Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՍԻՐԵԼԻ ԵՐԷՑԿԻՆ ԱՐՓԻՆԷ ՇԻՐԻԳԵԱՆԻ.- ՓԵՏՐՈՒԱՐ 9, 1928 – ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1, 2009

0 0
Read Time:4 Minute, 16 Second
Երէցկին Արփինէ Շիրիգեան

Կի­րա­կի, Նո­յեմ­բեր 1, 2009ին մահ­կա­նա­ցուն կնքեց շատ սի­րե­լի երէց­կին Ար­փի­նէ Շի­րիգ­եա­նը Մի­շի­կը­նի մէջ: Նո­յեմ­բեր 6ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ անոր պատ­շաճ յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւնը, որուն ներ­կայ էին Թե­միս Առաջ­նորդ Սրբա­զան Արք. Օշա­կան Չօ­լոյ­եան, Արե­ւել­եան Թե­մի Առաջ­նոր­դու­թեան կղե­րա­կան­ներ, Մեծն Տիթ­րոյ­թի Հայ եկե­ղե­ցի­նե­րու Հո­վիւ­ներ եւ Սուրբ Սար­գիս Եկե­ղեց­ւոյ Հո­վիւ Տէր Տա­րօն Ստե­փան­եան: Ներ­կայ էին նա­եւ գա­ղու­թիս քոյր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հա­րա­զատ­ներ եւ բա­րե­կամ­ներ, որոնք եկած էին տա­լու իրենց վեր­ջին յար­գան­քի տուր­քը սի­րե­լի Երէց­կին Ար­փի­նէ Շի­րիգ­եա­նի:

Յու­ղար­կա­ւո­րու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք Սբ. Սար­գիս Եկե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից “Լիլ­ի­ան Առա­քել­եան” սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ երէց­կի­նի յի­շա­տա­կին նուիր­ուած հո­գե­ճաշ մը, որու ըն­թաց­քին Սրբա­զան Հայ­րը յի­շեց երէց­կի­նը ըսե­լով “Ան մարմ­նա­ցումն էր երէց­կին կո­չու­մին: Ան Տէր Կո­րիւ­նի կող­քին, ծա­ռա­յեց եր­կար տա­րի­ներ Սրբ. Սար­գիս եկե­ղեց­ւոյ հա­մայն­քին եւ եղաւ ամուր եւ հաս­տատ հի­մե­րէն մէ­կը այս գա­ղու­թիս: Ան շա­րու­նակ ներշն­չեց իր շուր­ջին­նե­րը, մեծ թէ պզտիկ, ծա­ռա­յե­լու Հայ Եկե­ղեց­ւոյ եւ Հայ Ազ­գին”: Զա­նա­զան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ խօսք առ­նե­լով դրուա­տե­ցին իրենց յի­շա­տակ­ներն ու տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը երէց­կի­նի մա­սին:

Երէց­կին Ար­փի­նէ ան­դամ էր Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան Տիթ­րոյ­թի “Մա­րօ” մաս­նա­ճիւ­ղին, ուս­տի “Մա­րօ”  մաս­նա­ճիւ­ղին կող­մէ, ըն­կե­րու­հի Քէ­րըն Յա­կոբ­եան խօսք առաւ ըսե­լով “Երէց­կի­նի հա­մար ան­կա­րե­լի բան գո­յու­թիւն չու­նէր, ան զօ­րա­ւոր եւ հաս­տատ անձ մըն էր որ կը ներշն­չէր եւ կը կազ­մա­կեր­պէր նոր սե­րուն­դը մի­ա­նա­լու Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան շար­քե­րը: Ան յա­ճախ կը շեշ­տէր կա­րե­ւո­րու­թիւնը երի­տա­սարդ օրի­որդ­նե­րու եւ տի­կին­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան իրենց շատ սի­րե­լի այս կազ­մա­կեր­պու­թեան”: Ան աւել­ցուց ըսե­լով “այս շնոր­հա­լի կի­նը իր զա­նա­զան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րով մեր ադա­մանդն ու մայրն էր: Մաս­նա­ճիւ­ղիս բո­լոր ան­դա­մու­հի­նե­րուն կող­մէ յար­գանք եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն քեզ սի­րե­լի երէց­կին”:

Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան տեղ­ւոյս Միջ վար­չու­թեան եւ հինգ մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն կող­մէ ըն­կե­րու­հի Սիր­վարդ Թէ­լէպ­եան խո­րին ցա­ւակ­ցու­թիւն յայտ­նեց դոկտ. Աւագ քա­հա­նայ տէր Կո­րիւն Շի­րիգ­եա­նի, բո­լոր Շի­րիգ­եան ըն­տա­նիք­նե­րուն, հա­րա­զատ­նե­րուն եւ ներ­կա­նե­րուն: Ան շա­րու­նա­կեց ըսե­լով “ըն­կե­րու­հի Ար­փի­նէ Շի­րիգ­եան բո­լո­րէն սիր­ուած ու յարգ­ուած տի­պար Հ.Օ.Մ.-ու­հի մը եւ հայ­րե­նա­սէր անձ մըն էր: Ան ստանձ­նած էր զա­նա­զան վար­չա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ”, եւ յի­շեց անոնց­մէ մի քա­նին` Միջ վար­չու­թեան ատե­նա­պե­տու­հի, Հ.Օ.Մ.ի տեղ­ւոյս Զա­ւար­եան մի­օր­եայ վար­ժա­րա­նի հա­յե­րէն լեզ­ուի ու­սուց­չու­հի, Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, Հա­յաս­տա­նի երկ­րա­շար­ժի օգ­նու­թեան յանձ­նա­խում­բի ատե­նա­պե­տու­հի եւայլն: Ըն­կե­րու­հի Սիր­վարդ վեր­ջա­ցուց իր խօս­քը ըսե­լով “սի­րե­լի երէց­կին Ար­փի­նէ, քո այն­քան սի­րած կազ­մա­կեր­պու­թեան գոր­ծը պի­տի շա­րու­նա­կենք նոյն խան­դով ու հա­ւա­տար­մու­թեամբ: Լոյս իջ­նէ հոգ­ւոյդ սի­րե­լի երէց­կին”:

Հ.Օ.Մ.ի Տիթ­րոյ­թի բո­լոր ըն­կե­րու­հի­նե­րու անու­նով կը խո­նար­հիմ քո շի­րի­մին առ­ջեւ ըսե­լով` Վարձքդ կա­տար եւ հողդ թե­թեւ սի­րե­լի ըն­կե­րու­հի:

Հ.Օ.Մ.ի ըն­կե­րու­հի

ԱԼԻՍ ՓԻ­ԼԻ­ՊՈՍ­ԵԱՆ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles