ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԵՂԲԱՅՐՍ

0 0
Read Time:2 Minute, 3 Second

Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ

Պէյրութ

1966ի աշնան սկիզբն էր: Այսօրուայ պէս կը յիշեմ: Հայրս ու մայրս կը պատրաստուէին նշանտուքի մը երթալու:

Նշանուող ենթական հօրս հօրաքրոջ տղան ըլլալով, մանաւանդ հայրս պարտաւորութիւն կը զգար ներկայ ըլլալու այդ երեկոյին:

Մայրս իր երկու ամսու կրտսեր զաւակը՝ եղբայրս մահճակալին խորերը տեղաւորեց եւ շուրջը բարձեր շարելէ ետք, դարձաւ ինծի եւ յստակօրէն բացատրեց.

  • Յովհաննէ՛ս, տղա՛ս, մինչեւ վերադառնանք արթուն կը մնաս եւ եղբօրդ տէր կ’ըլլաս: Եթէ լալու ըլլայ՝ ծծակը կու տաս: Կաթ տուած եմ ու շորերը փոխած եմ: Կը մնայ որ միայն ուշադիր ըլլաս: Մենք շատ չենք ուշանար:

Հայրս ու մայրս իրենց պաշտօնական հրաւէրին համար առ ի յարգանք բնականաբար հագած էին պաշտօնական հագուստ: Մայրս նաեւ ձեռքը ծաղկեփունջ մը ունէր, որուն գոյնը իր հագած ճերմակին կը յարմարէր: Զիս ալ պաշտօնի վրայ կարգեցին ու դուռը մեր երկուքին վրայ կղպելով մեկնեցան:

Մեր տան մէջ բարձր կռնակով, մէկ ոտքը կոտրած, հին թիկնաթոռ մը ունէինք: Տեղաւորուելով անոր վրան, եղբօրս ճիշդ դիմաց, սկսայ ուշի ուշով հետեւիլ անոր: Ան մշիկ-մշիկ կը քնանար, հրեշտակէ մը աւելի խելօք:

Թիկնաթոռին մէկ ոտքը կոտրած ըլլալուն պատճառով միայն ինծի արտօնուած էր գործածել զայն, քանի հօրս ծանրութեան մէկ չորրորդը եւ մօրս ալ մէկ երրորդ կշիռքը ունէի:

Ժամ մը ետք, կամաց մը տեղաւորուելով, թիկնաթոռը ինծի համար մահճակալի վերածած, գլուխս ձեռքիս վրայ հանգչեցուցած՝ թիկնաթոռին թեւին վրայ, կարծեմ ես ալ եղբօրս պէս մշիկ-մշիկ քնացած էի, պաշտօնիս մէջ թերանալով:

Միայն գիտեմ որ մօրս բարձր ձայնը զիս ցնցելով արթնցուց, միաժամանակ թիկնաթոռին վրայ կարծես երկրաշարժ տեղի ունեցաւ. կոտրած ոտքը տեղէն ելլելով զիս գետին տապալած էր:

  • Յովհաննէ՛ս, եղբայրդ ո՞ւր է:
  • Չեմ գիտեր,- եղաւ պատասխանս, լալով:

Մահճակալէն անհետացեր էր: Խենթի պէս տան ամէն անկիւնը մանրամասնօրէն փնտռեցինք. չկար: Մայրս խոհանոց մտելով յանկարծակի կանչեց հայրս.

  • Ժիրա՛յր, այս պատուհանէն մտեր ու գողցեր են զաւակս:
  • Այդ պատուհանէն կատու չի կրնար մտնել, խենթ-խենթ մի՛ խօսիր,- ըսաւ հայրս, դողալով:

Հօրս արցունքը տեսնելով սկսայ խենթի պէս նորէն փնտռելու կորսուած եղբայրս մեր միակ սենեակին մէջ. բայց ան չկար: Մայրս նուաղած, խոհանոցին մէջ գետինը նստած, վեր բարձրանալու անկարող դարձած էր: Հայրս շուարած էր: Վստահաբար կը մտածէր կողմնորոշուիլ, երթալու եւ լուր տալու համար ոստիկանութեան: Իսկ ես հնարք գտածի մը պէս փոքր մարմինս մեր բարձր մահճակալին տակ մտցնելով, բարձրաձայն պոռացի.

  • Մամա՛, եղբայրս գտայ:

Միաժամանակ գլուխս զարկի մահճակալին երկաթներուն: Եղբօրս հետ դուրս եկայ, ցաւող ու վիրաւոր գլուխով:

Մայրս վերակենդանացած, եկաւ յափշտակեց զաւակը ձեռքէս ու կուրծքին սեղմելով լացաւ: Երբեք չէի տեսած մայրս այդ վիճակին մէջ: Իսկ հօրս հեծկլտուքը մինչեւ այսօր չեմ մոռցած: Վերյիշելով այս պահը կրնամ խոստովանիլ թէ այդ օրուան պէս անձայն ու խորունկ լաց չեմ ունեցած: Այն ատեն միայն ութ տարեկան էի:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles