Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Արագօրէն զարգացող արդի արհեստագիտութեան ընձեռած հնարաւորութիւնները բնականաբար լայն հորիզոններ կը բանան Հայերէնի պահպանման ծրագիրներուն դիմաց, ծառայելով մայրենիին հաճելի եւ գրաւիչ կերպով մատուցման։ Պէտք է ընդունիլ, որ արհեստագիտութիւնը միշտ ալ լաւ օգնական եղած է հայ (նաեւ բոլոր) դաստիարակներուն, դպրոցէն ներս թէ այլապէս. բարեբախտաբար, ներկայիս, գիտական նորութիւնները՝ համակարգիչ կոչուող հրաշալիքին գործիքները դարձած են համեմատաբար աւելի մատչելի ու տարածք կը գտնեն ուսուցման կալուածներուն մէջ, քան ինչ որ եղած է ճակատագիրը անցեալի «նորութիւններուն», օրինակի համար վաւերագրական կամ մանկական ժապաւէնները, սահիկները (slide projectors). նկար արտացոլացնող լուսարձակները (overhead projectors) եւայլն։
Ողջունելի եւ նոյնքան յուսատու է այն, որ պետական ծրագրումով թէ մասնագէտներու-հաստատութեանց շրջանակներու մէջ, թուայնացած նիւթերու պատրաստութիւնը արագ թափ կ’առնէ հայկական աշխարհին մէջ. ցանկալի է, որ այդ նիւթերը չմատնուին ճակատագիրին աւելի քան երկու տասնամեակ առաջ հրապարակ բերուած այն «նախակարապետներուն»՝ համակարգչային խաղեր, «խօսող» գիրքեր եւ դաստիարակչական այլ նիւթեր, որոնք բաւարար շուկայ չգտան (ոչ միայն առեւտրական իմաստով) եւ մեծ մասամբ ձմրան օրերէն աւելի կարճ կեանք ունեցան հայաշխարհին մէջ։
Այս տարածքին վրայ ստեղծուած գոհունակութեան ալիքը անխառն չէ՝ առարկայական ու ենթակայական պատճառներով։ Առարկայականը՝ արդի հնարքներուն արագ «հնացումն» է, իսկ ենթակայականը՝ նման նորութիւններու հետ քայլ պահել կարենալու հարցը՝ ընկալման-որդեգրման, նաեւ նիւթական առումով։ Փաստօրէն, ականատես ենք համակարգչային արհեստագիտութեան մէջ ամիս առ ամիս ի յայտ եկող նորութիւններու, որոնք, օրինակի համար, տարի մը-երկու առաջ գնուած համակարգիչ մը կամ բջիջային հեռաձայն մը կը դարձնեն «նախնադարեան»։ Այս մտահոգութիւնը թող չդիտուի իբրեւ նորութեանց մերժում, սակայն նաեւ մտահան չընենք, որ արհեստագիտութիւնը ի վերջոյ լաւ ՄԻՋՈՑ կու տայ, ինքնին նպատակ չէ. գործիք՝ որուն պէտք է ներարկել ԿԵԱՆՔ։
Կþարժէ անդրադառնալ դիւրամատչելի եւ նիւթական մեծ միջոցներու չկարօտող ընտրանքներու, որոնք նաեւ շատ ճիգ եւ մասնագիտութիւն չեն պահանջեր, այլ առաւելաբար կը յենին երէցներու, մասնաւորաբար հայ ուսուցիչի ստեղծագործող կարողութեան ու հնարամտութեան վրայ։ Եւ հայ ուսուցիչը միշտ ալ հպարտ եղած է ու պիտի ըլլալ սահմանափակ միջոցներով մեծ արդիւնքներու հասնելու իր կարողութեամբ ու հնարամտութեամբ։
Օրինակներ թուելէ առաջ, ընենք կարեւոր հաստատում մը. ԼԵԶՈՒԻ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԺՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑ Է առաւելաբար։ Ինչպէս որ արհեստաւորն ու մասնագէտներ, ինքնաշարժ վարել սորվողներ՝ որոշ գիտելիքներ ունենալէ ետք, պէտք է զանոնք կիրարկումի դնեն, որպէսզի դառնան վարպետ, նոյնպէս ալ լեզուի, մեր պարագային՝ Հայերէնին իւրացումը, բառամթերքէ ու քերականական տարրական գիտելիքներէ անդին, գործածութեամբ եւ վարժութեամբ յղկելու կը կարօտի, որպէսզի անբաժան մասնիկը դառնայ անհատի էութեան։
Թուենք նման վարժութեան նպաստող «գործիք»ներ, որոնք կրնան կիրարկման դրուիլ (արդէն որոշ չափով կը դրուին), սկսելով դպրոցներէ, հասնելու աւելի լայն օղակներու.-
Ա.- Արտասանութիւն-ասմունք-ընթերցում.- Դասարանի-դասագիրքի շրջագիծէն անդին, հետեւողական կերպով կարելի է կիրարկել արձակ կամ բանաստեղծական կտորներ ընթերցելու կամ անգիր արտասանելու դրութիւնը. եւ որպէսզի սա ունենայ ներքին զարգացման դրութիւն մը, կþարժէ ցուցակագրել, իւրաքանչիւր տարիքի յարմար՝ գրական կտորներ, որդեգրելի համատարած կերպով (օրինակ՝ բոլոր դպրոցներուն կողմէ). գործնական ձեւ մըն է դասագիրքի տրամաբանութեամբ յառաջատուական ուղեցոյցի մը կազմութիւնն ու տարածումը։ Նման դրութեան մը ճամբով, որոշ տարիքի հասնող մանուկներ ու պատանիներ իւրացուցած կþըլլան համաչափ բառամթերք ու գրական պատկերաւոր արտայայտութիւններ։ Այս միջոցը կիրարկելի է տարածել նաեւ դպրոցներէ անդին։
Բ.- Երգեր.- Գրական կտորներու չափ օգտակար է երգերու բառամթերքին իւրացումը։ Լեզուի իմացման եւ վարժութիւն ձեռք բերելու իմաստով, առհասարակ չենք անդրադարձած երգին բարերար դերին։ Ինչպէս նշեցինք ասմունքի-ընթերցումի պարագային՝ կարելի է տարիքային-դասարանային յառաջատուական մօտեցումով ընտրել երգացանկեր, այն մտասեւեռումով, որ որոշ տարիք մը բոլորող պատանիներ համաչափ կերպով ծանօթ ըլլան նոյն կամ նոյնանման երգերու։ Հոս ալ կարելի է կազմել դասագիրքի հետեւողութեամբ յառաջատուական ծրագիր մը՝ երգարանի ձեւով։ Երգարաններէ կարճ ժամանակի մէջ եւ դիւրութեամբ կարելի է հաւաքագրել քանի մը հարիւր երգ ու դասաւորելլ տարիքային մօտեցումով, ընտրելով հայրենիքին ու անոր քաղաքներուն, բնութեան տարրերուն նուիրուած, ազգային-հայրենասիրական, աշուղական երգեր (սքանչելի Սայաթ Նովան եւ նմաններ այս նպատակին չեն յարմարիր՝ բառամթերքի պատճառով), հեղինակային ստեղծագործութիւններ (ծանօթ բանաստեղծներու գործերուն վրայ տաղանդաւոր երաժիշտներու յօրինումներով, հեռու՝ շուկաներն ու բեմերը խճողող աղմուկէն, օտարաբոյրէն)։ Ոչ մէկ մտահոգութիւն, որ երգերուն մեծ մասը արեւելահայերէն ըլլան, որովհետեւ մեր լեզուի երկու ճիւղերուն բառամթերքը ըստ էութեան նոյն գանձարանէն կու գայ։ Սա կþենթադրէ, օրինակի համար, դպրոցներու մէջ եւ միութեանց յարկերուն տակ ներկայիս կիրարկուող երգի ուսուցումը դնել աւելի կազմակերպ եւ նպատակադրուած ընթացքի մէջ (յաւելեալ օգուտ կը ծնի, եթէ աշակերտները եւ պատանիները երաժշտական տարրական ծանօթութիւն շահին եւ դառնան խազեր՝ նոթա կարդալու կարող. իրենց զաւակները երաժշտական գործիքի մը մղող ծնողներ խորապէս գիտակից են այս արժէքին)։ Երգը նաեւ պատմութեան ու հայրենիքի ճանաչողութեան միջոց է։ Ի դէպ, արդի արհեստագիտութեան կարգ մը «աշխարհները», ինչպէս որոշ կայքէջեր, You Tube-ը, անսպառ ու անվճար հնարաւորութիւններ կþընձեռեն. կը մնայ, որ երէցներ՝ ծնողք, ուսուցիչ, ընտանեկան հարազատներ եւ այլ պատասխանատուներ քիչ մը պրպտում կատարեն ու նման քայլերու մղեն կրտսերները։ Իբրեւ օրինակ, կարելի է նկատի ունենալ «Երգ Երգոց»ի ու «Ժողովրդային Երգիչ»ի նման յայտագիրներ, որոնք տեղադրուած են You Tube-ի վրայ, եւ անոնցմէ հարազատօրէն կþարտացոլայ Հայ Երգը։
Գ.- Թատերակներ.- Մանուկն ու պատանին կը սիրեն «թատրոն խաղալ» (մեծերը թող իրենց զիրենք անպարտ չնկատեն այս «մեղքէն»)։ Հետեւաբար, նմանապէս տարիքային նկատառումներով, որդեգրել մանկական ու պատանեկան թատերական գործերու ցանկ մը, որ ասմունքի ու երգի կողքին, իր բարերար նպաստը պիտի բերէ Հայերէնի կիրարկման ու վարժեցման մէջ։ (Անջնջելի հետքեր ունիմ մանկութեանս՝ մանկապարտէզի հանդէսներուս ինծի տրուած փորձառութիւններէն, նաեւ տարիներու ականատեսի վկայութիւն՝ տարբեր դպրոցներու մէջ մանկական թատերակներու բերած նպաստէն, ուր ունիմ քանի մը կաթիլ ներդրում)։ Կþարժէ օգտուիլ այս բարիքը օգտագործող դաստիարակներու փորձառութենէն եւ ձեռք բերած արդիւներէն, տեսնելու համար, որ կարգ մը դպրոցներւո մէջ «թատրոնի ակումբ»նր կազմուած են ու խանդավառութիւն ստեղծած։
Դ.- Բերանացի արտայայտութեան այլ միջոցներ.- Աշակերտին ու պատանիին առիթ ստեղծել մտածուած-ընտրեալ նիւթերու մասին խմբովին արտայայտուելու. օրինակ, հետեւիլ առօրեայ կարգ մը իրադարձութիւններու, անոնցմէ ընտրել հետաքրքրական նիւթեր եւ առիթր ստեղծել անոնց մասին տեսակէտներ փոխանակելու։ Այս ձեւը կրնայ զարգացում ապրիլ, եթէ աշակերտներ ու պատանիներ մղուին գիրքերու կամ կայքէջներու մէջ փնտռելու բնութեան-կենդանական աշխարհի, գիտական նիւթի մը, նշանաւոր դէմքերու կամ դէպքերու մասին տեղեկութիւններ, զանոնք ներկայացնել հասակակիցներու եւ անոնց շուրջ միասնաբար զարգացնել խօսակցութիւն։ Լեզուական վարժութեան կողքին, սա կը նպաստէ գիտելիքներու դաշտի ընդարձակման։ Աղբիւները դիւրամատչելի եւ անսպառ են համացանցի ճամբով։ Նուազագոյն ճիգով, հաւաքագրուած նիւթեր կարելի է բաժնեկցիլ համակարգչային էջերէն (եւ դիմատետրը կը դառնայ իսկապէս օգտակար եւ բարի նպատակի ծառայող դաշտ)։
Ե.- Օգտագործել Հայաստանի պատկերասփիւռի օգտակար յայտագիրները.- Հայաստանի, հայութեան եւ ընդհանրապէս աշխարհին ու մշակոյթներու հետ կապի ստեղծման առումով, կարելի է առատօրէն օգտուիլ Հայաստանի (նաեւ որոշ գաղութներու) պատկերասփիւռի յայտագիրներէն։ Մասնակի թւումի կարգով արձանագրենք քանի մը յայտագիր.- «Հայ ասպետ», «Նուիրեալները», «Օտար, ամայի ճամբէքի վրայ», Հայաստանի, Արցախի եւ Արեւմտեան Հայաստանի պատմական ու այժմու վայրերը ծանօթացնող յայտագիրներ։ Եթէ հնարաւոր չէ անոնց օրը օրին հետեւիլ, զանոնք ու նմանները կարելի է դիւրութեամբ ու անվճար գտնել համացանցի վրայ (You Tube եւ այլ)։ Հոն կարելի է գտնել նաեւ հայերէն հին ու նոր ժապաւէններ, մանուկներու եւ պատանիներու համար ուսուցողական նիւթեր (միակ հարցը այն է, որ պէտք է օգտակարը զանազանել սնամէջէն…)։ Անպատեհ չէ օգտագործել նաեւ օտար ժապաւէններ ու պատկերասփռուող յայտագիրներ, ու թելադրել, որ պատանին զանոնք վերապատմէ հայերէնով, գրաւոր զեկուցում տայ մայրենիով։
Է.- Գիրքի վերակենդանացում.- Դարձեալ հաստատում մը. բոլորովին ճիշդ չէ այն մտածողութիւնը, թէ գիրն ու գրաւոր հրատարակութիւնները «հնադարեան բաներ» են, հետեւաբար, ներկայ փուլին միայն նոր արհեստագիտութեան ապաւինիլը պերճանք է։ Մանուկներու, պատանիներու եւ երիտասարդներու մատչելի գիրքերու եւ հրատարակութեանց վերականգնումը, ընթերցումի՛ մշակոյթին վերակենսաւորումը անփոխարինելի է։ Նախապէս անդրադարձանք ԸՆԹԵՐՑՈՒՄի անխուսափելիութեան։ Նաեւ կþարժէ դիտել մեզ շրջապատող աշխարհը, տեսնելու համար, որ այս կալուածը անապատի չէ վերածուած, նոր գիրքեր կը հրատարակուին, անցեալի ու ժամանակակից համբաւաւոր գրողներու պատանեկան ու պարզացուած հրատարակութիւնները կþարժանանան աւելի արդիական վերահրատարակութիւններու։ Իսկ թէ արդի արհեստագիտութիւնը կþընձեռէ նոր գործիք՝ հացին էութենէն բան չի փոխուիր։
Մեծապէս օգտակար է փորձերու եւ փորձառութեանց (մանաւանդ ուսուցիչներու փորձառութեանց) բաժնեկցութիւնը եւ օգտագործումը։
Ցանկալի պիտի ըլլայ, որ խորաթափանց եւ օգտաշատ համագումարներու եւ տեսութիւններու մշակման զուգահեռ, վերոյիշեալ ընտրանքներն ու ասոնցմէ անդին գացող գործնական միջոցառումներ կարճ ժամանակի մէջ մուտք գործեն մեր կեանքէն ներս, մինչեւ որ իրականանան աւելի երկար ժամկէտ պահանջող ծրագիրներ ու անոնց անհրաժեշտ նիւթական միջոցները։