ՛ուզենք վերահաստատել մեր կարգ մը թեզերը, կատարել կարգ մը անհրաժեշտ ճշդումներ, բայց ամէնէն կարեւորը՝ անդրադառնալ քաղաքական մտածողութեան առնչուող հիմնական խնդրի մը, որ պէտք է յուզէր թէ՛ Ա. Կէօնճեանը եւ թէ՛ իր պատկանած կուսակցութիւնը, Ռ.Ա.Կ.-ը։
ՆԱԽ ՃՇԴՈՒՄՆԵՐ
Վերոնշեալ շաբաթաթերթի աւելի քան մէկ լրիւ էջի ծաւալով իր վերջին յօդուածին մէջ, Ա. Կէօնճեան երկար-բարակ նախաբանէ մը ետք դարձեալ կը մեղադրէ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, իր որդեգրած «միահեծան (one track minded), այլամերժ եւ դաշնակցականեդրոն գործելակերպին, երբ նոյնիսկ (Վ.Բ.- Արդեօ՞ ըսել կ՛ուզէ… նոյնինքն) այդ կեցուածքը պատճառ դարձած է Սփիւռքը ալեկոծող, բաժանարար լուրջ հետեւանքներու»։ Պրն. Կէօնճեան, դուք չձանձրացա՞ք կրկնելէ այս անհիմն վերագրումները. նման բաներ տասնամեակներով կարդացած ենք, պատասխանած ենք ու անցած, պատմութեան անիւը թաւալած է, հասած ենք 2017 թուականը, կայ անկախ Հայաստան, պետականութիւնը ամրապնդելու, վերակառուցելու խնդիր կայ, համահայկական տարողութեամբ խնդիրներ կան հայ ժողովուրդին եւ պետութեան օրակարգին վրայ եւ դուք դեռ «հո՞ն» էք։ Ալ չենք պատասխաներ այս մաշած վերագրումներուն, որովհետեւ յօդուածագրին այս մտածողութիւնը աւելի ծանրակշիռ իրողութեան մը հետեւանքն է՝ ինչ կը վերաբերի իր ու իր պատկանած կուսակցութեան քաղաքական մտածողութեան լճացումին։
Բայց պիտի գանք հոն՝ աւելի անդին։
Յօդուածագիրը կը շարունակէ ըսելով. «Նախ որպէս վերյիշեցում եւ յաւելեալ լուսաբանութիւն, պրն. Բրուտեանին նկատողութեան կը յանձնեմ թէ ես, ինչպէս նաեւ ռամկավար մամուլը յստակօրէն եւ առանց վարանումի, անցեալին ինչպէս այսօր, կը հաստատենք թէ 1918 Մայիս 28ը յիշատակութեան արժանի պատմական թուական մըն է հայ ժողովուրդին համար»։ Ցնցիչ նորութիւն մըն է այս բացայայտումը… Այդ ե՞րբ էր, որ Կէօնճեանի գաղափարակիցները ունեցեր են այս վերաբերումը Մայիս 28ի առիթով։ Եթէ նշած են Մայիս 28ը՝ միայն ու միայն Դաշնակցութիւնը քարկոծելու տրամաբանութեամբ ըրած են ատիկա եւ ոչ թէ արժեւորելու մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ այն անկիւնադարձային բնոյթը, որով կը յատկանշուի այդ թուականը։
Ապա քիչ անդին, կը հաստատէ, թէ նոյն այդ օրերուն (1918), Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը «կարեւոր քաղաքական ուժ մըն էր հայ իրականութեան մէջ», սակայն կային նաեւ ուրիշներ, Ս.Դ.Հ.Կ.-ը, Ժողովրդական կուսակցութիւնը եւ ուրիշներ։ Ճիշդ է Ա. Կէօնճեանի ըսածը եւ նոյնինքն ա՛յս պատճառով էր, որ նոյն այդ «կարեւոր քաղաքական ուժը» պնդեց, որ 1918ի այդ օրերուն կազմուելիք կառավարութիւնը ըլլայ համախոհական (կօալիսիոն) եւ այդ ձեւով ալ ուրիշ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ եւս մաս կազմեցին կառավարութեան, ներառեալ Ռ.Ա.Կ.-ի նախահայրերէն համարուող ժողովրդականները։
Այնպէս որ, բացարձակապէս անհիմն է յօդուածագիր Կէօնճեանի այն պնդումը, թէ Դաշնակցութիւնը «այդ շրջանին, բոլորովին արհամարհելով տրամադրելի քաղաքական այլ ուժերու գործակցութիւնը ապահովելու եւ միացեալ ջանքերով գործելու կենսական գաղափարը, կոպտութեամբ իշխանութեան ծիրէն դուրս հրեց քաղաքական միւս հոսանքներու ներկայացուցիչները»։ Ոչ միայն այս, այլեւ ըստ իրեն՝ Դաշնակցութիւնը «անհեռատես եւ ապարդիւն կերպով կազմակերպեց Փետրուարեան ապստամբութիւնը» (Վ.Բ.- Դեռ լաւ է որ «խռովութիւն» բառը չգործածեց…)։ Անկախ այն իրողութենէն, որ Դաշնակցութիւնը չկազմակերպեց Փետրուարեան ապստամբութիւնը, այլ պարզապէս իրերու պարտադրանքով գլխաւորեց զայն, Կէօնճեան այս պարագային բնաւ չի նշեր բոլշեւիկեան անլուր բռնութիւնները 2 Դեկտեմբերէն մինչեւ 18 Փետրուար երկարող օրերուն, չի նշեր Երեւանի բանտերուն մէջ կազմակերպուած կացինահարումները, որոնք պատճառ դարձան համաժողովրդային այդ ապստամբութեան։ Չ՛երկարենք։
Վերջերս դարձեալ «մոտա» դարձած է այն միտքը, թէ 1918ի հանրապետութիւնը պարտադրուած էր «Օսմանեան իշխանութեան կողմէ»։ Կէօնճեան եւս կը նշէ այս իրողութիւնը։ Առիթն է միանգամընդմիշտ յստակացնելու, որ այս մասնայատուկ հանգամանքին լայնօրէն անդրադարձեր են այդ օրերու ականաւոր գործիչներ Ս. Վրացեան, Ալ. Խատիսեան, Ռուբէն եւ շատ ուրիշներ։ Այնպէս որ, հոս ոչ մէկ նորութիւն կայ։
Բայց եւ այնպէս, շատեր այսօր հանրութեան կը ներկայացնեն թրքական պարտադրանքի հարցը եւ այնպիսի ձեւով, որ կարծէք մեծ, շատ մեծ եւ տիեզերքը ցնցող իրականութիւն մը բացայայտած են։ Ասոնց շարքին են բազմաթիւ կէօնճեաններ, ներառեալ հայաստանաբնակ գործիչ Թաթուլ Յակոբեան (վերջինս ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ «լրագրող»), որ վերջերս լայն մէջբերումներ կը հրապարակէ Վրացեանէն եւ Ռուբէնէն, կարծէք անյայտ տուեալ մը բացայայտած, կամ թապու մը խորտակած է…
Թրքական գործօնին հանգամանքը իբրեւ «գիւտ» ներկայացնողները կը մոռնան, որ պատմութիւնը անպայման եւ միայն փաստերու գումարում չէ։ Պատմութիւնը մեծ պատկերին իսկական արժեւորումն է, հետեւաբար նաեւ, 1918ին հռչակուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ինչ պայմաններու տակ ալ ծնած ըլլար ան, մեր ժողովուրդի դարաւոր իղձերու իրականացման իրաւական եւ քաղաքական հիմքը հանդիսացաւ։ Որովհետեւ սեփական, անկախ պետութիւնն է միայն, որ կրնայ երաշխաւորել տուեալ ժողվոուրդի մը ապահով բարգաւաճումը իր սեփական հայրենիքէն ներս։ Միայն հայկական անկախ պետութիւնն է, որ կրնայ հիմքը դառնալ հայահաւաքին ու հողահաւաքին, միայն ան է, որ կրնայ լիիրաւ տիրութիւն ընել հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն։ Եւ հո՛ս է, որ կը կայանայ հիմնական արժէքը Մայիս 28ին ծնունդ առած հայկական պետականութեան։ Զուգահեռաբար, Հայաստանի 21 Սեպտեմբերին վերանկախացումը Խ. Միութեան փլուզումին չարախինդ ոճով վերագրողները եւս (ներառեալ Ա. Կէօնճեան իր այս յօդուածին մէջ) նոյն ծուղակին մէջ կը բանտարկեն իրենք զիրենք, մոռնալով, որ ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնն է այն միակ իրաւական եւ քաղաքական հիմքը, որուն վրայ պիտի ստեղծուի ապագայ Միացեա՛լ Հայաստանը։ Ոչ ոք թող կասկածի կամ առարկէ այլեւս։ Ա՛յս է նաեւ Դաշնակցութեան ծրագիրը։
Գալով մեր պատասխան յօդուածին մէջ արտայայտուած այն միտքին, թէ Դաշնակցութիւնը տասնամեակներով պայքարեցաւ ի խնդիր Միացեալ, Ազատ ու Անկա Հայաստանի գաղափարին եւ ըսած էինք, թէ «այս պայքարին ելքը յայտնի է բոլորիս»։ Զարմանքով նկատեցինք, թէ Կէօնճեան մեր այս հաստատումը կը մեկնաբանէ ըսելով՝ «Այսինքն (Վաչէ Բրուտեանը) ըսել կ՛ուզէ թէ այսօրուայ Հայաստանը այսինքն Երրորդ Հանրապետութիւնը արդիւնքն է Դաշնակցութեան տարած այս պայքարին»։ Մեղայ քեզ Տէ’ր… Ինչպէ՞ս կարելի է մեզի վերագրել բաներ, որոնք ոչ ըսած ենք, ոչ ալ ըսել ուզած։
ԵԿԱՆՔ ԲՈՒՆ ԽՆԴՐԻՆ
Անիմաստ գտնելով յօդուածագրին բոլոր պնդումներուն մէկ առ մէկ պատասխանելը (Տիգրան Մեծի արձանի տեղադրում եւայլն), կը բաւարարուինք այսքանով, որ ինքնին բաւարար է եզրակացնելու, որ այն գաղափարական ու քաղաքական մտածողութիւնը, որուն արդիւնքն է Ա. Կէօնճեանի այս յօդուածը, շատոնց ժամանակավրէպ դարձած է… դժբախտաբար։
Ռ.Ա.Կ.-ի այս մօտեցումները հետեւանքն են այն հանգամանքին, որ ան չունի ազգային քաղաքականութիւն մը, որ հիմնուած ըլլայ 1988էն վերջ արձանագրուած կարեւոր զարգացումներուն վրայ, այսինքն՝ թէ՛ Հայաստանի վերանկախացում եւ թէ՛ Արցախի ազատագրում, իրենց բոլոր ենթամասերով։
Տարբեր խօսքով, ՌԱԿի այս քաղաքական մտածողութիւնը տակաւին «բանտարկուած» կը մնայ իր աւանդական դարձած հակադաշնակցական բարդոյթին մէջ։ Դժբախտաբար։
Ինչո՞ւ այսպէս եղաւ։
Պատասխանը պարզ է։ Վերջին երկուքուկէս տասնամեակներուն ընթացքին, դժբախտաբար, Ռ.Ա.Կ.-ը կը մնայ լրջօրէն պառակտուած։ Հակառակ այս պառակտումը դարմանելու իրենց բոլոր ճիգերուն, տխուր փաստը կը մնայ։ Կողմերէն իւրաքանչիւրը չվարանեցաւ մինչեւ իսկ մամուլով ու հանրային տիրոյթի այլ բնագաւառներու մէջ «միւսները» սեւցնելու՝ յաճախ ամենագռեհիկ դրսեւորումներով։ Վերջին օրինակը եկաւ Լիբանանէն, ուր արաբերէնով լոյս տեսած հաղորդագրութիւն մը դիտել կու տար, որ «Պայքար»ը չի ներկայացներ Ռ.Ա.Կ.-ի տեսակէտները…։
Ալ ինչպէ՞ս ակնկալել, որ պառակտուած կուսակցութիւն մը (այս պարագային Ռ.Ա.Կ.-ը) կարենայ քաղաքական միտք կամ քաղաքականութիւն մշակել, նորոգել կամ զարգացնել։ Այս նիւթը մենք ափսոսանքով եւ սրտցաւութեա՛մբ արծարծած ենք մեր ռամկավար բազմաթիւ ծանօթ-բարեկամներուն հետ։ Սրտցաւութեամբ, որովհետեւ սիրենք կամ ոչ, համակրինք կամ ոչ, չոր իրականութիւնը այն է, որ ՌԱԿը հայկական իրականութեան մէջ մտածողութեան, գաղափարական մօտեցումներու մեծ երանգապնակին մէկ մասն է։ Առ այս, ան ունեցած է դերակատարութիւն։ Ան կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի մէկ խաւին տեսակէտները, մօտեցումները։ Հետեւաբար նաեւ, ան պարտաւոր է օրուան հետ վերամշակելու իր մօտեցումները, ըլլան ատոնք քաղաքական թէ գաղափարական։ Վերջին հաշուով կորսնցնողը հայ ժողովուրդն է, մեր հանրային կեանքն է ընդհանրապէս, որովհետեւ գաղափարական ուրոյն շերտի մը բացակայութիւնը չի նպաստեր մեր հաւաքական շահերուն։
Սրտցաւօրէն կ՛ակնկալենք Ա. Կէօնճեանէն ու իր բոլոր գաղափարակիցներէն, որ փոխանակ ժամանակավրէպ դիտարկումներով զբաղելու, լծուին իրենց պատկանած կուսակցութիւնը փրկելու (այո՛, փրկելու) աշխատանքին, որպէսզի եթէ ան դեր մը ունի, կարենայ խաղալ զայն։
Ապրի՛ս, Վաչէ՛, հրաշալի հակադարձած ես «Պայքար»-ի յիշեալ յօդուածին, որուն լաւ ծանօթ եմ:
Նպատակդ՝ խաղող ուտել եւ ոչ թէ այգեպանը ծեծել, լիուլի իրագործած ես:Բոլոր բարեկամներդ պարտին շնորհաւորել այս ոճդ ու շարադրանքդ:
Ուշադրութի՛ւն նաեւ…ուղղագրութեան.
***Այն անկիւնադարձային բնոյթը, ՈՐՄՈՎ կը յատկանշուի…
Պէտք է ըլլայ ՈՐՈՎ. հայերէնը ՈՐՄՈՎ չունի՝ ո՛չ գրաբարը, ո՛չ արեւելահայերէնը, ո՛չ արեւմտահայերէնը:
***Չ’երկարենք
Պէտք է ըլլայ չերկարենք՝ առանց ապաթարցի:
***Մեղայ քեզ Տէր…
Տէր-ը կոչական է, պէտք է տրոհել զայն առջեւէն եւս. ուրեմն՝ «Մեղայ քեզ, Տէ՛ր…»:
Պատուարժան Խմբագրութիւն ՀԱՅՐԵՆԻՔ շաբաթաթերթի եւ Յարգելի Յօդուածագիր ընկ. Բրուտեան,
Դաւանելով ազատականութիւն, բազմակարծութիւնը կը յարգենք ու կը քաջալերենք: Կը յարգենք Պրն. Արշաւիր Կէօնճեանի կարծիքը (ձեզ հետ համաձայն ըլլալով հանդերձ, որ ժամանակավրէպ է ու… անտեղի): Կը յարգենք նաեւ ձեր կարծիքը, ինչ կը վերաբերի ձեր պատասխան յօդուածին(ներուն):
Կը մնայ յստակացնել մէկ բան սակայն, որ Արշաւիր Կէօնճեան այսօր չի ներկայացներ ՌԱԿ-ը հետեւաբար իր (անպատասխանատու) կարծիքին պատասխանատուն ինքն: Կէօնճեան այսօր Հայ իրականութեան մէջ ինքզինք կը ներկայացնէ միայն, լաւագոյն պարագային իր տարեկից կարգ մը մարդիկ եւս, որոնք տակաւին կը յամառին սնանիլ արհեստականօրէն սարքուած պատերազմի մը եղբայրասպան ցաւալի կռիւներու արիւնով… միշտ կարծելով, որ կարելի է ժողովրդականութիւն շինել այս մաշած մեթոտով:
Ի տես այս իրականութեան, որուն առաջքը քոնէ ես յոյսով եմ, որ օր մը երեւի բնութիւնը կ՛առնէ ձեզի կ՛առաջարկեմ Արշաւիրեան տգեղ երեւոյթը չընդհանրացնել եւ ի միջի այլոց չքարկոծել ՌԱԿ-ը որուն ողջմիտ ղեկավարութիւնը ամէն բան աչք առնելով (ներառեալ այն հաւանականութիւնը, որ կրնայ խնդիրէն անտեղեակ անմեղ նաեւ տեղեակ ու չարամիտ մարդոց կողմէ այպանուիլ, որպէս Հայ թերթ խափանող կողմ) եւ ի սէր սփիւռքահայութեան համերաշխութեան եւ կուսակցութիւններու մէջ ազնիւ համակեցութեան ՊԱՅՔԱՐ-ի մասին ըրաւ ձեր նշած յայտարարութիւնը հաւատալով, որ ՀԱՅ ժողովուրդի համերաշխութիւնը՝ հետեւաբար ներքին խաղաղութիւնը վտանգող թերթ մը ՀԱՅԿԱԿԱՆ չի կրնար ըլլալ…:
Պատուարժան Խմբագրութիւն ՀԱՅՐԵՆԻՔ շաբաթաթերթի եւ Յարգելի Յօդուածագիր եւ պաշտօնակից ընկ. Բրուտեան,
Դաւանելով ազատականութիւն, բազմակարծութիւնը կը յարգենք ու կը քաջալերենք: Կը յարգենք Պրն. Արշաւիր Կէօնճեանի կարծիքը (ձեզ հետ համաձայն ըլլալով հանդերձ, որ ժամանակավրէպ է ու… անտեղի): Կը յարգենք նաեւ ձեր կարծիքը, ինչ կը վերաբերի ձեր պատասխան յօդուածին(ներուն):
Կը մնայ յստակացնել մէկ բան սակայն, որ Արշաւիր Կէօնճեան այսօր չի ներկայացներ ՌԱԿ-ը հետեւաբար իր (անպատասխանատու) կարծիքին պատասխանատուն ինքն: Կէօնճեան այսօր Հայ իրականութեան մէջ ինքզինք կը ներկայացնէ միայն, լաւագոյն պարագային իր տարեկից կարգ մը մարդիկ եւս, որոնք տակաւին կը յամառին սնանիլ արհեստականօրէն սարքուած պատերազմի մը եղբայրասպան ցաւալի կռիւներու արիւնով… միշտ կարծելով, որ կարելի է ժողովրդականութիւն շինել այս մաշած մեթոտով:
Ի տես այս իրականութեան, որուն առաջքը քոնէ ես յոյսով եմ, որ օր մը երեւի բնութիւնը կ՛առնէ ձեզի կ՛առաջարկեմ Արշաւիրեան տգեղ երեւոյթը չընդհանրացնել եւ ի միջի այլոց չքարկոծել ՌԱԿ-ը որուն ողջմիտ ղեկավարութիւնը ամէն բան աչք առնելով (ներառեալ այն հաւանականութիւնը, որ կրնայ խնդիրէն անտեղեակ անմեղ նաեւ տեղեակ ու չարամիտ մարդոց կողմէ այպանուիլ, որպէս Հայ թերթ խափանող կողմ) եւ ի սէր սփիւռքահայութեան համերաշխութեան եւ կուսակցութիւններու մէջ ազնիւ համակեցութեան ՊԱՅՔԱՐ-ի մասին ըրաւ ձեր նշած յայտարարութիւնը հաւատալով, որ ՀԱՅ ժողովուրդի համերաշխութիւնը՝ հետեւաբար ներքին խաղաղութիւնը վտանգող թերթ մը ՀԱՅԿԱԿԱՆ չի կրնար ըլլալ…:
25 years united now dividing any backer(s) profits stop polemic