ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՆԱՒԱՊՏՈՅՏ ԹԻՒ 13
Յունուար 16, 2010, Ֆորթ Լօտըրտէյլ…Համեմատաբար աւելի անծանօթ եւ Ֆլորիտայի սիրտ քաղաքին՝ Մայամիին գրեթէ փակած ըլլալուն կամ չըսելու համար արուարձան մը ըլլալուն պատճառաւ, համեմատաբար անիկա աւելի շուքի տակ մնացած է: Այցելողին համար, սովորական է պատկերը, տեղւոյն միջազգային օդակայանի մուտքին:
Երթեւեկ, եռուզեռ, իրարանցում…Ինքնաշարժեր, փոքր թէ հսկայ փոխադրակառքեր կը սպասեն: Շատեր, որոնք յաճախ, սոյն քաղաքի իւրայատկութիւններէն՝ նկատուող նաւապտոյտին ծանօթ են, շուտով կը դասաւորեն փոխադրամիջոց մը՝ «թաքսի» մը եւ կ°ուղղուին դէպի նաւահանգիստ: Հաւանաբար արտասովոր ոչ մէկ նորութիւն, բացի այն մէկ երեւոյթէն թէ այս ամբոխին մէջ բաւական մը «եան»ով աւարտող մականուններ կային, որոնք կը մատնէին թէ Հայկական Աւանդական Նաւապտոյտն էր որուն ազդանշանը պիտի տրուէր:
Անոնց համար ժամավաճառութիւն կամ յաւելեալ ծախս է, քաղաքին շուրջ մնալն ու ման գալը: Իսկ, արդէն իսկ երեկոյեան մեկնող զբօսանաւը, կէսօրուան ժամերուն կ°ընդունէր ճամբորդները, սնանելով եւ տրամադրելով իրենց ապահոված սենեակները:
Այս տարի եւս Եւրոպայէն (Ֆրանսա, Գերմանիա, Անգլիա, Իտալիա, եւլն.), Լիբանանէն« Արժանթինէն« Աւստրալիայէն« Հայաստանէն, Ռուսաստանէն , Գանատայէն եւ Ամերիկայի զանազան նահանգներէն« հիւրեր ժամանած էին:
Համաշխարհային բնոյթ ունեցող, տնտեսական ահաւոր իրավիճակը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ, պատճառ դառնալով որ, մասնակցողներուն թիւը, շօշափելի համեմատութեամբ անկում կրէ: Հակառակ ասոր, հայ ճամբորդները, իրապաշտ մօտեցումով շարունակեցին իրենց խնճոյքը:
Այսպէս գաղթաշխարհի բոլոր ծագերէն ժամանած էին մտաւորականներ« արուեստագէտներ« հայ եկեղեցւոյ սպասարկուներ եւ հոգաբարձուներ« որոնք յաջորդող քանի մը օրերուն մասնակցեցան կլոր սեղաններու, գեղարուեստական յայտագրերու եւ հայութիւնը յուզող հարցերու:
Վերջին տարիներու սովորութիւնէն դուրս գալով, փոխան Կիրակի օրուայ, այս տարուայ նաւապտոյտը սկսաւ Շաբաթ օր եւ այլ մէկ յատկանշական երեւոյթ մըն էր որ զբօսանաւը, փոխան չորսի՝ երեք նաւահանգիստներ այցելեց: Այսպէս, այս տարուայ հայութիւնը աւելի ծփաց եւ նաւ կոչեցեալ կղզիին վրայ, յաւելեալ ժամանակ անցուց:
Հայկական Աւանդական Նաւապտոյտի, «Թրէվըլ կրուփ» եւ «Քոսթա» ընկերութիւններու պատասխանատուներու վկայութեամբ, այս տարուայ նաւապտոյտը եղած է ամէնէն աւելի հանդարտը: Արդարեւ ծովը տիրապետելով իր ջղային ու անհանդարտ ալիքներուն վրայ, եօթ օր շարունակ կացութեան տէրը դառնալով, պարտադրեց որ ջուրը չանհանգստացնէ եւ ընդհակառակը փայփայէ զբօսանաւն ու հետեւաբար անոր ճամբորդներն եւ անձնակազմը:
Նաւը՝ «Քոսթա Աթլանթիքա»ն իւրայատուկ մթնոլորտ մը կը ստեղծէ, յատկապէս շարժապատկերի սիրահարներուն մօտ: Արդարեւ, իտալական ընկերութեան պատկանող այս նաւուն ինը յարկերն ալ, մկրտուած են հանրածանօթ բեմադրիչ, «Չինեչիթա»ի չաստուածներէն՝ Ֆետերիքօ Ֆելլինիի ժապաւէններուն անուններով՝ «Ռոմա», «Ճինճըր Է Ֆրէտ», «Ի Քլաունզ», «8 1/2» (բնականաբար ութերորդ յարկ) եւ զարմանալիօրէն ծովային ճամբով փոխադրութեան, նաւարկութեան հետ կապ ունեցող ժապաւէններու անուններով մակադրուած՝ «Ամարքորտ» եւ բնականաբար «Է Լա Նաւէ Վա»…Եւ նաւը կը մեկնի: Իսկ «Հայրենիք»ի ծփացող գրատունին համար տրամադրուած էր իւրայատուկ «Փափարացի» սենեակը, որ իր վաթսունականներու դերասաններու լուսանկարներով, անցեալի յուշեր վերակենդանացնող ակնթարթներ կը ստեղծէր:
Սովորական ու հաճելի աւանդութիւնը՝ հայկական զանազան կազմակերպութիւններուն ու կրթական հաստատութիւններուն տարեկան հաւաքոյթները նաւուն վրայ կազմակերպումը մեծ թափով շարունակուեցաւ: Այս ձեռնարկներու շարքին էին.- Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու մասին վիճաբանական հաւաք մը, «Համազգային»ի մասին նուիրուած ձեռնարկ մը, Հայ Օգնութեան Միութեան մասին այլ հաւաք մը, «Արմինիըն Ուիքլի»ի եւ «Հայրենիք»ի յաջորդաբար 75-ամեակի եւ 110-ամեակի նշում, Պոլսահայ ընկերակցութեան ձեռնարկ, գիրքի ներկայացում եւ գեղարուեստական յայտագրեր, որոնց կարգին յատկապէս բրիտանահայ Գեւ Օրգեանի մենախօսութիւն, Պոսթընի «Սայաթ Նովա» պարախումբի համոյթ եւ երգահանդէս, մասնակցութեամբ Խաչիկ Ճինկիրեանի, Յովիկ Գրիգորեանի եւ «Առաւօտ» նուագախումբին:
Նաւը խարիսխ նետեց առաջին Հանգրուանը.- տեսարժան վայր մը՝ Սէյնթ Թոմըս (Վըրճին Այլընտզ): Իր կանաչութեամբ եւ բլուրներով իւրայատուկ այս կղզեակները, առիթ մը ընծայեցին, որ երկու օր շարունակ տախտակամածին վրայ բանտարկուած ճամբորդները հաստատ գետնին վրայ ման գան, ըմբոշխնեն բնութիւնը (թէեւ բաւական շոգ…) եւ անշուշտ լողան, ըմբոշխնելով բնական ծովուն աղի ջուրն ու հեռաւոր բարձրէն՝ արեւին կիզիչ ճառագայթները:
Երկրորդ հանգրուան… այլ սրբատեղի մը՝ Սան Խուան (Փուերթօ Ռիքօ), որ համեմատաբար «ընդունակ» չէր իր լողարաններով, մանաւանդ որ առաջին ժամերուն անձրեւն ու խոնաւութիւնը պատճառ դարձած էին, որ հայ զբօսաշրջիկը այդչափ ալ մեծ խանդավառութեամբ դուրս չգայ նաւէն: Սակայն հազիւ քանի մը ժամ անցած, կապոյտ երկինքն ու կիզիչ ճառագայթները կրցած էին տիրապետել անձրեւին եւ աննպաստ օդին վրայ: Կղզիին շուրջ պտոյտները բաւական ժամանակ խլելով, այցելուները ընդհանրապէս գնումներ է որ կատարեցին:
Երրորդ եւ վերջին հանգրուան՝ տաս-տափակ, հարթ-հաւասար Թըրքս էնտ Քէյքոս կղզին, որուն միակ հարստութիւնը աղն ու ջինջ ծովափն են: Հոս, կէս ժամ բաւարար է կղզեակին շուրջը պտտելու…կղզեակ մը, ուր նոյնիսկ ոստիկաններն անգամ անգործ են, ոճրագործներու եւ աւազակներու բացակայութեան պատճառով:
Վերադարձ նաւ… Այս հայկական նաւապտոյտին մեծագոյն արժանիքը կը կայանայ ազգային« քաղաքական եւ մտաւորական հարթակներու վրայ մտաւորականութիւնը իրարու մօտ բերելու անոր յաջողութեան մէջ« անկախ գաղափարական ու կրօնական անոնց արեւելումներէն: Անգամ մը եւս այս պատկերը կրկնուեցաւ, այս 13-րդ նաւապտոյտին:
«Հայրենիք»