ԱրտերկիրԼրահոս

«ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի փափաքին սիրով ընդառաջելով, Տիար Զարեհ Պէզիքեան եւ դուստրը Անին, յանձն առին Կաթողիկոսարանէն ներս Պէզիքեան անունը կրող բազմանպատակ կեդրոնի մը կառուցման բարերարութիւնը: Տիար Զարեհ Պէզիքեան այս օրինակելի բարերարութիւնը կը կատարէ որպէս արտայայտութիւն իր ծնողաց, Ազգային Բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանի նկատմամբ ունեցած սիրոյն ու երախտագիտութեան: «Պէզիքեան» կեդրոնը պիտի ներառէ.-

1) Հանդիսասրահ՝ շէնքին գետնայարկը եւ առաջին յարկը, պիտի բաղկանայ 500 աթոռներէ:

2) Բազմանպատակ սրահ՝ երկրորդ յարկի վրայ, պիտի ներառէ շուրջ 300 հոգի:

3) Համագումարներու սրահ՝ երրորդ յարկի վրայ, պիտի ունենայ 200 աթոռ: Համագումարի սրահին կից պիտի կառուցուի 30 հոգի ներառող ժողովասրահ:

4) Վեհափառ Հայրապետին յատուկ աշխատասենեակ, հիւրասենեակներ եւ պաշտօնական հիւրասիրութեան յատուկ սրահ՝ չորրորդ յարկի վրայ:

5) Ներքնայարկը պիտի բաղկանայ զանազան ձեռնարկներու, տօնակատարութիւններու ու հանդիպումներու նախապատրաստութեան յատուկ սենեակներէ:

Բոլոր սրահները ու սենեակները պիտի օժտուին իրենց գործածութեան առնչուած անհրաժեշտ սարքաւորումներով ու լայն կարելիութիւններով:

Շինարարական աշխատանքները պիտի սկսին անմիջապէս, եւ իրենց աւարտին պիտի հասնին Սեպտեմբեր 19, 2026-ին: Շինութեան ճարտարապետն է Տիար Վազգէն Չէքիճեան: Շինարարական յանձնախումբի անդամներն են՝ Տիար Գրիգոր Մահսերէճեան (Ատենապետ), Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան, Տեարք Յակոբ Գըլպաշեան, Վահէ Գալինճեան, Ալեքս Գարապաճագեան եւ Յակոբ Լուսարարեան:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button