ԿԱՌՉԱԾ ՇՈՒՇԻԻ ՎԵՐԱՇԻՆՄԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 36 Second

Գո­հա­բա­նու­թեան օր­ուան առ­թիւ կա­տար­ուած նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քը կը փաս­տէ թէ, Սփիւռք­եան այլ գաղ­թօ­ճախ­նե­րու նման, ամե­րի­կա­հա­յու­թիւնն ալ կառ­չած մնա­ցած էր Շուշիի վե­րա­շին­ման գա­ղա­փա­րին, պարզ եւ մէ­կին Ար­ցա­խի վար­դին՝ Շուշի­ին, որուն հա­մար յատ­կաց­ուած էր այս տար­ուան դրա­մա­հա­ւա­քը:

Ամե­րի­կա­հա­յը մէկ­դի դնե­լով, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն զինք դժուա­րու­թեան մատ­նող եւ կրծող տնտե­սա­կան դժուա­րու­թիւն­նե­րը, «անխ­նայե եղած էր Շուշի­ին հան­դէպ:

Այո°, ան­կաս­կած, որ ան «անխ­նայե եղած էր, շռայ­լօ­րէն վե­րա­նո­րոգ­ման եւ վե­րա­կա­ռուց­ման ծա­ռաւ՝ Շուշի­ին:

Իսկ, Հոկ­տեմ­բեր 10-ին, Ցիւ­րի­խի մէջ կա­տար­ուած հայ-թրքա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը, ոչ մէկ հար­ցադ­րում­ներ յա­ռա­ջա­ցու­ցած եւ ար­գելք հան­դի­սա­ցած էին որ­պէս­զի ամե­րի­կա­հա­յը կա­տա­րէ իր տնտե­սա­կան ար­շա­ւը եւ սպաս­ուա­ծէն շատ աւե­լի ապա­հո­վէ այդ Սուրբ քա­ղա­քին հա­մար:

Ար­դա­րա­միտ, ողջ­միտ, առողջ եւ թա­փան­ցիկ մօ­տե­ցու­մով, ամե­րի­կա­հա­յը տուայ­տան­քի, երկմ­տան­քի եւ նոյ­նիսկ խծբծան­քի առիթ չստեղ­ծեց: Ընդ­հա­կա­ռա­կը, ան հմտօ­րէն գե­րա­դա­սեց ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թիւնն ու պե­տա­կան շա­հե­րը:

Ի հե­ճուկս ամ­բողջ քա­ղաք մը վե­րա­կեն­դա­նաց­նե­լու եւ վե­րապ­րեց­նե­լու տես­լա­կա­նին, ամե­րի­կա­հա­յը ամէ­նա­դոյզն կաս­կածն ան­գամ չու­նե­ցաւ հայ­րե­նի­քի բար­գա­ւաճ­ման հա­մար, իր ներդր­ման աշ­խա­տան­քը կա­սեց­նե­լու, մերթ երկ­րոր­դա­կան, մերթ այ­սօր­էա­կան մութ հա­շիւ­նե­րու դի­մե­լու եւ ընդ­հա­տե­լու օժան­դա­կու­թիւնը:

Չկար որե­ւէ խո­չըն­դոտ…Չկար դեռ քա­նի մը ամիս առաջ ծայր առած հա­կա-փրո­թո­քոլ­եան  լայ­նա­տա­րած «Ո°չե շար­ժումն ու ար­տա­յայ­տու­թիւնը: Ընդ­հա­կա­ռա­կը հա­մընդ­հա­նուր «Այո°ե մըն էր…աւե­լին իւ­րա­յա­տուկ ձօն մը՝ «Քե­զի հա­մար՝ Շու­շիե մը, որ կը վա­յե­լէր նոյ­նինքն Շու­շին եւ այդ ալ առանց որե­ւէ բա­ցա­ռու­թեան, Սփիւռք­եան բո­լոր գաղ­թօ­ճախ­նե­րէն ներս:

Կը մնայ գոր­ծի լծուիլ եւ առանց ժա­մա­նակ կորսնց­նե­լու եւ ան­շուշտ առանց նա­խա­պայ­մա­նի… անց­նիլ բո­լո­րո­վին տար­բեր, ջինջ ու զու­լալ ճա­նա­պար­հա­յին քար­տէ­սի մը՝  Շուշիի վե­րա­կա­ռուց­ման աշ­խա­տան­քին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles