ԳլխաւորՅօդուածներ

Ռուսիոյ Մշակութային Դիւանագիտութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Մէջ՝ Արեւմուտքին Եւ Թուրքիոյ Հակազդելու Համար

 

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

14 Ապրիլ 2025

haroutchekijian.wordpress.com

Այս է խորագիրը Ըսփեշըլ Եուրէյժա, Իտալիա հաստատուած SpecialEurasia աշխարհաքաղաքական հետախուզութեան եւ լրատուական գործակալութեան Geopolitical Intelligence & Media Agency, 9 Ապրիլ 2025-ի տեղեկագիրին (1), որ խմբագրութեան կողմէ բաց աղբիւրներէ քաղուած է: Խորհրդատուական այս գործակալութիւնը աշխարհաքաղաքական հետախուզութեան եւ հաւանական վտանգի risk գնահատումի մէջ մասնագիտացած է: Ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ տեղեկագիրը:

Հայաստան եւ Արցախ միացած
  1. Ռուսական մշակոյթէն նմոյշ մը

 

Գործադիր ամփոփում 

Այս զեկոյցը կը կեդրոնանայ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ աշխարհաքաղաքական ուժաբանութեան dynamics վերջին զարգացումներուն վրայ՝ յատկապէս շեշտադրելով Մոսկուայի ջանքերը՝ վերականգնելու իր մշակութային ազդեցութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ:

Հիմնական իրադարձութիւնները, ինչպիսիք են Ատրպէյճանի մէջ Ռուսական տան՝ «Ռոսսոդրուտնիչեսդվօ» (Rossotrudnichestvo) վերաբացման վերաբերեալ քննարկումները եւ Հայաստանի հետ մշակութային համագործակցութիւնը ամրապնդելու Քրեմլինի փորձերը, ցոյց կու տան Մոսկուայի ռազմավարական արձագանքը՝ տարածաշրջանային հաւասարակշռութեան փոփոխութեան։

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ ազդեցութեան նուազումը եւ արեւմտեան պետութիւններու հետ Ատրպէյճանի աճող ուղղութիւնը՝ այս գործողութիւնները հասկանալու խորապատկերը կը կազմեն:

Հիմնական եզրակացութիւններ 

1. Ռուսիան կը ձգտի վերականգնել իր մշակութային եւ դիւանագիտական ներկայութիւնը Ատրպէյճանի մէջ՝ վերաբանալով «Ռոսսոդրուտնիչեսդվօ» կեդրոնը:

2. Մոսկուան կ՚ամրապնդէ իր մշակութային կապերը Հայաստանի հետ՝ ձգտելով հակակշռել Պրիւքսելի եւ Ուաշինկթընի հետ Երեւանի աճող ուղղութիւնը։

3. Ատրպէյճանի աճող յարաբերութիւնները Թուրքիոյ եւ Հայաստանի արեւմտեան առանցքին հետ, տարածաշրջանին մէջ Ռուսիոյ երկարաժամկէտ ռազմավարական դիրքին կը սպառնան։

Նախնական տեղեկութիւններ

Հարաւային Կովկասը երկար ժամանակ եղած է Ռուսիոյ համար ռազմավարական հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարածաշրջան՝ շնորհիւ իր աշխարհագրական դիրքին, ուժանիւթի ուղիներուն եւ ազգային բաղադրութեան։ Պատմականօրէն Մոսկուան պահպանած է մշակութային, տնտեսական եւ ռազմական նշանակալի ազդեցութիւն թէ՛ Երեւանի եւ թէ՛ ալ Պաքուի վրայ, թէեւ տարբեր ուղիներով:

Ռուսիան տակաւին Կովկասը կը նկատէ որպէս յետխորհրդային տարածքի շրջաններ՝ իբրեւ իր մօտիկ արտասահմանը եւ կենսական տարածք, ուր Քրեմլինը նպատակ ունի իր ազդեցութիւնը բանեցնել։

Հայաստանի համար Ռուսիան առանցքային դաշնակից եղած է՝ տրամադրելով ռազմական օժանդակութիւն եւ տնտեսական համագործակցութիւն, առաջին հերթին՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) եւ եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) ծիրին մէջ։ Սակայն, Երեւանի կապերուն ամրապնդումը Արեւմտեան կառոյցներուն հետ ցոյց կու տայ վերջինիս արտաքին քաղաքականութեան փոփոխութիւնը։

Մինչ այդ, Ատրպէյճանը կ՚այլակերպէ իր արտաքին յարաբերութիւնները՝ ամրապնդելով իր դաշինքները Թուրքիոյ, Իսրայէլի եւ ՆԱԹՕ-ի հետ։ Պաքուի գործակցութիւնը Մոսկուայի հետ աւելցած է, երբ Փութինը եւ Ալիեւը ստորագրեցին «Դաշնակիցներու գործակցութեան մասին» հռչակագիրը 22 փետրուար 2022-ին: Ի տարբերութիւն, Թուրքիոյ աջակցութեամբ Ատրպէյճանի ռազմական յաղթանակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, Պաքուին աւելի անկախ արտաքին քաղաքականութիւն վարել շնորհեց:

Այս բնաբանով՝ Ռուսիոյ փափուկ ուժի նախաձեռնութիւնները, ինչպիսիք են Պաքուի մէջ «Ռուսական տան» հնարաւոր բացումը եւ Հայաստանի հետ մշակութային համագործակցութեան աճը, առանցքային նշանակութիւն ունին ազդեցութեան պահպանման համար:

6 Ապրիլ 2025-ի Միջազգային մշակութային համագործակցութեան հարցերով Ռուսիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Միխայիլ Շվիտքոյը յայտարարեց, որ Մոսկուան պատրաստ է Երեւանի հետ մշակութային կապերը ընդլայնելու, որ կախեալ է Հայաստանի մասնակցութենէն։ Ան կը նախատեսէ հանդիպիլ հայ պաշտօնեաներու հետ՝ ուսումնասիրելու համագործակցութիւնը շարժանկարի, թատրոնի, կատարողական արւեստի եւ գեղարուեստական կրթութեան ծիրերուն մէջ:

7 Ապրիլ 2025-ին, Եւկենի Փրիմաքովը ընդգծած է, որ «Ռուսական տան» ղեկավարութիւնը կը շարունակէ բանակցութիւնները Ատրպէյճանի հետ՝ երկրին մէջ Ռուսիոյ տան գործունէութեան հետ կապուած փոխզիջում գտնելու համար, որուն հիմնական խնդիրը դաշնային գործակալութեան՝ իբրեւ իրաւաբանական անձ գրանցելու իրաւական դժուարութիւնն է, թէեւ երկու կողմերը լուծման հասնելու հարցին մէջ լաւատես կը մնան։

Աշխարհաքաղաքական դիպաշարը

«Ռուսական տան» հնարաւոր վերաբացումը Ատրպէյճանի մէջ էական զարգացում է Մոսկուայի ռազմավարութեան մէջ՝ պահպանելու իր մշակութային եւ դիւանագիտական ազդեցութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Ռուսական այն գործակալութիւնը, որ պատասխանատուն է արտասահմանի մէջ ռուսերու լեզուին եւ մշակոյթին տարածման համար, երկար ժամանակ եղած է Քրեմլինի փափուկ ուժի ջանքերուն հիմնաքարը յետխորհրդային երկրներուն մէջ: Փետրուար 2025-ին Պաքուի մէջ «Ռուսական տան» փակումը, սակայն, ետքայլ կը նշանակէ։

«Ռուսական տան» փակման հետ առնչուող հիմնական խնդիրը օրինական է: Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը պնդեն, որ ատրպէյճանական օրէնսդրութիւնը կը խոչընդոտէ ռուսական գործակալութեան գրանցումը իբրեւ իրաւաբանական անձ, այդպիսով սահմանափակելով անոր գործունէութիւնը որպէս պաշտօնական դիւանագիտական հաստատութիւն: «Ռուսական տունը», իբրեւ դաշնակցային մարմին, կը բախի զգալի խոչընդոտներու, քանի որ ան առեւտրական կամ անկախ կազմակերպութիւն չէ, այս է, որ կը դժուարացնէ անոր գրանցումը Ատրպէյճանի մէջ:

Սակայն ռուսական իշխանութիւնները յամառօրէն կը շարունակեն բանակցութիւններ վարել Ատրպէյճան հետ՝ լուծում գտնելու համար: Հարցին աւելի լայն ռազմավարական մտահոգութիւնն է, որ Պաքուի վրայ կ՚ազդէ: Քանի որ, Ատրպէյճանի նպատակն է սահմանափակել Ռուսիոյ մշակութային եւ քաղաքական ազդեցութիւնը, յատկապէս, երբ ան կ՚ամրապնդէ իր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ:

Ռուսիան նաեւ կ՚աշխատի Հայաստանի հետ իր մշակութային եւ քաղաքական կապերու ընդլայնումի ուղղութեամբ՝ ձգտելով մեղմացնել եւրոմիութեան եւ Միացեալ Նահանգներուն հետ Երեւանի աճող ազդեցութեան հետեւանքները։ Մարտ 2025-ին Հայաստանի կողմէ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործողութիւնները պաշտօնապէս սկսելու մասին օրէնքի ընդունումը, լուրջ փոփոխութիւն կը նշանակէ անոր արտաքին քաղաքականութեան մէջ։ Հակառակ անոր, որ Երեւանը Մոսկուայէն կախեալ է առանցքային բնագաւառներու մէջ, յատկապէս ռազմական անվտանգութեան եւ մշակութային դիւանագիտութիւն մէջ՝ հաշուի առնելով նաեւ, որ Հայաստանը տակաւին եւրասիական տնտեսական միութեան՝ ԵԱՏՄ եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան՝ ՀԱՊԿ-ի անդամ է։

Այս բնաբանին մէջ, Քրեմլինի մշակութային դիւանագիտութիւնը Հայաստանի մէջ կը մնայ առանցքային։ Ռուսական մշակութային հաստատութիւնները Հայաստանի մէջ կ՚ուժեղացնեն Մոսկուայի ազդեցութիւնը, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ժամանակ, Մոսկուայի վճռական աջակցութեան բացակայութեան պատճառով մասամբ քայքայուած էր՝ հիասթափեցնելով Երեւանը: Ռուսիոյ փափուկ ուժի նախաձեռնութիւնները, ներառեալ մշակութային փոխանակումները, լեզուական կրթութիւնը եւ լրատուամիջոցներու տարածումը, կ՚օգտագործուին Հայաստանի հետ դրական յարաբերութիւններ պահպանելու եւ Հայաստանի մշակութային եւ անվտանգութեան ծիրերուն մէջ, Մոսկուան իբրեւ անփոխարինելի գործընկեր ներկայացնելու համար:

Հաւանական վտանգներու գնահատում

1. Հաւանական դիւանագիտական լարուածութիւն Ատրպէյճանի հետ: Ատրպէյճանի մէջ «Ռուսական տան» հնարաւոր վերաբացման հետ կապուած իրաւական եւ քաղաքական խոչընդոտները երկու երկրներուն միջեւ կրնան երկարատեւ դիւանագիտական բախումներ յառաջացնել։ Ռուսական մշակութային ներկայութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի սահմանափակումները կը վտանգեն վատթարացնել երկու երկրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ՝ յատկապէս հաշուի առնելով Պաքուի յարաբերութիւնները Անգարայի հետ:

2. Ռուսիոյ մշակութային ազդեցութեան մարտահրաւէրները Հայաստանի մէջ: Հայաստանի մերձեցումը Եւրոմիութեան եւ Միացեալ Նահանգներուն, լուրջ խոչընդոտ կը հանդիսանայ Ռուսիոյ աւանդական գերակայութեան համար, նոյնիսկ այն պարագային, երբ Մոսկուան կը պահպանէ իր մշակութային ազդեցութիւնը: Եթէ Հայաստանը խորացնէ իր կապերը Արեւմուտքին հետ, կրնայ նուազեցնել Ռուսիոյ մշակութային դիւանագիտութեան արդիւնաւէտութիւնը, նոյնիսկ, եթէ անվտանգութեան պարագային՝ համագործակցութիւնը ՀԱՊԿ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի միջոցով կը ձգտի պահպանել։

3. Հայաստանի ներքին անկայունութիւնը: Հայաստանի մէջ աճող ներքին անհանդարտութիւնները, յատկապէս տեղահանուած Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան պարագային, արտաքին քաղաքական պարտաւորութիւնները հաւասարակշռելու երկրին կարողութիւնը կրնան բարդացնել։ Ներքին խնդիրները լուծելու Փաշինեանի կառավարութեան անկարողութիւնը կրնայ հանգեցնել աւելի մեծ անկայունութեան՝ խոչընդոտելով Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի հետ արդիւնաւէտ աշխատելու անոր կարողութեան։

4. Տարածաշրջանային վերադասաւորում: Քանի որ Ատրպէյճանը կը  մօտենայ Թուրքիոյ, իսկ Հայաստանը կ՚ամրապնդէ կապերը ԵՄ-ի եւ Միացեալ Նահանգներուն հետ, Ռուսիոյ տարածաշրջանային ազդեցութիւնը կը նուազի՝ արտացոլացնելով աշխարհաքաղաքական աւելի լայն տեղաշարժ։ Եթէ այդ դաշինքները պաշտօնական դառնան, անվտանգութեան եւ տնտեսական գործընկերութեան, Ռուսիոյ ազդեցութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ կրնայ աւելի սահմանափակուիլ:

Եզրակացութիւն 

Աշխարհաքաղաքական տեղաշարժերը մարտահրաւէր կը նետեն Ռուսիոյ հզօրութեան, Հարաւային Կովկասի մէջ, քանի որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նոր դաշինքները կը տկարացնեն Մոսկուայի տարածաշրջանային ազդեցութիւնը՝ հակառակ անոր տարած մշակութային դիւանագիտական ջանքերուն:

Ատրպէյճանի մէջ «Ռուսական տան» հնարաւոր վերաբացումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ մշակութային կապերը ամրապնդելու Մոսկուայի փորձերը, կ՚ընդգծեն Քրեմլինի ջանքերը՝ յենակէտերը իբրեւ կռուան պահելու այս կարեւոր՝ բանալի երկիրներուն մէջ: Սակայն Ռուսիայէն հեռանալու տարածաշրջանային վերադասաւորումը կրնայ շարունակուիլ, եթէ Մոսկուան աւելի լաւ պայմաններ ու հնարաւորութիւններ չստեղծէ թէ՛ Երեւանի եւ թէ՛ ալ Պաքուի համար»։ Վերջ:

Նոյն նիւթով տես երկու յօդուածներս 25 Յուլիս 2024-ին՝ «Հայ եւ ռուս յարաբերութիւնները կարգաւորելը եւ հեզասահ բարեկամութիւն պահելը որո՞ւն գործն է, աւելի մեծի՞ն, թէ՞ պզտիկին» (2) եւ 18 ապրիլ 2024-ի. «Կովկասի Մէջ Ռուս Ռազմավարութեան՝ Դիւանագիտութեան Պարտութի՞ւնը» (3):

Ամէն պարագայի, ռուս դիւանագիտութեան եւ մա՛նաւանդ գրեթէ անգոյ ռուսական քարոզչութեան բացակայութիւնն է Հարաւային Կովկասի մէջ ռուսական ազդեցութեան տկարացման պատճառը, Արեւմտեան հսկայական եւ ազդեցիկ քարոզչութեան մեքենաներուն դիմաց:

Ռուսիան պէտք է գիտակցի, որ հայ եւ ռուս «դասական բարեկամութիւնը» երբե՛ք կատարուած իրողութիւն չէ՛, եւ աւելի հզօրը՝ Ռուսիան, պէտք է աւելի մեծ ճիգ թափէ իր քարոզչութեան մէջ, նաեւ հայանպաստ գործնական արարքներ կատարէ:

Ռուս պաշտօնական անձինք փոխանակ ըսելու. «Փաշինեան ի՛նք ճանչցաւ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մաս», անմիջապէս թող աւելցնեն, որ «Ղարաբաղը երբե՛ք Ատրպէյճանի մաս կազմած չէ» եւ «1918-էն առաջ Ատրպէյճան գոյութիւն ունեցած չէ՛»: Իրենք շատ լաւ գիտեն իրականութիւնը եւ հայութիւնը սիրաշահելու համար նուազագոյնը այս իրականութիւնը ըսել կը պահանջուի ռուս պատասխանատուներէն, մտաւորականներէն եւ լրատուամիջոցներէն եւ համապատասխան գործունէութիւն:

 

Ընդգծումները բնագիրին հեղինակին կողմէ․-

  1. https://www.specialeurasia.com/2025/04/09/russia-culturale-caucasus/
  2. https://hairenikweekly.com/?p=60616
  3. https://www.aztagdaily.com/archives/612262
Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button