ԱմերիկահայԼրահոս

ՏԻԹՐՈՅԹ.- ԳՐԱԿԱՆ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՀԱՐՆԵՐ


Անդրանիկ Գարատօլեան

Տիթրոյթի Համազգային Հայ Մշակութայի Միութեան նախաձեռնութեամբ եւ կազ-մակերպութեամբ, Կիրակի, Ապրիլ 23, 2017-ին, կիրակի կէսօրէ ետք ժամը 1-ին, Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ յարակից «Լիլիըն Առաքելեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի տարիներու ընթացքին սովորութեան վերածուած «Գրական եւ Արուեստի Գոհար-ներ» մշակութային եւ գեղարուեստական կոկիկ եւ որակաւոր ձեռնարկը:
Այս ձեռնակին ներկայ էր Սուրբ Սարցիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տէր Հրանդ Քհնյ. Գէորգեան, միութենական անդամներ եւ շուրջ 50-60 մշակութասէր հասարակութիւն մը: Օրուայ հանդիսավարն էր Համազգայինի վարչութեան ատենապետուհի Հերմինէ Մանուկեանը, որ իր բարի գալուտի խօսքէն ետք, աւելցուց թէ Համազգային Մշակութային Միութիւնը մեծ հաճոյքով կը ներկայացնէ «Գրական եւ Արուեստի Գոհարներ» անունին տակ մեր մշակոյթի կառկառուն դեմքերէն կտորներ, երաժշտութիւն, երգ եւ ասմունք: Ամէն տարի Ապրիլ ամսուն մէջ կը ծրագրէ ու կը կազմակերպէ այս ձեռնարկը՝ յարգելու եւ վերապրեցնելու Մեծ Եղեռնի նահատակներու անմեռ յիշատակը:
«Եթէ կ՚ուզէնք ապրիլ եւ յարատեւել սփիւռքի մէջ, այնպայմանօրէն պէտք է լսենք գրական գործերը մեր գրողներուն: Եթէ կ՚ուզենք մեր սրտի լարերը վերանորոգել ու զօրացնել, պէտք է լսենք մեր վարպետներուն երաժշտական ստեղծագործութիւները: Եթէ հայրենքի ապահովութեան եւ գոյապահպապման մա-սին պիտի մտածենք՝ պէտք է ականչ տանք յեղափոխական, եւ ազգային հայրենասիրական երգերուն: Եթէ երաժշտութիւնը պիտի ըմբոշխնենք՝պէտք է գնահատենք, արժեւորենք եւ քաջալերենք մեր երաժշտագէտները: Ահաւասիկ մեր այսօրուայ ձեռնարկը մասունք մըն է մեր հայանպաստ ապրելու եւ գոյատեւելու անընկուն կամքին: Մեծապէս կը գնահատենք ելոյթի մասնակից իւրաքանչիւր անհատ, որոնք մեզի կը ներկայացնէն հայ գրողներէն գոհարներ, հայ երգէն ապրում արեան հոսք եւ գոյատեւելու կամք, հայ երաժշտութեամբ մեր պատկանելիութիւնը դրսեւորող ըլլան անոք հոգեկան, հոգեւորական, մարդկային պայքարի եւ ազատութեան: Կը գնահատենք բոլոր մասնակցողները եւ արժանավայել կերպով կ՚ըսենք՝ Վարձքերնիդ կատար», եզրակացուց ան:
Ապա, հանդիսավարուհին յայտագիրը բացուած յայտարարեց եւ բեմ հրաւիրեց տաղանդաւոր ջութակահար Հէրի Օվակիմեանը: Ան, ապրումով նուագեց «Օտար ամայի ճամբէքի վրայ» եւ «Կռունկ Ուստի Կու գաս» գործերը: Ու այնուհետեւ հերթով բեմ բարձրացան ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերող հայորդիներ, որոնք՝ ապրումով ասմունքեցի իրեն յանձնուած բանատեղծներու հոգիի եւ մտքի ստեղծագործութիւներէն հատուածներ: Նարինէ Միրիճանեան ասմունքեց «Քիչ ենք Բայց Հայ ենք» (Պարոյր Սեւակ), իսկ Շողեր Ուռլեան «Կոյր Աշուղը» (Աւետիս Ահարոնեան): Հելենա Պարտագճեան ապրումով մեներգեց Ներսիկ Իսպիրեանի «Պիտի Պաշտպանեմ» հայրենասիրական երգը: Որմէ ետք, յաջորդաբար բեմ բարձրացան Նայիրի Սաղրեան «Ուխտ Արարատին» (Անդրանիկ Ծառուկեան), Սերժ Կարապետեան «Երգ Կռունկի մասին» (Գէորգ Էմին), Հերմինէ Տէր Վարդանեան «Ճակատագիր» (Համօ Սահեան): Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ Անահիտ Թումաճեանի «Սասունցիների Պար» (Գէորգ Էմին): Համազգայինի վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափար մը յղացած էր յայտագրին մասնակցող առ ի գնահատանք՝ նուիրել 2016 Համազգայինի «Արաքս» պարախումբի տարեկան ելոյթի տեսաներիզը: Իսկապէս գեղեցիկ ու գնահատելի ձեռնարկ մըն էր որ տեղի ունեցաւ, ներկայ հասարակութիւնը անգամ մը եւս գոհունակ սրտով ըմբոշխնեց մեր բանաստեղծներու մտքի ու հոգիի ստեղծագործուեան հատուածները: Համազգայինը իր հիմնադրութեան օրէն սկսեալ, գաղութի ազգային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, համեստ իր առաքելութեամբ կը շարունակէ մնալ հաւատարիմ իր կոչումին, եւ առանց ընկրկումի ամերիկածին հայ փոքրիկին, պատանին, երիտասարդին ու տարեցին կը ջամբէ ային ինչ որ իրն է, այն ինչ որ ազգային արժէք է, եւ այն ինչ որ մնայուն է հայ կեան-քի հիմնական սկզբունքներուն՝ ի խնդիր հայ ազգի երազներու իրականացման:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button