ՍՓԻՒՌՔԸ ԻՆՔՆԱՆՊԱՏԱ՞Կ Է, ՍՓԻՒՌՔԸ  ՅԱՒԵՐԺԱԿԱ՞Ն Է, ՀԱՅ ԼԵԶՈՒՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԱԶԴԱ՞Կ  Է

0 0
Read Time:5 Minute, 57 Second

 

Յ. Պալեան,

Փետրուար 28, 2016

– Ադամ,- յանկարծ արթնացաւ Զելդան, շտկուեց նստարանում,- ի՞նչ է վէպիդ նիւթը:

– Իմ կեանքը, այլոց կեանքերի հետ խառնուած:

– Իսկ ի՞նչ լեզուով ես գրում:

– Անգլերէն:

– Ինչո՞ւ հայերէն չես գրում:

– Հայերէ՞ն: Ո՞ւմ համար: Հայերէն կարդացող չկայ: Շատ հետաքրքրական եմ գտնում հարցումդ: Ինչո՞ւ ես ցանկանաում որ հայերէն գրեմ:

– Որովհետեւ Ադամ Նուրեանի մասին միայն հայերէն կարելի է գրել: Այլապէս անգլերէնով կը գունաթափուի գիրքը: Ամերիկացին պիտի չհասկնայ քեզ: Մենք տակաւին դժուարանում ենք հասկանալ Տոլստոյին, Դոստոյեւսկուն, Ֆլոբերին, նոյնիսկ Մոպասանին: Իմ մտահոգութիւնն այն է, որ անգլերէն բառերը չպիտի կարողանան հարազատօրէն պատկերել քո աշխարհը: Օրինակ, դու ինձ ասել ես, որ անգլերէնում կարօտ բառ չկայ, իսկ քո կեանքը համակ կարօտախտ է: Կարողացա՞յ պարզել միտքս:

– Բայց հայերէնը խորթացել է ինձ:

– Այսուհանդերձ հարազատ խորթութիւն, մինչ այլ լեզուով կը դառնայ խորթ խորթութիւն:

Յակոբ Կարապենց, «Ադամի գիրքը», էջ 207-208,

Ոսկետառ հրատարակչութիւն, 1983

 

Գրողները եւ բանաստեղծները հանգամանաւորներէն (էսթէպլիշմընթ) եւ անոնց մունետիկներէն աւելի լաւ կը զգան, իրենց ներիմացական յատկութեամբ, եւ կը պատկերացնեն ընկերաքաղաքական կացութիւնները: Անոնց գնահատումները անմիջական շահախնդրութենէ անդին կը գտնուին, կարգախօս չեն կրկներ, մանաւանդ երբ տուրք չեն տար, լուսապսակի համար եթերային մտաւորական խաղերու անձնատուր չեն ըլլար: Չենք խօսիր լուսապսակ ունեցողներու շուրջ թիթեռնիկի պէս թռչկոտողներու:

Հայ ազգային լեզուէ, մշակոյթէ եւ գրականութենէ խորթացողներ, որոնք բախտաւոր պարագային օտարաբարբառ կամ հայաբարբառ կապկումներ կամ լեզուական աճպարարութիւններ եւ պատկերներ կը սիրեն ծափահարել,  այլեւս չեն կարդար դասական դարձած կամ նոր հայ գրողը եւ բանաստեղծը, Րաֆֆիի «Խաչագողի յիշատակարանը», Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց»ը, ժամանակակից Յակոբ Կարապենցի «Ադամի գիրքը», կամ Վիգէն Խեչումեանը:

Յակոբ Կարապենց մեր հոգեկան ժամանակիցն է: Իր հետեւեալ տողերը ճամբացոյց կրնան ըլլալ տեսաբաններու, որպէսզի իրենց հրաժարումներուն եւ կապկումներուն զոհ չդարձնեն անելի մէջ գտնուող եւ հակամշակոյթ դարձող հայ զանգուածները եւ հայ միտքը:  Ի՞նչ կ’ըսէ իր գիրքին հերոսը, Պարսկաստանէն հասած Միացեալ Նահանգներ, յայտնի լրագրող դարձած Ադամը:

«Ես ի՞նչ պատասխան պիտի տամ իմ զաւակներին ու նրանց զաւակներին: Ինչպէ՞ս բացատրեմ, որ բթամիտ միջակութիւններ են կառավարում աշխարհը, որ ամէն ոք օսլայած շապիկ է հագնում ու ապոկալիպսեան խաղեր  խաղում գոյնզգոյն կոճակների հետ, երբ բացարձակը դարձել է մտասեւեռում, ի՞նչ բացարձակ,  երբ բացարձակի տակ բան չի մնացել, եթէ մնացած լինէր, ապա Փրէսիդիոյի սպաները հարբած ժամանակ քոքա-քոլայի դատարկ շիշեր չէին խոթի կանանց բունոցները, էլ չխօսենք ներքին ներքինիացման առլեփ ամայութեան մասին, ուր անդասակարգ հաւաքականութիւնները այլեւս ճարտարարուեստի աժան ապրանքնե՛րն են երկրպագում կարծելով թէ երջանիկ են, շռծակ են պաշտում, կարծելով թէ գտել են լինելութեան գաղտնիքը: Մոռացի՛ր ինձ, ես անյոյս եմ, աներդիկ ու անկաշառ: Ամէն առաւօտ ամբոխը ինձ գնդակահարում է կենտրոնական հրապարակում, որովհետեւ վտանգաւոր բաներ եմ ասում անցորդներին, օրը եօթը անգամ հակասում եմ ինձ»: Յակոբ Կարապենց «Ադամի գիրքը», էջ 157)

Հայը ոչ ոքէ պակաս է: Երբ կը ճամբորդէ կամ հիւր է, «ժագուզի»ով սենեակ կ’ուզէ:

Երբ «բանիմաց» հայեր, իրենք իրենց այդ տիտղոսը տուածներ, զրոյցի կը նստին, զգացական եւ սրտցաւ վերսկսող զրոյց, խորագրի հարցումները կը կրկնուին ծիածանի գոյներով եւ երանգներով, պատասխանները կը չափուին եւ կը ձեւուին «մարդ չխրտչեցնելու» եւ «մարդորսական» ճապկումներով, նահանջի եւ խուճապի ոգիով, որոնք իմաստութիւն կը համարուին: Միշտ վերսկսելով եւ միշտ նոր ըլլալու ինքնախաբէութեամբ: Ի հարկէ Յակոբ Կարապենցի «Ադամ»ը ներկայ չ’ըլլար:

Եթէ «Ադամի գիրքի» հերոսի յայտնատեսութեամբ կարենայինք մտածել, մարդուն եւ անոր հայատեսակի մասին, որ մենք ենք նաեւ, իրատեսական կարծիք կը կազմէինք, մեր կացութեան մասին կը խօսէինք մարդկութեան եւ ազգի դիրքերէն մեկնելով: Այս հարցերուն մասին կը խօսուի, բայց ոչ ոք կ’ուզէ բարձրաձայնել եւ եզրակացնել, վանողական ըլլալով սփիւռք(ներ)ը չտկարացնելու համար, կամ աւելի ստոր մակարդակի վրայ՝ փառասիրութիւններ չվտանգելու համար:

Հայ ազգի գոյացման տեսանկիւնէ իրողապէս ի՞նչ է սփիւռք(ներ)ի կացութիւնը, այսօ՛ր, ի՞նչ կրնայ ըլլալ վաղը, մօտաւոր կամ քիչ մը աւելի հեռաւոր ապագային: Այս հարցերուն կրնա՞նք մօտենալ առանց «բթամիտ» վերաբերումի, կարծիք չյայտնելով՝ երբ անտեղեակ ենք, բեմէն չխօսելով մեր չկարդացած բանաստեղծի յոբելեանի առի-թով, զայն ճանչնալով միայն չորս տող կենսագրականով կամ մահազդի էջով:

Սփիւռքը ազգային հիմնահարց է: Հրապարակագրական էջերս հատորի մը մէջ ամփոփած էի: Այսօր ալ սփիւռք(ներ)ը հիմնահարց է եւ անոր հանդէպ մեր մօտեցումը շաբաթավերջի ժողովներով կամ երգային խանդավառութիւններով ոչ կ’ըմբռնուի ոչ ալ անոր հանդէպ քաղաքական դիրքորոշումը՝ կարկտանային (patchwotk) լուծումով: Ի հարկէ, ինչպէս կ’ըսուի, սփիւռք(ներ)ը ազգի ենթադրեալ համրանքի կէսէն աւելի է: Առանց բնորոշ սահմանումներու:

Ո՞վ կրնայ հաւատալ, լաւագոյն զգացումներով եւ լաւատեսութեամբ, որ սփիւռք(ներ)ը պիտի տեւէ որպէս ազգի իրական հատուած, իր յատկանշական ստորոգելիներով, զորս պէտք է սահմանել եւ ըստ այնմ յանձնուիլ սկսող եւ չաւարտող վերլուծումներու: Վիճակագրական ոչ մէկ գիտական տուեալ ունինք սփիւռք(ներ)ի իրական համրանքի մասին, անոր հարազատութեան որակի տոկոսի մասին: Ենթակայական տուեալներու վրայ հիմնուած թիւեր կը լսենք. ութը, տասը, ինչու ոչ քսան միլիոն: Այս թիւերը շեփորհարել անկումային աղմկարարութիւն է, քանի որ չի հիմնուիր չափանիշներու եւ արժէքներու վրայ, որոնք ոգեկանութեան, ժառանգուած եւ կտակուող ինքնութիւն-մշակոյթով կը սահմանուին: Կարծեցեալ քաղաքականութեան ասպետները ժամանակավրէպ հնչեղ եւ մաշած բառերով եւ յուսադրիչ խօսքերով խաղ մը կը շարունակեն, բարձրախօսներով եւ պատկերներով կ’ուզեն ստեղծել որպէս ազգի հատուած տեւելու առասպելը:

Սփիւռքը ազգէն հատուած է: Այդ ըլլալէ հետզհետէ կը դադրի: Անոր ծայրերը կ’անհետանան, կը մաշին պատշաճեցումներով, սպառողական ընկերութեան եւ «դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան» հարթող գլանին շփուելով: Եւ կ’արտադրուին «ծագումով հայեր», որոնք ժամանակ մըն ալ տեսութիւններով կը զբաղին կամ «հայասէր» կ’ըլլան: Այս խօսքը բառախաղ չէ :

Յաճախ հանդիսութիւններու եւ ճաշկերոյթներու համար հաւաքուածները կը զուարճացնենք այլ երկինքներու եւ օրերու կարգախօսներով: Հրամցնելով այն՝ զոր մարդիկ կ’ուզեն լսել եւ վարժուած են լսելու: Սփիւռքը, ազգէն հատուած էր՝ հայրենահանութեամբ, կորսնցնելով հողը եւ բնական կերպով տեւելու եւ զարգանալու հնարը: Ոչ այսօրուան պատկերով յոգնակիացող սփիւռքը, որ խեղուած է կամաւոր արտագաղթ-հայրենալքում-հատումի տխրութեամբ, եւ տնտեսական պատճառ-պատրուակով ապազգային գաղթականութիւն է:

Խորագրի եռակի հարցումը օրակարգ չէ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Չես գիտեր ո՞ր իմաստութեան հետեւելով, կը գործենք այնպէս՝ որ սփիւռք(ներ)ը պիտի տեւէ, մնայուն է, կը թաքնուինք բառերու ետին, կ’ըսենք՝ «մերուիլ», բայց ո՞ւր կը տանի այդ ընթացքը, որ այսօր օգտակար է հայը իր բնակած երկրի «լաւ քաղաքացի» դարձնելու, որ պիտի տանի ձուլուելու, անհետանալու, նոյնիսկ եթէ ամբոխավարական ճառով եւ դիրքապաշտութեամբ աղմկենք: Այս անվերականգնելի մաշումին գլխաւոր ազդակն է լեզուի կորուստը, որ ազգի գոյացման համար հողի չափ կարեւոր է, նոյնիսկ հայրենիքի մէջ, որ ինքնութեան ազդակ է: Ամէն անգամ երբ կը յիշեցուի, որ «բառերու ժառանգութիւնը արժէքներու ժառանգութիւն է», ազգային առաջնահերթութիւնը ծալած եւ վրան նստած ջոջականութիւնը, տեղական-տեղայնականի հետամուտ, կ’ընդվզի, ոչ թէ ազգային գիտակցութեան թելադրանքով, այլ՝ դիրքապաշտութեամբ: Եւ հրապարակ կը նետուին դատարկաբանութիւններ, ըստ որոնց «զգացումով հայ ենք», «հարիւր տոկոսով հայ եւ հարիւր տոկոսով ֆրանսացի, ամերիկացի, գերմանացի…»

Ազգին իրաւ քաղաքականութիւնը (գաղափարախօսութիւնը) հայրենադարձութիւնն է: Ղեկավարութիւնները հայկ է գնահատել անոր բերուած նպաստի չափանիշով: «Թատերական»ութեամբ տեսանելիութիւն պահած իշխանութիւնները իրականութիւնները կը ծածկեն եւ սփիւռք(ներ)ը կը կծկուի, թիւերը կը ծառայեն հռետորութեան:

Անցեալին կար եւ կարգ մը շրջաններու մէջ կը վերածնի «աստուածային իշխանութիւն»ը (théocratie): 20րդ դարու մեծ իմաստասէր-մարդաբան Ժորժ Պալանտիէի բնութագրումով մարդկութիւնը մուտք գործած է «թատերական իշխանութեան» (théatrocratie) ժամանակաշրջանը: «Քաղաքականութիւն»ը կորսնցնելով ժողովուրդին ծառայելու իր կոչումը, կը դառնայ «արհեստ»: Ֆրանսայի մէջ լեզուները կը քակուին խօսելու համար մարդոց մասին, որոնք երբեք չեն աշխատած եւ գրաւած են հրապարակը՝ զայն դարձնելով հասութաբեր կալուած: Եւ ոչ միայն Ֆրանսայի:

Այս հոլովոյթ-երեւոյթը գումարուելով սփիւռքեան անէծք կացութեան վրայ, անորոշ սահմաններով մեր համրանքը փողով-թմբուկով կը տանի հրաժարումներու:

Ինչպէ՞ս եւ որոնց կողմէ անխառն ազգային գաղափարախօսութիւն պիտի ներշնչուի մեր ժողովուրդին, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

Ապահովաբար ոչ ծագումով, ոչ հայասէր եւ ոչ ալ հայրենիք լքող հայերուն կողմէ, անոնք ըլլան դրամի կայսերական ուժ ունեցողներ, թէ «էսթէպլիշմընթ»:

Այսպէս է կացութիւնը, քանի որ այլեւս տէր չենք մեր միտքի ժառանգութեան, ազգային տեսակէտէ դարձած ենք հակամշակոյթ: Բախտաւոր պարագային հայասէր բարեսէր: Կը շրջուի՞ նահանջի ձիւնահոսքի ահեղ ընթացքը…

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles