ԱԿՆԱՐԿ.- ՅԻՇԵՑՈՒՄ` ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՈՂ ՉԷ ԳՐԱՒԱԾ

0 0
Read Time:4 Minute, 3 Second

Ս. ՄԱ­ՍԷ­ՐԷՃ­ԵԱՆ

 

Հա­յաս­տան-Թուրք­իա հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րու ստո­րագ­րու­մէն առաջ« բայց մա­նա­ւանդ 10 Հոկ­տեմ­բե­րի հանգր­ուա­նէն աս­դին« ըլ­լա°յ Երե­ւան-Ան­գա­րա գի­ծին վրայ փո­խա­նակ­ուած ակ­նար­կու­թիւն­նե­րուն« ըլ­լա°յ Ար­ցախ­եան հար­ցին վե­րա­բե­րող բա­նակ­ցու­թեանց ըն­թաց­քին« թրքա­կան ու ազեր­ի­ա­կան կող­մե­րը կը նուա­գեն մի­ա­ձայն զու­գերգ մը« որուն խո­րա­գիրն է՝ Հա­յաս­տան պէտք է պար­պէ Ատր­պէյ­ճա­նէն գրա­ւած հո­ղե­րը« առանց որուն« հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րը պի­տի չվա­ւե­րաց­ուին Թուրք­իոյ կող­մէ:

»Որո՞ւ հո­գը«« պի­տի ըսէ­ինք մա­կե­րե­սա­յին մօ­տե­ցու­մով մը:

Սա­կայն կայ աւե­լի կա­րե­ւո­րը. պէտք է կա­տա­րել կեն­սա­կան յի­շե­ցում մը« որ­պէս­զի բա­նակ­ցու­թիւն­ներն ու յա­րա­կից լա­րա­խա­ղա­ցու­թիւն­նե­րը վե­րագտ­նեն լուրջ ու ճշմար­տու­թեան հե­տե­ւող հու­նը: Այս յի­շե­ցու­մը անհ­րա­ժեշտ է թէ° բա­րե­միտ միջ­նորդ­նե­րուն« թէ° բա­նակ­ցող­նե­րուն« եւ թէ° մա­նա­ւանդ Ար­ցա­խին հա­մար« որուն բա­նակ­ցու­թեանց մաս­նակ­ցե­լու իրա­ւուն­քը վեր­ջերս ան­գամ մը եւս վեր առին մէ­կէ աւե­լի կող­մեր« նե­րառ­եալ Հա­յաս­տա­նը:

Յի­շեց­նենք բո­լո­րին« ու բարձ­րա­ձայն. ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱՆ ՈՐԵ­ՒԷ ՄԷ­ԿԷՆ ՀՈՂ ՉԷ ԳՐԱ­ՒԱԾ. Հա­յաս­տան հող չէ գրա­ւած Ատր­պէյ­ճա­նէն« Հա­յաս­տան հող չէ գրա­ւած Թուրք­իա­յէն« Հա­յաս­տան եր­բե­ւի­ցէ դրա­ցի­նե­րէ հող գրա­ւե­լու ծրա­գիր չէ ու­նե­ցած:

Ճշմար­տու­թիւնը« պատ­մա­կա­նօ­րէն փաս­տագր­ուած ճշմար­տու­թիւնը այն է« որ Հա­յաս­տա­նին հող պար­տա­կան են թէ° Թուրք­ի­ան եւ թէ Ատր­պէյ­ճա­նը:

Ան­գա­րա­յի ու Պաք­ուի հա­ւաս­տիք­նե­րը ան­հիմն են ու անար­դար: Ար­ցա­խը« իր Շա­հում­եա­նով« Գան­ձա­կով ու յա­րա­կից բո­լոր մա­սե­րով« միշտ ալ մաս կազ­մած են Հա­յաս­տա­նին. ստա­լին­եան կամ այլ կա­մա­յա­կա­նու­թիւն­նե­րը չեն կրնար ար­դա­րաց­նել« ո°չ ալ կրնան հիմ ծա­ռա­յել այն ար­տա­յայ­տու­թեանց« թէ այդ հո­ղա­մա­սե­րը ազեր­ի­ա­կան են եղած: Ամէ­նէն պարզ փաս­տը այն է« որ Ատր­պէյ­ճան անու­նով եր­կիր գո­յու­թիւն չու­նէր 100 տա­րի առաջ« իսկ Ար­ցա­խի ու Նա­խի­ջե­ւա­նի հո­ղե­րուն Ատր­պէյ­ճա­նի նո­րաս­տեղծ հան­րա­պե­տու­թեան »շնոր­հու­մը« տե­ղի ու­նե­ցած է հա­կա­ռակ հա­յու­թեան կամ­քին« ընդ­դէմ հա­յու­թեան ու Հա­յաս­տա­նի ան­սա­կար­կե­լի իրա­ւունք­նե­րուն:

Աւե­լորդ է եր­կար խօ­սիլ Հա­յաս­տա­նին Թուր­քիոյ ու­նե­ցած »հո­ղա­յին պարտք«ին մա­սին« որ կը գու­մար­ուի Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն բխող այլ պարտ­քե­րուն վրայ ու չի դի­մա­նար ամէ­նէնմա­կե­րե­սա­յին վէ­ճին ան­գամ:

Այս յի­շե­ցու­մը չի հաս­ցէ­ագր­ուիր միայն ար­տա­քին կող­մե­րու« այլ կ’ուղղ­ուի նա­եւ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեանց« որոնք թրքա­կան ու ազեր­ի­ա­կան »ամ­բաս­տա­նու­թիւն­նե­րուն« դի­մաց ընդ­հա­նրա­պէս լուռ մնա­լու ու­ղե­գիծ որ­դեգ­րած են« չես գի­տեր ին­չո°ւ:

Պէտք է յստակ ու բարձ­րա­ղա­ղակ յայ­տա­րա­րել այս ճշմար­տու­թիւն­նե­րը. պե­տա­կան ու դիւա­նագի­տա­կան մեր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը իրենց օրա­կար­գին վրայ ան­յե­տաձ­գե­լի գոր­ծի պէտք է վե­րա­ծեն զայն« որով­հե­տեւ նման ան­ճիշդ ու ան­հիմն վե­րագ­րում­նե­րու դի­մաց լռու­թիւն պա­հել՝ կրնայ թարգ­ման­ուիլ իբ­րեւ յան­ցա­պար­տու­թեան ըն­դու­նում. Թուրք­իոյ ու հա­մա­խոհ­ներ­ուն հա­մար« նման մօ­տե­ցում պի­տի նշա­նա­կէ սկու­տե­ղի վրայ հրամց­ուած առիթ. իսկ մենք ար­դէն կը տես­նենք« որ անոնք առի­թի չեն սպա­սեր մեր իրա­ւունք­նե­րը ջախ­ջա­խե­լու հա­մար:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles