ԱՌԱՐԿԱՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ Ի ԽՆԴԻՐ՝ ՃԻՇԴ ՈՒՂԻ ԸՆԴԳՐԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

0 0
Read Time:4 Minute, 18 Second

Յ. Պալեան

Հայ հանրային կեանքի մէջ,- քաղաքական, կրթական, ընկերային, մշակութային, տնտեսական, գիտական, եկեղեցական եւ այլ,- կը յայտնուին կարծիքներ, տուներու, սրճարաններու եւ ժողովներու մէջ, լրատուամիջոցներով, բեմերէ:

Առարկայական տուեալներու բացակայութեան, ոչ ոք հարցականի կրնայ ենթարկել այդ կարծիքներու ճշդութիւնը եւ բարիկամեցողութիւնը, նոյնիսկ երբ անոնք մրցակցական նպատակներ կը հետապնդեն:

Եւ քանի որ կանոն է խօսքի ազատութիւնը, հանդուրժելի են բոլոր կարծիքները: Հետեւա՞նքը…

Նուազագոյն պարկեշտութեամբ եթէ դիտենք կացութիւնները եւ ներկայացող տուեալներու պատկերը, պարզապէս կը հաստատենք, որ արտայայտուած կարծիքները մեծաւ մասամբ կը կռթնին ենթակայական գնահատումներու եւ տուեալներու վրայ: Ուստի անոնք միշտ վիճելի են, ժամանակաւոր, կողմնապաշտ, մասնակի, եւ փոխանակ բերելու յստակացումներ, որոնք անհրաժեշտ են ճիշդ դատումներու եւ կողմնորոշումներու համար, կը շեշտեն շփոթները:

Անորոշութիւնը եւ «մօտաւորապէս»ը պատճառ կ’ըլլան ամլացնող վէճերու, կը յառաջացնեն շփոթներ, եւ ազգին նաւը կը յառաջանայ միայն պարզ աչքերով դիտող ղեկը բռնած նաւապետի ճապկումներով, ֆրանսացին կ’ըսէ՝ pilotage à vue, նաւավարութիւն առանց հեռուն տեսնելու, առանց կողմնացոյցի եւ հեռադիտակի:

Արդարեւ, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ըսելէ եւ ծրագրումներ ընելէ առաջ, հարկ է ունենալ առարկայական, ոչ-ենթակայական եւ բոլորին համար անվիճելի տուեալներ եւ տեղեկութիւններ, անվիճելի ճշգրիտ թիւեր եւ վիճակագրութիւններ: Այս՝ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

Մեր «քաղաքականութիւններ»ը եւ «նախաձեռնութիւններ»ը նկատի կ’ունենան «ինչ կ’ուզենք»ի հայրենասիրական կամ փառասիրական ցանկութիւնները, առանց նկատի առնելու «ի՞նչ ենք»ը, «ի՞նչ կրնանք»ը, մեր կարողութիւնները, ազգային գոյացումը երաշխաւորող տուեալներու կենսական պատկերը:

Միշտ կարելի է խօսիլ եւ հանրութիւն յուզել «պահանջ»ներով, ցանկութիւններով, հեռանկարներով, որոնք վերջին հաշւով կը նմանին մենախօսութեան: Ամբոխավարական խօսքը կարիք չունի առարարկայականութեան եւ զանգուածներուն կը մատակարարէ ինքնամոռացման եւ հաւկուրութեան անվաղորդայն ապրումներ, մասնակիին տալով ընդհանրական եւ տիեզերական բնոյթ, տուեալ պահու մը անվաղորդայն հրավառութիւններու ծնունդ տալով:

ԱԶԳԱՊԱՀՊԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԵՒ ԱՌԱՐԿԱՅԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ

Այսօր իրապէս ի՞նչ գիտենք նոր սկսած դարու հայ ժողովուրդի համրանքի մասին: Համրանքը կ’ենթադրէ թիւ, թիւերը ըստ էութեան անվիճելի պէտք է ըլլան:

Կարելի՞ է հայ ազգի մարդահամարը կազմել: Անկարելի՞ է այդ ընել:

Պետութիւնը, եկեղեցին(ներ)ը, կուսակցութիւնները եւ այլ կառոյցներ եթէ փորձեն համրանքի գնահատում ընել, կամ եթէ անոնց դիմուի այդ գնահատումը լսելու համար, պիտի գտնուինք արտառոց տարբերութիւններու առջեւ:

Կարելի՞ է աշխատանքի ծրագրում ընել, առանց գիտնալու, թէ անոր իրականացումը որոնց համար եւ որոնց հետ պիտի ըլլայ:

Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռք(ներ)ի հզօրացումը (յաճախ կրկնուող եւ ամբոխավարական ճառի մակարդակին մնացող բառ) սերտօրէն կ’առընչուի ազգի համրանքին եւ անկէ յառաջացած մարդուժին: Հայրենիք կը պահուի՞ եւ ազգ կը գոյանա՞յ առանց մարդուժի:

Ո՞վ պիտի իրականացնէ այս մարդահամարը՝ որպէս սոսկ թիւ: Կարելի կ’ըլլա՞յ ստեղծել պետական-համազգային կառոյց մը, որ յառաջիկայ երկու կամ հինգ տարիներուն սկսի եւ իր լրումին հասցնէ համահայկական մարդահամար մը, եթէ հնարաւոր ըլլայ ճշդելով նաեւ զանազան ազդակներու բերումով յառաջացած «ծագումով հայեր»ու կամ «կորսուած համարուածներ»ու համրանքը:

Այս համրանքին համար թուական լրիւ ճշգրտութիւն պիտի չըլլայ, այլ վիճակագրական, պայմանաւ որ անճշդութեան տոկոսը գիտնանք, ան ըլլայ ընդունելիի եւ տրամաբանականի սահմաններուն մէջ:

Յաւելեալ ճշգրտութեան համար, կարելի է կազմել որակի արժեւորման աստիճանաչափ, գիտնալու համար, թէ որոնք են ազգի անդամութեան յատկանիշները, որպէսզի ազգը չդիտուի որպէս անորոշ դիմագիծով միգամած մը: Անորոշութիւնը երբեք ճիշդ ուղիով չ’առաջնորդեր բոլոր տեսակի ղեկավարումները:

Այս «մարդահամար»ը սիրողական աշխատանք չէ, թաղային եւ համայնքային գնահատում չէ: Ան կը պահանջէ կարեւոր վարկեր, մասնագիտական կազմակերպում եւ լիավճար աշխատողներ:

Մարդահամարի իրականացման կողքին, միաժամանակ, ճիշդ բանաձեւուած եւ շփոթներ չստեղծող հարցարանով, այլ տեղեկութիւններ պէտք է հաւաքել, օրինակ, այրերու եւ կանանց համեմատութիւնը, տարիքային շերտերը, հաղորդակցութեան ընթացիկ լեզուն, ուսման մակարդակը, գործունէութեան մարզերը (գիտութիւն, հողագործութիւն, առեւտուր, արհեստներ, եւայլն), դասակարգում կատարելով ըստ եկամուտի եւ կեանքի պայմաններու, կարողութիւններու: Այս բոլոր մանրամասնութիւնները ի յառաջագունէ կ’ուսումնասիրուին եւ կը ճշդուին մարդահամարը եւ վիճակագրութիւնը կազմակերպելու կոչուած կեդրոնական ոչ-սիրողական մարմնին կողմէ:

Զուգահեռաբար կը կազմուի, օրինակ, հայկական վարժարաններու եւ ուսուցման կեդրոններու ցուցակը, լրատուամիջոցներու, հայկական կեդրոններու, միութիւններու, անորոշ սահմանումով «կազմակերպութիւն»ներուեւ եկեղեցիներու ցանկը:

Նկատի ունենալով որ ներկայիս ընդհանրացած է, եւ աւելի պիտի ընդհանրանայ յառաջիկայ տարիներուն, ելեկտրոնային հաղորդակցութիւնը, կարելի է կազմել համահայկական հասցէարան, եւ արագացնել կապերը բոլորին հետ, յաղթահարելով մեկուսացումները եւ հեռաւորութիւնները:

Միթէ՞ պարզ չէ, որ յանձնառութեան եւ համագործակցութեան առաջին եւ կարեւոր քայլը տեղեկանալով կը սկսի:

ԱԶԳԻ ՏԵՍԱՆԿԻՒՆԷՆ ԿԵՆՍԱԿԱՆ Է ԱՅՍ  ՏԵՂԵԿՈՒԹԵԱՆ ՇՏԵՄԱՐԱՆԸ

Ազգային պետութիւնը եւ հայոց իրաւունքներու վերականգնումը, ոչ ոք կը կասկածի, թուղթով եւ ձայնային ալիքներով չեն կրնար առաջնորդուիլ: Ո՞ր առարկայական եւ ենթակայական պատուանդանին վրայ կը գտնուին անոնք, տոկալու, տեւելու եւ յաջողելու համար: Առանց սեփական կարելիութիւններու հիմնուած քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ հաղորդակցական (media) նախաձեռնութիւններ կամ կը ձախողին կամ կը խրին հաւաքականութիւններ զուարճացնող ամբոխավարութեան մէջ:

Արդէն հինցած նորութիւն է խօսիլ «լոպպիստական» (lobbying) աշխատանքի մասին: Ան գոյութեան իրաւունք ձեռք բերած է բազմաթիւ մարզերու մէջ: Համակրանք շահելու (ոչ գութ) եւ ազդեցութիւն կարենալ բանեցնելու «լոպպիստական» աշխատանքը պէտք է ունենայ նեցուկներ, տեւաբար մրցակցութեան մէջ եղող աշխարհի մէջ: Մեր պարագային, այս աշխատանքին համար կարեւոր է մեր ռւժի մէկտեղումը եւ օգտագործումը: Այդ ուժին առարկայական գնահատումը չունինք: Ինչ որ կը կարծենք ունենալ զուտ ենթակայական, մասնակի է եւ շատ կը տարբերի մէկ անձէն միւսը, մէկ խմբաւորումէ միւսը:

Ուստի անհրաժեշտ է ձեռնարկել յիշուած եղանակով ամբողջական մարդահամարի եւ տեղեկահաւաքի, ազգի ներուժը լաւապէս ծառայեցնելու համար ազգին, միաժամանակ, ստացուած տուեալներու լոյսին տակ, ձեռնարկել այդ համրանքի ազգային որակով եւ ազգային աւազանի մէջ պահպանման:

Պարզ. համազգային մարդահամար, համազգային կարողութիւններու ճիշդ գնահատում, համազգային նպատակներու իրականացման ճամբուն վրայ իմաստուն կերպով օգտագործման համար:

Ո՞վ պիտի ձեռնարկէ:

Անկասկա՛ծ, հայրենի պետութիւնը, համախմբելով գիտական եւ տնտեսական ուժերը: Որպէսզի կարողութիւններու հիման վրայ կատարուի աշխատանքի բաժանում, այս անգամ իրաւ հզօրութիւն ստեղծելու համար:

Այս աշխատանքը չստորադասել այլ մտահոգութիւններու, որպէսզի օր մը ստիպուած չըլլանք ըսելու, որ ուշացած ենք, կարելի չէ, եւ շարուանակենք ենթակայական ոլորտներու մէջ խարխափել եւ հով տալ ամբոխավարութեան:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles