Լրահոս

Այցելութիւն Երեւանի Ա․Մ․Ն․ Դեսպանատուն

ԵՐԵՒԱՆ․- Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Մամլոյ դիւանը կը տեղեկացնէ, թէ Ապրիլ 14-ին, տեղի ունեցաւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի եւ Բիւրոյի անդամներ՝ Լիլիթ Գալստեանի եւ Արսէն Համբարձումեանի այցելութիւնը՝ Ա․Մ․Ն․ դեսպանատուն:

Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Քրիսթինա Քվիէնի հետ հանդիպման ընթացքին, Արմէն Ռուստամեան ընդահանուր գիծերով ներկայացուց Հ․Յ․Դ․ 35-րդ Ընդհանուր ժողովի կողմէն որդեգրուած քաղաքական ուղեգիծը եւ համահայկական կառոյցի առաջնահերթութիւնները:

Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամները արծարծեցին Հայաստանի Հանրապետութեան դիմագրաւած անվտանգային խնդիրներու շուրջ իրենց մտահոգութիւնները, եւ կարեւորեցին արցախահայութեան երաշխաւորուած եւ անվտանգ վերադարձը, նաեւ Պաքուի մէջ ռազմագերիներու եւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ազատ արձակման խնդիրը, ընդգծելով Ա․Մ․Ն․-ի քաղաքական ներկայութեան կարեւորութիւնը տարածաշրջանէն ներս։

Կողմերը գնահատեցին նման հանդիպման կարեւորութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին քաղաքական տարբեր օրակարգերու շուրջ մտքերու փոխանակումը շարունակել:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button