0
0
Read Time:21 Second
ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Հոլանտա
Ժամանակը փոխեց ամէն ինչ:
Նուրբ ու փետուրէ սիրտս դարձաւ ժայռոտ կամք:
Հեռաւոր, անծանօթ գաղափարները մտերիմներ եղան, ամուլ, չորցած սիրոյ որթատունկը ծիլ տուաւ. թթու խաղողը գինիի վերածուեցաւ:
Տաքուկ օճախս ամայացաւ, օտարին ծպտուած դէմքը իբրեւ ճակատագրիս ստուերը կնքուեցաւ:
Ճշմարիտը փնտռած պահուս մէջի անծանօթին հանդիպեցայ:
Հաւատքս՝ անհաւատութեան դարձաւ, իսկ կասկածներս՝ հաւատք դարձան:
Ես իմ հակասութիւններուս հետ միացայ:
Մինչ հայրենիքին մէջ օտարութիւն կ’երգէի՝ օտարութեան մէջ ՀԱՅու քարոզիչ դարձայ: