ԳԻՒՂԻՆ ՇՈՒՐՋՊԱՐԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 5 Second

ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Հոլանտա

 

– Մարհապա:
– Մարհապա,- ըսի մեր տան մօտ կանաչեղէն ծախողին:
– Տիկի՛ն, տոքթորը ու՞ր է, բաւական է չեմ տեսած զինք:
– Տոքթորը ո՞վ է:
– Ամուսինդ:
– Հա, ճամբորդ է,- ըսի,- ամուսինս տոքթոր չէ:
Բայց իրեն համար կան «արհեստաւորներ» ու «տոքթորներ». քիչ մը մաքուր հագնողները բոլորը «տոքթորներ» են:
– Ո՞ւր ճամբորդած է,- հարցուց:
– Ամերիկա:
– Ինչո՞ւ:
– Գործով:
– Դուք՝ հայերդ ինչո՞ւ շատ կը ճամբորդէք,- հարցուց հետաքրքրուած:
– Աւելի լաւ ապրելու համար…:
– Մենք երբեք չենք ելած մեր գիւղէն հարիւր տարիէ ի վեր: Հալէպ կու գանք գործով՝ գիշերը ետ կը վերադառնանք գիւղ. ես ու եղբայրներս ու քոյրերս, իրենց զաւակներով, գիւղին կէսէն աւելին ենք: Հայրս իննսուն տարեկան է, իր զաւակներուն անունները նոյնիսկ չի գիտեր: Պատահի որ հարսանիք մը տեղի ունենայ գիւղին մէջ եւ շուրջպար պարենք՝ շարքին ծայրը չ’երեւիր: Մենք մեր հողերը ձգելով չենք հեռանար, մեզի համար ամենալաւ կեանքը մեր գիւղն է:
Այս խօսակցութիւնը տեղի ունեցաւ հինգ-վեց տարի առաջ, պատերազմ-մատերազմ չկար: Այսօր միտքս եկաւ:
Հալէպի մօտակայ, Իտլէպի շրջակայի գիւղերէն էր երիտասարդը, 25-26 տարեկան: Արդեօ՞ք դեռ հոն է կամ ինծի նման Եւրոպա հասաւ շուրջպարի բոլոր անդամներով:
Պատերազմը խախտեց շատերու սկզբունքները: Ես ալ չէի ձգեր բարեկամներս, գաղութս, թաղերս, յիշատակներս, ազգականներս… Հալէպս:
Պատերազմի հարուածը ծանր էր ու անգութ. ակամայ ցրուեցանք:
Հապա իրե՞նք, հողին ուժը որքա՞ն զօրաւոր էր. կրցա՞ւ զիրենք ամուր բռնել, պահել վիրաւոր թեւերուն մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles