ԱՐՀԱՒԻՐՔ

0 0
Read Time:2 Minute, 33 Second

helvajian

1978 թուական: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմ. աւեր, սոսկում, ռումբերու եւ կրակոցներու վախազդեցիկ ձայներ. իրարանցում:

Մեր շրջանի նեղլիկ թաղերուն միայարկ եւ ընդհանրապէս թիթեղապատ, անապահով տուները պարպուած էին իրենց բնակիչներէն:

Մեր թաղի բոլոր ընտանիքները, առանց բացառութեան, մեր թաղէն քիչ մը հեռու գտնուող բարձր շէնքերու ապաստանարաններուն մէջ պատսպարուած, իրենց կեանքը պաշտպանող անկիւններ գտած, ծալլապատիկ նստած, ձայնասփիւռները բարձրացուցած, կը սպասէին խաղաղութեան կամ նուազագոյն կրակմարի լուրին:

Իսկ ռումբերու ժամէ ժամ սաստկացումը մեր յոյսը ի դերեւ կը հանէր: Եւ յոյսը կարծես անձնասպան կ’ըլլար մեր մէջ:

Ռումբերը կարծես սոսկավիթխար կիկլոպներ դարձած, կը խուժէին ամենուրեք, անմեղ ու անզէն ժողովուրդին կեանքը յափշտակելու:

Բոլոր մայրերուն պէս խեղճ մայրս ալ անկիւն մը կծկուած կ’աղօթէր: Կ’աղօթէր զաւակներուն ու ամուսնոյն համար: Կ’աղօթէր մեր տան համար, «Աստուա՛ծ, մեր տունը դուն պաշտպանէ», կ’ըսէր, հազիւ լսելի ձայնով: Մօրս մօտ նստած ըլլալուս համար, կարծեմ ինձմէ զատ մէկը չէր լսեր անոր աղօթքը:

Կ’աղօթէր խաղաղութեան համար, որ շուտ հասնի ու վտանգէն փրկէ ամբողջ ժողովուրդը:

Նաեւ ծերունիները մեր թաղերը պաշտպանող տղոց համար կ’աղօթէին.

  • Աստուած պահէ՛, պաշտպանէ՛ մեր տղաքը, մեր կազմակերպութիւնները, մեր ժողովուրդը, դպրոցն ու եկեղեցին:

Ծերունիներուն ու մայրերուն սրտէն եկած աղօթքները Նախախնամութեան կողմէ լսելի դարձած էին կարծես ու մեր երկնակամարի կարմիրը քիչ-քիչ անհետանալով, հանդարտութիւնն ու խաղաղութիւնը վերադարձած էին, նոր աւիշ եւ յոյս բերելով բոլորին սրտերուն ու աչքերուն:

Մայրս տունէն բերած բարձերը եւ Աստուածաշունչը շալկած, գնաց տուն: Հայրս ձայնասփիւռը եւ իրմէ անբաժան օրաթերթը բռնած, հետեւեցաւ մօրս:

Իսկ ես առաջին բեմադրած թատերախաղիս ծրարը ձեռքս առի ու եղբօրս ձեռքը բռնելս ու տուն հասնիլս մէկ եղաւ:

Մեր տունէն մօրս արձակած ճիչը մեր քայլերը վազքի վերածեց: Բոլոր դրացիները հաւաքուած էին մեր տան շուրջ:

Շնչասպառ կը հասնիմ տուն: Մայրս մեր տան առջեւ, վախը դէմքին, դրացիներուն կողմէ բերուած ջուրը կը խմէր:

  • Յովհաննէ՛ս, չըլլայ թէ տուն մտնես, ներսը ռումբ կայ:

Մօրս առանց մտիկ ընելու, դրացիները, հայրս ու ես մտանք տուն եւ ի՞նչ տեսնենք…

Իրօք մեր տան առաստաղին ռումբ մը եկած ու ծակած էր, բայց չէր պայթած: Տեսարանը սահմռկեցուցիչ էր: Մօրս ճիչը արդարացնող պատկեր մը: Դրացի Սագօն վազեց ակումբ լուր տալու:

Ռումբին առեղծուածը լուծուած ու վերջացած էր: Հայրս կանչեց թաղեցի Կիւլպէնկը ու մեր տան առաստաղի խոռոչը գոցել տուաւ:

Բոլորը վերադարձան իրենց տուները ու մենք այդ գիշեր ընտանեօք Յովհաննէս Էմմիին ու Մարի Մայրիկին խրճիթին մէջ պիտի քնանայինք: Այդ գիշերուայ միակ նիւթը չպայթած ռումբն էր:

  • Եթէ պայթէր ու մեր տունը փլէր՝ ի՞նչ պիտի ընէինք,- կ’ըսէր մայրս մտահոգ աչքերով:
  • Տալիտա՛, չեղած բանին վրայ երկար չեն խօսիր,- կ’ըսէր հայրս ու կը փորձէր մոռցնել տալ չկատարուած պատուհասը:
  • Եթէ պայթէր, կ’ըսեմ. այս մարդը ծուռ կը հասկնայ,- կ’ըսէր մայրս ինքզինք պաշտպանելու համար ծերունիներուն ներկայութեան:
  • Չպայթեցաւ. վե՛րջ: Հատէ քնացէք, հանգստացէք:

Մեզի յատկացուած բարձր մահճակալին մէջ եղբայրս, մայրս ու ես ամփոփուեցանք քնանալու: Հայրս ու Յովհաննէս Էմմին ցած ձայնով մեր տան վրայ ինկած ռումբին մասին կը զրուցէին տակաւին…: Մարի Մայրիկը փոքր ու ցածկեկ սեղանին վրայ ազատքեղ կը մաքրէր:

Այդ գիշեր քունը յամառութիւն կ’ընէր ու թոյլ չէր տար յոգնած աչքերս փակելու: Մօրս կծկուած պատկերը ապաստանարանին մէջ կը վերակենդանանար աչքիս ու իր անձայն աղօթքը կը լսէի վերացած:

Մեր տան դրան վրայ մօրս ձեռքով տեղաւորուած աղօթատախտակը կ’ուրուագծուի աչքերուս ու ես աղօտ լոյսի տակ կը կարդամ հաւատքով.

«Աստուած պահէ մեր տունը»…:

Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ

Պէյրութ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles