ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ, ԲԱՐԵԿԱ՛Մ

0 0
Read Time:1 Minute, 52 Second

ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Չէ՞ որ ժամեր կան, երբ դուն քու մէջդ չես բաւեր. փորիդ, ստամոքսիդ մէջ կը վազվզէ ուրախութիւնը եւ կ’ուզէ դուրս թռչիլ՝ հասնիլ մինչեւ ճերմակ ամպեր: Չէ՞ որ այդ ոսկի ժամերը ընտիր են ու հազուագիւտ եւ իրենց հետ կը ծնի ամբողջ աշխարհը փաթթելու, կուրծքիդ սեղմելու փափաքը…:

Զատկուայ շաբաթ էր. դեռ ընտանիքիս բոլոր անդամները ողջ էին ու առողջ, նոր զգեստները՝ արդուկուած, պահարանը կախուած, կօշիկները՝ փայլուն, կարկանդակիս հոտը տան ամէն անկիւնը տարածուած, հաւկիթները՝ ներկուած գոյնզգոյն, մէկ հատն ալ՝ ոսկեգոյն (բախտաւորին հաւկիթը), տունը զարդարած էի նարնջագոյն, դեղին ու կանաչ, շոքոլաներս ու խմիչքներս ամենէն արժէքաւոր ամաններուն մէջ տեղաւորած… Զատկուայ մաքրութիւնն ալ վերջացուցած, անհամբեր կը սպասէի Ս. Յարութեան տօնին:

Պակաս բան մը կար:

Ներսի խենթ հոգիս անհանգիստ էր տակաւին, կ’ուզէի ուրախութիւնս ու հրճուանքս բաշխել ուրիշին:

Կայծակի նման միտքս Ա…ն եկաւ:

Ա…ն մեր նախկին դրացիին ազգականն էր. ծանօթ էի իր անբախտ ճակատագրին. հայրը շատոնց մահացած էր, մայրը՝ հիւանդ, ունէր անկարող, հոգատարութեան կարիք ունեցող եղբայր մը: Ատեն-ատեն կը հանդիպէի իրեն փողոցը ու որպիսութիւնը կը հարցնէի: Ինք երկու ամիս կ’աշխատէր ու չորս ամիս գործ կը փնտռէր. ընտանիքին հոգացողը ինքն էր:

Անմիջապէս ինքզինքս դուրս նետեցի տունէն, հասայ Ա…ենց բնակած թաղը, մի քանի անձերու հարցնելէս ետք՝ գտայ տուներնին. շէնքին անցքը կենալով, կանչեցի անունը. երեք անգամ կանչելէս ետք, բացուեցաւ դուռ մը ու ձայն մը ըսաւ.

– Ո՞վ է:

– Ես եմ:

Ուրախացաւ զիս տեսնելով ու ըսաւ.

– Բարեւ, հրամմէ, ելիր:

– Շատ կը ներես, ժամանակ չունիմ, կրնա՞ս հինգ վայրկեան վար իջնել:

Իջաւ… ու ես երկարեցի ձեռքս, ըսելով.

-Հաճիս այս գումարը ընդունէ իմ կողմէս, որպէս Զատկուայ նուէր…:

Ա…ն շուարած աչքերով առաւ երկարած պահարանս ու ստիպեց որ սուրճ մը առնեմ, բայց մերժեցի. ինչո՞ւ, չեմ գիտեր: Թերեւս ես ալ կ’ամչնայի աչքերուն նայելու, այդ պատճառաւ ալ մերժեցի:

Հոգեկանս հանգչած էր. չէ՞ որ բարիք ըրած էի…կարճ խելքովս:

Մի քանի շաբաթ ետք, փողոցը հեռուէն նկատեցի Ա…ն, որուն երբ ժպտելով կը մօտենայի, արագ շարժումով մը ճամբան փոխեց… կարծես մէկը պաղ ջուր թափած ըլլար գլխէս ի վար…:

Տարիներ անցան այս խեղճ ու ձախող «բարեգործութեանս» վրայէն:

Այդ օրը սորվեցայ, թէ տալու ձեւը աւելի կարեւոր է քան առնելու: Երբ մարդոց լաւութիւն կը կամենանք՝ անհրաժեշտ է բծախնդրութիւնն ու գիտակցութիւնը. ան պէտք է կատարուի ասեղնագործի նրբութեամբ, որ չըլլայ թէ վիրաւորած ըլլանք մարդոց արժանապատուութիւնը:

Բարիք ընելու միտումով՝ կոտրած էի Ա…ին ճաթռտած սիրտը:

-Ներողութիւն, բարեկա՛մ…:

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles