Յ. Պալեան
«Հայքը Հայկ նահապետի զարմի` հայերու հայրե-նիքն է, անոնց սեփական աշխարհը այս մեծ աշ-խարհին մէջ: Երկրի եզրերը կ’աւարտին հոն, ուր կը վերջանայ հայերէն խօսակցական լեզուն»:
Հայկ Խաչատրեան, «Արտաշէս» պատմավէպ,
Հայաստան, 20րդ դար
Հայաստան եւ սփիւռքներ, քաղաքական եւ մադորսական ճապկումներով, հայերէնի մոռացումը, լքումը եւ արհամարհանքը դարձած են ազգակերտման եւ ապագայի տեսակէտէ այլեւս տիրականօրէն վնասակար գործնապաշտութիւն:
«Էսթէպլիշմընթ»ները այս իրողութիւնը բարձիթողի կ’ընեն դիրքապաշտական խաբէութեամբ:
Ամբոխավարական ճառով կը յիշուին եւ կը փառաւորուին օտարախօսներ եւ օտարագիրներ: Անոնց «ծագում»ը կը համարուի ազգին տրուած բարենիշ, մանաւանդ երբ անոնք պատիւ կ’ընեն յիշելու… որ «հայ» են: Փոխառութեամբ կը պճնենք մեր ազգային բովանդակութենէ զուրկ սնափառութիւնը:
Ո՞վ կը հաշուէ բոլոր անոնք որոնք օտարախօս եւ օտարագիր դառնալով խզուած են իրենց «ծագում»էն անգամ, երբ յիշողութիւնը պահած բացառութիւններէն անդին գտնուող զանգուածը հաւկուրութեամբ չենք տեսներ: Եթէ կարելի ըլլայ վիճակագրութիւն կազմել եւ խօսիլ տոկոսներով, այն ատեն մեր ճառերը ինքնախաբէութեան յուզումներ չեն ըլլար, կը դառնանք իրատես:
Քանի մը անգամ առիթ եղած է յիշելու անցեալ դարու հայրենի գրող Հայկ Խաչատրեանի «Արտաշէս» պատմավէպը: Գրողները մարդու, ազգի հոգիի, անցեալի, ներկայի եւ ապագայի հայելի են, եթէ ուզենք նայիլ այդ հայելիին մէջ, փոխանակ բաւաrարուելու որպէս ցուցասրահի ապրանք զանոնք գործածելու բան չնշանակող իրարանցումներով: Այդ հայելին մեր գնած եւ վարձած շպարները կը ջնջէ, եթէ իմաստութիւնը ունենանք առանց անոնց կեղծիքին ապրելու:
Օտարախօսութիւնը եւ օտարագրութիւնը մեր պատմութեան չափ հին են, խոր արմատներ ունին: Հայկ Խաչատրեանի վէպին մէջ կը յիշուի Արտաշէս արքայի իշխանութենէն անջատ թագաւորութիւն հիմնած հայածնունդ արքան, որուն արքունիքին մէջ պարթեւերէն կը խօսուէր: Հայոց արքայի սպարապետը պատերազմով վերջ կու տայ իշխանութեամբ եւ լեզուով անհարազատ «թագաւորութեան»: Անոր արքունիքը, կիները եւ զաւակները կը բերուին Հայաստան, որպէսզի հայախօս դառնան:
Գիրքը պէտք է գտնել եւ կարդալ:
Անուններու եւ դրուագներու յիշեցումը գրքունակ պիտի ըլլար: Անոնք կը մոռցուին երբ ընթերցումը ուրիշի տպաւորութիւններէն պատառիկներ կը հասնին մեր գիտակցութեան: Եթէ հասնին:
Կարեւոր է գրական երկէն, այս պարագային «Արտաշէս» վէպէն բխած պատգամը, որ մեզի կ’ընկերանայ, երբ անոր մէջ կը տեսնենք եւ կը լսենք մենք մեզ, մեր ընկերութիւնը եւ մեր ժամանակը: Այդ պատգամը իմանալու համար, իմաստասէրի ըսածին պէս, «հարցերուն պէտք է մերձենալ մերկ եւ միամիտ հոգիով (Հայտէկկէր), այսինքն թօթափելով անհարազատութիւններու բորբոսը, որ ամէն օր կ’աճի համաշխարհայնացման մէջ եւ երբ սպառողական ընկերութեան անձնատուր կ’ըլլանք, ենթարկուելով, մեր իսկ ընտրութեամբ, մեր ինքնութեան կորուստի ճնշումներուն:
Ի՞նչ բերած է մեր ազգին մեզ վարակած բազմատեսակ օտարախօսութիւնը: Մեր համրանքը եւ մեր իմացական ներուժը տարած եւ թափած է օտարներու աւազանները: Բացառութիւններ յիշելով իրականութիւնները կը վարագուրենք: Օտարախօսութեան եւ ազգային լեզուի մոռացման հետեւանքով մեր կորուստներու գնահատումը չենք ուզած եւ չենք ուզեր ընել: Օտարախօս դառնալով հայ մնալու եւ ազգին ծառայելու ճիգ ընողներ եղած եւ կան. բացառութիւններ: Բայց ի՞նչ է համեմատութիւնը անոնց՝ որոնք երբեմն կը յիշեն եւ կ’ըսեն թէ իրենց մեծ-հայրը հայ էր: Դեռ կ’ըսեն՝ թէ իրենք «հայ ամերիկացի», «հայ ֆրանսացի» են, դեռ չլսեցինք, բայց պիտի գայ օրը երբ պիտի ըսենք, թէ «հայ թուրք» ենք: Ուրիշներ այդ յիշողութիւնն անգամ չունին: Ասկէ առաջ խօսած եմ Իտալիոյ հարաւային շրջաններուն մէջ եղած հայ եկեղեցիներու մասին: Հոն հայեր չկան, կան հայ սուրբեր եւ հրաշագործ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի արձան, «սան Կրկորիօ արմէնօ»…
«Արտաշէս» պատմավէպին մէջ, սպարապետը, պատասխանելով արքայի հարցումին, թէ ո՞ւր կը գտնուին Հայաստանի սահմանները, կ’ըսէ. «Հայքը Հայկ նահապետի զարմի` հայերու հայրենիքն է, անոնց սեփական աշխարհը այս մեծ աշխարհին մէջ: Երկրի եզրերը կ’աւարտին հոն, ուր կը վերջանայ հայերէն խօսակցական լեզուն»: Այդ «եզրեր»էն անդին հաւաքաբար տարբեր լեզուներ խօսողները, պարթեւերէն, յունարէն, կամ ֆրանսերէն, անգլերէն, արաբերէն, տարբեր ժողովուրդներու համրանքին վրայ պիտի գումարուին:
Եթէ ազատագրուի բռնագրաւուած թրքախօս կամ քրտախօս դարձած Արեւմտահայաստանը, կրկին հայոց հայրենիք ըլլալու համար, հոն պիտի խօսուի հայերէն, հայեր հոն պիտի հաստատուին: Հողի հայացման համար ազգի լեզուն կը ճշդէ սեփականութեան սահման:
Հայաստանի սահմանը կը գծուի հայախօսութեամբ, կ’ըսէ հայոց սպարապետը: «Երկրի եզրերը կ’աւարտին հոն, ուր կը վերջանայ հայերէն խօսակցական լեզուն»: Եթէ այդպէս է «հայրենիք-երկրի» սահմանը, պէտք է խօսիլ նաեւ այն մասին թէ՝ ինչպէ՞ս կը գծուի աշխարհասփիւռ հայութեան ինքնութեան սահմանը: Դեռ «զգացումով հայ» ըլլալու ընտանեկան ժառանգութիւն պահողներ կան, բայց բացառութիւնները, քարոզչական մանր շահախնդրութիւններու տուրք տալով, ճշմարտութիւնները պէտք չէ որ վարագուրեն: Այդ բացառութիւնները մինչեւ ե՞րբ այդպէս կրնան մնալ: Իսկ բացառութիւններով ազգ կը պահուի՞:
Հայաստանի սահմանները կը գծուին հայախօսութեամբ:
Սփիւռքներու հայ ըլլալու կամ չըլլալու սահմանը ինչպէ՞ս կը գծուի:
Արտաշէս արքային սպարապետը այսօր չկայ, չկայ զինք փոխարինողը, որ պատերազմ յայտարարէ եւ օտարախօս հայկական թագաւորութիւնը քանդէ, օտարախօսները բերէ Հայաստան, որպէսզի հայախօս դառնան: Եթէ չկայ սպարապետը, եթէ զինու զօրութեամբ այդ կարելի չէ ընել, միթէ՞ անկարելի է զանգուածային հայրենադարձութիւն կազմակերպել, որպէսզի «երկրի եզրերուն» տիրութիւն ըլլայ, այսինքն՝ հայու հողին վրայ բնակին հայախօս հայեր:
Հնդկաստանի մէջ կային հայեր, ունէին եկեղեցի, ճեմարան, առաջին հայկական թերթը հոն հրատարակուեցաւ: Ո՞ւր են այդ հայերը: Անոնց ինքնութեան եզրերու սահմանաքարերը չդիմացան ժամանակի հարթող գլանի աւերին: Ո՞վ կրնայ ճշդել, հնդկական ովկիանոսին մէջ գտնուող «հայկական ծագում»ները: Կամ Իտալիոյ Փուլիա շրջանին մէջ Նիկեֆոր կայսեր բնակեցուցած հայերը ո՞ւր են հիմա:
Սփիւռքը ժամանակաւոր պէտք էր ըլլար: Սփիւռքը չի կրնար տեւել որպէս ազգի հատուած: Եթէ թիւեու լեզուով ուսումնասիրութիւն կատարուի, եթէ այդ կարելի ըլլար ընել, Հայաստանի եւ սփիւռքներու ղեկավարութիւնները կրնային կողմնորոշուիլ եւ առաջնորդել:
Մեր պատմութեան հանգուցային պահերէն մին կ’ապրինք: Հայրենալքում-արտագաղթը եւ հայրենադարձութեան գաղափարախօսութեան բացակայութիւնը ազգաքանդ ընթացք են: Ազգի եւ Հայաստանի «եզրեր»ու վերականգնումը այսօր տեղի պէտք է ունենայ: Ուշացումը անվերադարձ աղէտ է:
Արտաշէս արքայի սպարապետը այսօր պէտք է ըլլայ ազգի հարազատ ղեկավարութիւնը, զոր պէտք չէ շփոթել ոչ սակաւապետութեան եւ ոչ ալ «էսթէպլիշմընթ»ներու հետ:
Հարազատ ղեկավարութիւն, որ կ’առաջնորդուի պարզ իմաստութեամբ. «Երկրի եզրերը կ’աւարտին հոն, ուր կը վերջանայ հայերէն խօսակցական լեզուն»: Այդպէս է նաեւ սփիւռքներու ինքնութեան պարագան՝ տոկալու եւ տեւելու համար, որ ինքնանպատակ չէ, պէտք չէ ըլլայ: Նպատակը հայոց հայրենիքի «եզրեր»ու պաշտպանութիւն-բնակեցման յանձնառութիւնն է, որ շաբաթավերջի ճաշկերոյթ կամ ճառ չէ, փող-թմբուկի երգիչներու խլացնող աղմկարարութիւն:
Այդ պաշտպանութիւն-բնակեցումով հարկ է չափել ճառերու ուժը, զգացումները, սէրերը, լուսապսակները:
Այս արդէն իսկական ազգային գաղափարախօսութեամբ գործող «ղեկավարում»ի հարց է եւ ընդարմացումը թօթափող ազգային ողջմտութեամբ պահանջատէր զանգուածի:
Եւ ստրկացումը մերժող իրաւ մտաւորականութեան, որ զանգուածին ըսէ, թէ ի՛նչ հայրենիքը եւ ի՛նչ է ազգը: Ինչո՞ւ կարգախօս չդարձնել հայոց արքայի սպարապետի խօսքը. «Հայքը Հայկ նահապետի զարմի` հայերու հայրենիքն է, անոնց սեփական աշխարհը այս մեծ աշխարհին մէջ: Երկրի եզրերը կ’աւարտին հոն, ուր կը վերջանայ հայերէն խօսակցական լեզուն»:
Հակառակ զգացական ճառերու սփիւռքները հայու հայրենիք չեն, օտարման տանող գնացքներու սպասման սրահներ են:
Ֆրանսան երէկ մեծ շուքով տօնեց տարեդարձը աւելի քան երկու դար առաջ տեղի ունեցած իր Մեծ Յեղափոխութեան, որուն ծնունդ տուած էին իր մեծ մտաւորականներու գաղափարները: