Վերջին օրերուն, Հալէպը անգամ մը եւս կ՛ապրի դժուար օրեր: Հալէպի հայահոծ թաղամասերն ալ զերծ չեն մնացած, այս ահաւոր կացութենէն:
Փետրուար 15-ի գիշերուան ժամերուն, ռումբեր արձակուեցան ահաբեկիչ խմբաւորումներու կողմէ Նոր Գիւղ շրջանի Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Հալէպի Ընկերաբժշկական Կեդրոնին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, Հայ Ծերանոցի եւ Քարէն Եփփէ ճեմարանի ուղղութեամբ:
Բազմաթիւ, այլ հրթիռներ արձակուեցան նաեւ այլ հայահոծ շրջաններու՝ Սիւլէյմանիէի, Մէյսելունի, Ազիզիէի եւ այլ շրջաններու ուղղութեամբ:
Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Հալէպի Ընկերաբժշկական Կեդրոնը, բացի մուտքի պատէն, ամբողջութեամբ քանդուած է: