Ես ու երեք ընկերներս՝ Ռաֆֆին, Մանուկը եւ Սագօն մեր տան սեմին նստած, կը ծրագրէինք Տիկին Վարդանոյշին թզենին մագլցելու ու թուզերը հաւաքելու, միասնաբար քէֆ ընելով ուտելու մասին, Մանուկենց տան ետեւը:
Ութ վառվռուն աչքերով ու չորս անյագ կոկորդներով վազեցինք Վարդանոյշին թզենիին վրայ խելացի յարձակումով մը, առանց մոռնալու պաշտպանողական ետեւի գիծը, զոր յանձն առած էինք Ռաֆֆին ու ես:
Մանուկն ու Սագօն ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս արդէն հասած էին ծառին բարձրերը՝ չհասկցայ. անոնք հասուն թուզերը սկսած էին հաւաքել ու մեզի նետել: Մեր գրպանները եւ Սագոյին գլխարկը թուզի շտեմարաններ դարձուցինք: Ուրախ էինք մեր յաջողութեան համար:
- Մանո՛ւկ, իջէ՛ք, ալ տեղ չմնաց թուզ լեցնելու ,- ըսած ատենս իսկ Տիկին Վարդանոյշին երկաթէ դուռը բացուեցաւ ու այդ գէր ու բարձրաձայն Վարդանոյշը սկսաւ պոռալ.
- Շուն, շանորդինե՛ր, լակոտնե՛ր, վար իջէք ու թզիս մի՛ դպիք:
Վարդանոյշին վախազդեցիկ ձայնը մեզ չորսս նետած էր Մանուկենց տան ետեւը: Շնչասպառ, բայց հոգեկան բարձր տրամադրութեամբ էինք: Քէֆերնիս հինգ վայրկեանէն աւելի չտեւեց, գրպաններն ու Սագոյին գլխարկը պարպուեցան եւ մեր ստամոքսին մէջ թուզերը իրենց վախճանը գտան:
Տարիներ ետք, երբ մեծցանք ու քիչ մը խելօքցանք, մեր չարաճճիութեանց պատմութիւններու վերաքաղին մէջ Վարդանոյշին թզենին անպակաս էր եւ առանձին տեղ ունէր:
Մենք մեծցանք, Վարդանոյշը մահացաւ, բայց թզենին տակաւին կանգուն կը մնայ:
Այսօր ծառը պաշտպանող չկայ: Թուզերը կը ծնին, կը հասուննան ու կը չորնան:
Վարդանոյշին իղձը հիմա իրականութիւն դարձած է.-
- Թզիս մի՛ դպիք:
Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
Պէյրութ