ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ

0 0
Read Time:4 Minute, 20 Second

Եր­կու շա­բաթ առաջ ի յայտ եկաւ, որ Ամե­րի­կա­յի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խա­րա­րու­թիւնը Հայ-Թրքա­կան Փրո­թո­գոլ­նե­րու եւ այլ թեմաներու մա­սին հան­դիպ­ման մը հրա­ւի­րած էր ամե­րի­կա­հայ սահ­մա­նա­փակ թիւով կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, դուրս ձգե­լով շա­ր­ք մը այլ կառոյցներ եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ: Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թիւնը, որ այս տարուան ընթացքին բա­րե­սիրական ու մարդասիրական իր աշխատանքի 100-ամեակը պի­տի նշէ, բազմաթիւ առիթներով մասնակցած է Ա.Մ.Ն. իշխա­նու­թիւններուն հետ հայութիւնը յուզող հիմնական խնդիրներու քննարկման: Առ այդ, Հ.Օ.Մ.ը պաշտօնական նամակով մը դիմեց Ա.Մ.Ն.-ի Արտաքին Գոր­ծոց Նախարարութեան պահանջելով, որ ի°նք եւս, որ­պէս ընդ­հան­րա­պէս հա­մայն հա­յաշ­խար­հի եւ այս պա­րա­գային՝ յատ­կա­պէս ամե­րի­կա­հայ հա­մայն­քէն ներս գոր­ծող եւ հայ կնո­ջա­կան ձայ­նը ներ­կա­յաց­նող ամեն­ածա­ւա­լուն կազ­մա­կեր­պու­թիւնը, մաս­նա­կից դառ­նայ այդ հան­դիպ­ման:

Անց­նող մի քա­նի օրե­րուն զար­ման­քով մա­մու­լէն իմա­ցանք, որ Հայ Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թեան ղե­կավարու­թիւնը, յան­ձին ամերիկանիստ իր ներկայացուցչութեան, դէմ արտա­յայտուած է Հ.Օ.Մ.-ի այդ ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցու­թեան: Այդ լու­րին յա­ջոր­դեց Ասեմպլիին կողմէ տարածուած  եւ իր ու Հայ Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թեան ստո­րագ­րու­թիւնը կրող մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը, որ Ա.Մ.Ն.-ի Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խա­րա­րու­թեան հետ հան­դիպ­ման ու ամե­րի­կա­հա­յու­թեան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան կþանդ­րա­դառ­նար դարձ-դար­ձիկ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով:

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Հայ-Թրքա­կան Փրո­թո­գոլ­նե­րը հայ­կա­կան այս կամ այն քա­ղա­քա­կան թէ այլ որե­ւէ կազ­մա­կեր­պու­թեան կամ խմբակ­ցու­թեան խնդի­րը չեն կրնար ըլ­լալ եւ կþառընչ­ուին ազ­գա­յին հիմ­նա­հար­ցի, 

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ յաչս ոչ-հայկա­կան քա­ղա­քա­կան թէ այլ շրջա­նակ­նե­րուն ու այս պա­րա­գա­յին՝ յաչս ամե­րիկ­եան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ամե­րի­կա­հա­յու­թեան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան ճշդու­մի իրա­ւուն­քը կը պատ­կա­նի հա­մա°յն ամե­րի­կա­հա­յու­թեան եւ ո°չ մէկ կամ երկու կազմակերպութիւն, խմբակցութիւն կամ անհատ իրա­ւունք ունին իրենց վերապահելու այդ ներ­կա­յա­ցուց­չութեան ընտ­րու­թիւնը եւ ատով իսկ համայնքէն ներս բաժնարար դեր խաղալու, 

Նկա­տի ու­նե­նա­լով որ այ­սօ­րի­նակ հար­ցե­րու փակ դռնե­րու ետին քննար­կու­մը պար­զա­պէս պատ­կե­րը կը բար­դաց­նէ ու ան­հար­կի քաշքշ­ուք­նե­րը եր­կա­րե­լու դուռ կը բա­նայ միայն, 

Նկա­տի ու­նե­նա­լով որ Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թիւնը մի°շտ ճա­կա­տա­բաց ներ­կա­յա­ցած է իր ժո­ղո­վուր­դին ու պի­տի շա­րու­նա­կէ գոր­ծել այդ­պէս, առանց թաքց­նե­լիք որե­ւէ բան ու­նե­նա­լու իր ժո­ղո­վուր­դէն, 

Այ­սու մա­մու­լով կը դի­մենք Հայ Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թեան  եւ Ասեմպլիի ղե­կավարո­ւթեան, որ­պէս­զի այս հար­ցի գծով իր կեց­ուածքն ու դիր­քո­րո­շու­մը յստա­կաց­նէ Հ. Օ. Միու­թեան նկատ­մամբ՝ համայն հայութեան դիմաց:

Ամե­րի­կա­յի Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խա­րա­րու­թեան ուղղ­ուած մեր գրու­թեան մէջ մենք ո°չ մէկ այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն փա­փա­քած ենք փո­խա­րի­նել եւ ո°չ մէկ վե­րագ­րում կա­տա­րած որե­ւէ կազ­մա­կեր­պու­թեան հաս­ցէ­ին: Ան­կեղ­ծօ­րէն կը յու­սանք, որ Հայ Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թեան դիր­քո­րո­շու­մի մա­սին հրա­պա­րակ­ուած լու­րե­րը կամ անոր անու­նով ար­տա­յայտ­ուած դիր­քո­րո­շում­ներն ու այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հաս­ցէ­ին վե­րագ­րում­նե­րը՝ թիւր փո­խան­ցում­ներ են: Կը յու­սանք բա­ցա­յայտ­ուած տես­նել, որ այս ամ­բողջ խառ­նի­ճա­ղան­ճը ոչ-հայ շրջա­նակ­նե­րու կող­մէ Փրո­թո­գոլ­նե­րու վա­ւե­րա­ցու­մը հա­յու­թեան ու Հա­յաս­տա­նի վրայ պար­տադ­րե­լու եւ ամե­րի­կա­հայ ճա­կա­տը Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 95ամ­եա­կի նա­խօր­եա­կին պա­ռակտ­ուած տես­նե­լու փորձ մըն է, որուն նպաստող ընթացքը պիտի սրբագրուի շուտով: 

                                                                                                                                                      Հ.Օ.Մ.-Ի ԿԵԴ­ՐՈ­ՆԱ­ԿԱՆ ՎԱՐ­ՉՈՒ­ԹԻՒՆ

                                                                                                                                                                                                     Փետրուար­ 11, 2010

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles