ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
Ուրբաթ, Ապրիլ 11-ի երեկոյեան ժամը 5.30-ին, Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի պատուիրակութիւն մը այցելեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան կեդրոն։ Պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան։ Նաեւ, մաս կազմեցին Կոմիտէի փոխ նախագահներ Ստեփան Տէր Պետրոսեան, Վրէժ Շառոյեան, Կոմիտէի գործադիր Կոմիտէի անդամներ Շահան Սէմէրճեան, Միսաք Նաճարեան եւ Կոմիտէի լրատուական ծառայութեան ղեկավար Լիլիթ Կասեան։ Հիւրերը ընդունեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան եւ դիւանի անդամներ՝ եղբ. Վիգէն Աւագեան ու քոյր Թալին Օրտողլեան։
Աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւած այցելութեան ընթացքին, սիրալիր մթնոլորտի մէջ, Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի պատուիրակութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան հետ քննեց հայ մարզական կեանքի ներկայ իրավիճակը ընդհանրապէս եւ Համահայկական Խաղերու զարգացումը յատկապէս։ Կատարուեցաւ միտքերու փոխանակում եւ առաջարկներու ներկայացում։
Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ անգամ մը եւս շեշտելու Համահայկական Խաղերու կարեւորութիւնը, իբրեւ համայն հայութեան երիտասարդութիւնը համախմբող նախաձեռնութիւն։
Համահայկական Խաղերը սկսած են 1999-ին եւ Հ.Մ.Ը.Մ., իբրեւ խաղերու հիմնադիր միութիւններէն մէկը, առաջին օրէն մասնակից է այս նախաձեռնութեան եւ իր ներկայացուցիչները ունի Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէին եւ Գործադիր Կոմիտէին կազմերուն մէջ։ Անցնող 26 տարիներուն, քաղաքներու պատուիրակութիւններու ճամբով Հ.Մ.Ը.Մ. իր մնայուն մասնակցութիւնը բերած է համահայկական ամառնային 8 եւ ձմեռնային 2 խաղերուն։