ՊՈԼԻՍ («Ժամանակ»).- Շաբաթ, Փետրուար 13-ին, տեղի ունեցաւ գրական բնոյթ ունեցող ձեռնարկ մը: Կատարուածը շնորհանդէս մըն էր վերջերս լոյս տեսած երեք հրատարակութիւններու.- Միսաք Գօչունեանի (Քասիմ) «Օրուան մտածումներ (1908-1913)»ը, Երուանդ Սրմաքէշխանլեանի (Երուխան) «Փոքր Ասիոյ մէջէն»ը եւ Ռուբէն Զարդարեանի «Յօդուածներ»ը։
Այս աշխատանքը կատարած էր «Ժամանակ»ի խմբագիր ու բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Անատոլու Քուլթուր»ի աջակցութեամբ։ Հաւաքին ներկայ էին ազգային, կրօնական եւ պետական ներկայացուցիչներ, կրթական մշակներ հիւրեր։
Խօսք առին Համպուրկի համալսարանէն` Իշխան Չիֆթճեան, Նիւ Եորքէն ժամանած բանասէր` Վարդան Մատթէոսեան եւ պատմաբան` Վահէ Թաշճեան (Պերլին), որոնք գրի առած էին Քասիմի, Երուխանի եւ Զարդարեանի գիրքերուն յառաջաբանները՝ նոյն հերթականութեամբ։ Անոնց միացած էր նաեւ «Ժամանակ»ի խմբագրակազմէն պատմաբան` Այլին Գօչունեան։ Ասուլիսը վարեց բանաստեղծ եւ հրապարակագիր` Սագօ Արեան: Այլին Գօչունեան, այս երեք գիրքերուն վերաբերեալ ընդհանուր գնահատականով մը հանդէս եկաւ՝ տուեալ ժամանակաշրջաններուն շուրջ դիտարկումներով։
««Ժամանակ-100»ի մատենաշարէն հրատարակուած գիրքերը, նախապէս լոյս տեսած են օրաթերթին մէջ: Ելոյթ ունեցաւ Սեւան Տէյիրմենճեան, որ յայտնեց, թէ «Ժամանակ-100» մատենաշարը առիթ մըն է խորքերէն դուրս բերելու, մամլոյ գերեզմաննոցներէն լոյսին բերելու, յարութեան շունչ տալու, մոռացութենէ ազատելու մեր դասական հեղինակներուն ցիրուցան գործերը։ Իր խօսքերով, աւելի քան հարիւր տարուան հնութեամբ գրութիւնները, որոնք ամփոփուած են այս երեք գիրքերուն մէջ, չեն կարդացուիր պատմական երկ մը ընթերցելու կամ անցեալը քրքրելու, զայն պեղելու նպատակով, այլ կարդալու ժամանակ իսկ ընթերցողը կ՚անդրադառնայ, թէ ինչպէս ժամանակակից կեանքէն էջեր կը փռուին իր առջեւ։ Անցեալի եւ ներկայի զուգահեռականներուն, նմանութիւններուն շուրջ Սեւան Տէյիրմենճեան հետաքրքրական մէջբերումներ ըրաւ յիշեալ գիրքերէն եւ աւելցուց, թէ այդ գիրքերը պիտի չընթերցուին միայն որպէս ընթերցանութեան նիւթ եւ անոնց էջերու թղթատումով կը պատկերանայ նաեւ մեր կեանքի դառն առօրեան։ Ան կանգ առաւ թրքահայոց քաղաքացի ըլլալու վերաբերեալ հանգամանքներուն վրայ, ժողովրդավարութեամբ նախատեսուած բոլոր իրաւունքներով եւ զգայնութիւններով։ «Կարդացէք սիրելիներ այս գիրքերը։ Անցեալին Պոլիսը հայոց քաղաքական պատմութեան վերաբերեալ նման հրատարակութիւններ չէր կատարեր։ Կը յիշեմ, նամակներ կը գրէինք Պէյրութ եւ Զարդարեանի հատորը կը խնդրէինք։ Բայց հիմա Պոլիսը Զարդարեան եւ նման այլ հեղինակներ կը տպէ եւ ուրիշներ են, որ նամակներով մեզմէ կ՚ուզեն այս հատորները։ Գոհունակութեան առիթ մըն է, որ անցեալի թմրածութիւնը կը թօթափէ այս քաղաքը եւ հետզհետէ իր անցեալէն քաղած համարձակութեամբ կը տեղաւորուի Սփիւռքի ընդհանուր տարածքին վրայ նաեւ այս իմաստով», եզրակացուց ան։
Ապա խօսք առաւ Իշխան Չիֆթճեան, որ վերջին շրջաններուն Պոլիս կատարած այցելութիւններուն վերաբերեալ յիշատակելի դիտարկումներ եւ տպաւորութիւններ փոխանցելով խօսեցաւ՝ անմիջականութեան կամուրջ մը հաստատելով ունկնդիրներուն հետ։ Իշխան Չիֆթճեանի խօսքերով՝ թրքահայութիւնը հայկական կեանքին պատիւ բերող մայր գաղութ մը կը համարուի։ «Պոլիսը մեր բախտին ու դժբախտութեան մայրաքաղաքն է նոյնաժամանակ», ըսաւ ան եւ ընդգծեց, թէ Պոլիսը, հայկական Պոլիսը կը պատկանի բոլորին։ Միսաք Գօչունեանի գիրքին մասին ան խօսեցաւ բարձր գնահատանքով ու նշեց, թէ հրապարակագիրը այն անձն է, որ հասարակութեան, իր լսարանին ուղղութիւն ցոյց կու տայ։ Ան այս առումով լաւագոյն օրինակ մը համարեց Միսաք Գօչունեանը եւ ըսաւ. «Քասիմը այն հրապարակագիրն է, որ ձեռքէդ կը բռնէ ու կը տանի այն տեղ, ուր որ պէտք է»։ Չիֆթճեան շեշտեց, որ Քասիմի յօդուածներու ժողովածոյին մէջ ներկան եւ անցեալը իրարու մէջ են, ընդելուզուած։ Հետեւաբար, ան խորհուրդ տուաւ անպայման կարդալ Միսաք Գօչունեանի այս գիրքը ու որպէս հիմնաւորում իրերայաջորդ ձեւով ընթերցեց ժողովածոյին մէջ ընդգրկուած յօդուածներուն վերնագրերը, որոնք ինքնին ապացոյց կը հանդիսանային այս ուղղութեամբ։
Վարդան Մատթէոսեան նշեց թէ, իր անդրանիկ այցելութիւնն էր եւ ան կը յայտնէր, թէ Պոլիսը ճանչցած էր հեռուէն, գիրքերու միջոցաւ, իսկ իր այս առաջին այցելութիւնը առիթ հանդիսացած է, որ ուխտը վերանորոգէ անցեալի դէմքերուն նկատմամբ։ Երուխանի «Փոքր Ասիոյ մէջէն» գիրքին մասին խօսելով՝ Վարդան Մատթէոսեան շեշտեց, թէ ան «Ժամանակ»ի մէջ ու ժամանակէն անդին գործ մըն է։ Շուրջ դար մը առաջ գրուած այդ յօդուածներով Երուխանի ոտքը ամուր կանգնած է նաեւ ներկային մէջ։ Վարդան Մատթէոսեան ընդգծեց, թէ շնորհանդէսի ընթացքին ներկայացուած այս երեք գիրքերը անկարելի է ընթերցել լոկ պատմութեան համար։ «Այդ գիրքերուն մէջ տեղ գտած յօդուածները գրի առնուած են օրուան մը կեանք ունենալու համար, բայց երբ որ կը մէկտեղուին՝ այլեւս մէկ օրուան թիթեռնիկներ չեն, մեզի կը խօսին հարիւր տարուան խորքով», ըսաւ Վարդան Մատթէոսեան, որ շեշտեց նաեւ, թէ լուրջ ընթերցումի արժանի գործեր են անոնք։ Լեզուական հարցերուն ալ ակնարկեց Մատթէոսեան եւ ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, թէ հարիւր տարի առաջ կարելի էր հայ իրականութեան մօտ ժողովուրդին հասնիլ պարզ խօսքով։ «Այս հեղինակներուն ընթերցումը զիս անգամ մը եւս կը համոզէ բարդ հայերէնի եւ ճիշդ հայերէնի տարբերութեան մասին», եզրակացուց Վարդան Մատթէոսեան:
Վահէ Թաշճեան, իր խօսքը փոխանցելով, յայտնեց, թէ Ռուբէն Զարդարեան ծանօթ է առաւել չափով իր գրական արտադրութեամբ, իսկ «Ժամանակ»ին մէջ հրատարակուած իր յօդուածները փաստօրէն կը համընկնէին հարցակէտային ժամանակահատուածի մը, երբ կը վերահռչակուէր Օսմանեան սահմանադրութիւնը։ Այդ քայլը նոր սկիզբ մը կու տար կայսրութեան ընկերաքաղաքական ուղիին։ «Յօդուածներ» գիրքը ընթերցողին կը ներկայացնէ հրապարակագիր-լրագրող Ռուբէն Զարդարեանը, որու գործերով մեր աչքի առջեւ կը վերականգնուի պատմական ժամանակաշրջան մը։ Վահէ Թաշճեանի խօսքով իր յօդուածներուն մէջ արտայայտուած գլխաւոր միտքն է՝ զննող միտքը։ Ան դիտել տուաւ, թէ Զարդարեան ըստ էութեան օսմանեանական մըն էր, հաւատք կը տածէր սահմանադրական կարգերուն եւ պետութեան նկատմամբ հաւատարիմ տրամադրութիւններ ունէր։ Զարդարեան իր զննող եւ սրահայեաց միտքով լաւ կը նկատէր այդ շրջանի նոր կարգերուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, ահագին խոչընդոտները, որոնք ի վերջոյ անյաղթահարելի խոչընդոտներ պիտի ստեղծէին նոր ուղիին առջեւ, պիտի խորտակէին ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան նորածիլ բոյսերը եւ ճամբայ պիտի հարթէին նոր չարիքներու համար։ Վահէ Թաշճեան դիտել տուաւ, թէ այդ կէտէն սկսեալ Ռուբէն Զարդարեան սկսած էր հանդէս գալ առաւել չափով որպէս հայ հրապարակագիր, որպէս հայ քաղաքական գործիչ։ Արդարեւ, ան խորապէս կը գիտակցէր, թէ նախկին վարչակարգի շրջանին առաւել չափով տուժածը եղած էր իր խումբը՝ այսինքն առաւել չափով տուժած էին հայերը։ Հետեւաբար նոր գործընթացի ապագայ խափանումը անխուսափելիօրէն նոր սպառնալիքներու եւ վտանգներու դուռը լայն կրնար բանալ բոլորէն աւելի հայերուն առջեւ։ Թաշճեան յայտնեց, թէ Զարդարեանի յօդուածները խարսխուած են այս գաղափարական ենթահողին վրայ։ Իր խօսքերով՝ Զարդարեանի պահանջները հարազատօրէն արտայայտութիւններն են այդ տարիներու հայ քաղաքական մտքին. հաւասարութիւն օրէնքի առջեւ, տնտեսական ազատութիւն, հարստահարութիւններու դէմ պետական ապահովութեան երաշխիք, հայկական մշակութային զարգացումի եւ քաղաքական կեանքի մասնակցութեան իրաւունք։
Աւարտին ելոյթով մը հանդէս եկաւ «Ժամանակ»ի գլխաւոր խմբագիր` Արա Գօչունեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց արտասահմանէն փութացած մասնակիցներուն՝ բարձր գնահատելով անոնց կողմէ ձեռնարկին բերուած անփոխարինելի ներդրումը։ Ան նշեց, թէ թրքահայութիւնը ներկայիս ունի ծանրաբեռնուած օրակարգ մը, որու ընդգրկած նիւթերուն հետամուտ է սահմանափակ ներուժով։ Գօչունեանի խօսքի աւարտին յուշանուէրներ յանձնուեցան այս ձեռնարկին մասնակցելու համար արտասահմանէն քաղաք ժամանած հիւր մտաւորականներուն։
Read Time:4 Minute, 47 Second