ԱՆՄԵՂ ԿՌԻՒ

0 0
Read Time:1 Minute, 36 Second

Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ

Պէյրութ

Մեր թաղերուն մէջ փողոց աւլող պաշտօնեաներ չկային, ոչ ալ աղբ հաւաքողներ: Ամէն տանտիկին ինք կ’աւլէր ու երբեմն ալ կը ջրէր իր տան դիմաց գտնուող տարածութիւնը:

Տարածութիւնները անհաւասար էին: Իսկ պատահէր որ աւլած ժամանակ մէկը միւսին «սահմանները» բռնաբարէր ու տերեւ մը մէկ դրացիին սահմանէն միւս դրացիին սահմանէն ներս մտնէր՝ կռիւ մըն էր որ կը փրթէր:

Երբեմն այր մարդիկ ալ կը միջամտէին ու կռիւը կը մեծնար մինչեւ ծեծկտուքի աստիճան:

  • Այդ տերեւները ձեր ծառէն թափած, մեր դրան առջեւ հաւաքուած են,- կ’ըսէ Տիկին Փեքան Տիկին Ովսաննային:
  • Լռէ՛, ջլթի՛կ, կարծես այդ ծառէն միայն մենք ունինք,- կ’ըսէ Ովսաննան ու տերեւները հաւաքելով կը բերէ ու Տիկին Փեքային տան դիմաց կը շպռտէ:

Տիկին Փեքան նոյնը կ’ընէ ու կռիւը կը մեծնայ:

  • Փողոց աւլելու տեղ տունդ մաքրէ, հոտա՛ծ:
  • Հոտածը դուն ես, ձեր խոհանոցէն ամպարի հոտ կ’ելլէ:
  • Զիլլի խօսքդ ետ քաշէ, հիմա երկար մազերէդ կը քաշեմ եւ ոտքերուս տակ կ’առնեմ:
  • …Կերեր ես…փորձուէ, պօյդ տեսնեմ:
  • Քեզմէ վախցողը ո՞վ է որ:
  • Հասսարակ:
  • Մամադ է հասարակը:
  • Գործդ հետս է, աղջիկ, մամաս ի՞նչ կը խառնես կռուին մէջ:
  • Մամադ ալ կը խառնեմ, պապադ ալ:
  • Միքրոպ ես, միքրոպ ալ կը մնաս:
  • Պըլտոկ շուն:
  • Լռէ, շէնլու:
  • Կարօ, կնիկդ ներս տար խնդիրը չմեծցած,- կ’ըսէ Թորոսը կարմրած դէմքով:

Թաղի մարդիկը կռուողներուն տան սահմանին մէջ կեցած հարսնիք դիտելու պէս կը դիտեն սաստկացած կռիւը:

Այր մարդիկ զիրար կը ծեծեն. աղմուկ, իրարանցում, պոռչտուք:

Քիչ ետք ակումբէն մէկը կու գայ եւ Կարօն եւ Թորոսը ակումբ կը կանչէ:

Կէս ժամ ետք Կարօն եւ Թորոսը գլուխնին կախ կը մտնեն իրենց տուները, այս անգամ բարկութիւննին իրենց կիներէն առնելով:

Մէկ ամիս ետք Տիկին Փեքան Ովսաննայենց բակը նստած սուրճ կը խմէ, ժպիտը դէմքին: Իսկ Կարօն եւ Թորոսը թաւլի կը խաղան բարձր ձայնով.

  • Տու եէք:
  • Շէշ եէք:
  • Կելէ:

…Իսկ մթնշաղին, մեծ պնակը թեւին տակ, չէմէն ծախող ծերուկը նեղ թաղերուն մութին մէջ կը կորսուի: Միայն ձայնը լսելի կը մնայ մեր ականջներուն.

  • Չէմէնչ է մ է ն…:

Երնէկ մեր հին ու բնական օրերուն. երնէ՛կ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles