ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
(յապաւումով)
Նիւ Եորք
Ծ.Խ.- Փետրուար 15ի երեկոյեան, Պէյրութի մէջ իր մահկանցուն կնքած է ծանօթ բեմադիր եւ դերասան Պերճ Ֆազլեան: Պոլիս ծնած Ֆազլեան կը համարուի լիբանանեան թատրոնի գլխաւոր հիմնադիրներէն մէկը:
Ան կարեւոր ներդրում ունեցած է նաեւ լիբանահայ թատրոնի մօտիկ անցեալի պատմութեան մէջ: Հանդէս եկած է տասնեակներով շարժանկարներու մէջ եւ բեմադրած՝ մեծ թիւով թատերգութիւններ: Ֆազլեան իր ուրոյն տեղը ունեցած է նաեւ լիբանահայ գաղութի մտաւորական շրջանակներուն մէջ, մինչ իր դիրքորոշումները կ՚ընկալուէին խորագոյն յարգանքով: Որպէս թատրոնի եւ թատերական նիւթերու դասախօս, ծանօթ անուն էր Լիբանանի համալսարանական շրջանակներուն եւ արժանացած էր տեղական մտաւորական եւ գեղարուեստի շրջանակներու յարգանքին:Ֆազլեան 90 տարեկան էր: Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք յապաւումով Յակոբ Վարդիվառեանի սոյն մահագրութիւնը.-
Երջանիկ եմ, որ այդ հեռաւոր եւ հայաշատ
վայրերում` հայ թատերական արուեստի
հիմնարկութիւն մը կայ եւ որի ձեռնարկողներից
մէկը նոյն աղբիւրից դաստիարակուած մի
երիտասարդ է ինչ աղբիւրից դաստիարակուած եմ ես։
Վահրամ Փափազեան
Ծնած է Դեկտեմբեր 4, 1926ին, Պոլիս։ Իր թատերական ուսումը ստացած է տեղւոյն թատերական հիմնարկին մէջ։ Արդէն 1944ին կը մասնակցի Պոլսոյ Քաղաքապետարանի ներկայացումներուն։ Պոլսոյ մէջ կը բեմադրէ տասնեակ մը գործեր, որոնց կարգին կ՚արժէ յիշել Պէն Ճոնսընի Վոլբոնէն եւ Մոլիէրի Ագահը թատրերգութիւնները։
Հայ թատրոնի սկզբնական խարխափումները ազգային թատերախաղով կատարած էր ան, սակայն կը փորձէր նոր թռիչք տալ իր արուեստին։ Պոլիսը այլեւս բան մը չունէր իրեն տալիք, յառաջդիմութիւն ալ չկար … իր ընդվզումին առընթեր, իր մէջ բնածին տաղանդ տեսնելով, Պերճին բարեկամ թուրք դասախօսը կը յայտնէ. «Ինծի երդում ըրէ որ թատրոնը երբեք պիտի չձգես …, այստեղ քեզի յարմար չէ, մի մոռնար որ հայ ես, ինչո՞ւ հայուն առաջնակարգ դեր տալ …»։ Այս դասը բաւարար էր Պերճին, որ 1951ին հեռանար Իսթանպուլէն։
Պէյրութ, կը հաստատուի հոն, ընտանիք կը կազմէ եւ կը շարունակէ իր թատերական գործունէութիւնը։ Կ՚ամուսնանայ 1959ին, նկարչուհի Սիրվարդ Գրիգորեանի հետ, որ կը մնայ Պերճին կեանքի, արուեստի ու բեմի մնայուն ընկերը։ Կը բախտաւորուի երկու զաւակներով. մանչը՝ Յարութը ծանօթ խմբավար ու գեղարուեստական ղեկավար է զանազան սիմֆոնիք նուագախումբերու Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներու մէջ:
Պէյրութի մէջ 1956ին կը հիմնէ «Նոր Բեմ», 1959ին Հ.Ե.Ը.-ի «Վահրամ Փափազեան» եւ 1971ին «Ազատ Բեմ» թատերախումբերը, որոնք մեծ արձագանգ կը գտնեն տեղւոյն հայատառ, արաբատառ եւ ֆրանսատառ բոլոր թերթերուն մէջ, անխտիր։ Ֆազլեան կը հրաւիրուի, արաբական աշխարհի հանրածանօթ լիբանանցի երգչուհի Ֆէյրուզի մասնակցութեամբ, Ռահպանի եղբայրներուն թատրերգութիւնները բեմադրելու Պաալպէքի փառատօնին, ինչպէս նաեւ Պէյրութի ու Դամասկոսի մէջ. եւ այսպէս տասնվեց տարիներ շարունակաբար կը բեմադրէ Ռահպանի եղբայներու երաժշտա-թատերական գործերը։
1975ին կը գաղթէ Գանատա եւ կը հաստատուի Մոնրէալ։ Հոն եւս կը լծուի գեղարուեստական աշխատանքի։ Առաջին իսկ օրէն կը միանայ «Թէքէեան» Մշակութային Միութեան մեծ ընտանիքին, հոնկէ թափ տալու իր մշակութային գործունէութեան Գանատայի տարածքին։ 1976ին կը հիմնէ Մոնրէալի Թ.Մ.Մ. «Հայ Բեմ» թատերախումբը եւ հայերէն լեզուով կը բեմադրէ գանատացի ծանօթ հեղինակ Ռոպէր Կիւրիքի «Պարան Կը Ծախեմ» թատրերգութիւնն ու կը մասնակցի տեղական «Փոքրամասութիւններու Թատերական Փառատօն»ին եւ կ՚արժանանայ առաջին մրցանակին։ 1989ին կը հիմնէ Մոնրէալի «Արմէնօրամա» հեռուստատեսիլի հաղորդումները։
«Հայ Բեմ» թատերախումբը ելոյթներ կ՚ունենայ նաեւ Լոնտոնի, Փարիզի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (Նիւ Եորք, Պոսթըն, Ֆիլատելֆիա …) զանազան քաղաքներուն մէջ։
Որպէս դերասան մասնակցած է տասնեակ մը ֆիլմերու, որոնց բեմադրիչները եղած են` Եուսուֆ Շահին, Հանրի Պարաքաթ, Անթուան Ռէմի, Նիյազի Մուսթաֆա եւ ուրիշներ։ Գլխաւոր դեր ստանձնած է նաեւ Գանատայի անգլիախօս ֆիլմի մը մէջ` «Next of Kin» որուն բեմադրիչը աշխարհահռչակ Ատոմ Էկոյեանն է եղած։
Հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ թրքերէն լեզուներով բեմադրած է աւելի քան 100 թատրերգութիւններ, որոնց մէջ անմոռանալի կը մնան` Շէյքսփիրի «Միջ-ամառնային Գիշերուայ Երազ», Մոլիէրի «Ագահը», Կոլտոնիի «Ստախօսը», Կոկոլի «Ամուսնութիւն» թատերգութիւնները եւ մանաւանդ Ժորժ Շէհատէի «Վասքոյի Հէքիաթը» թատրերգութիւնը, որ առաջին անգամ ըլլալով բեմադրուեցաւ Լիբանանի մէջ, հեղինակին ներկայութեան։ Իսկ Այսամ Մահֆուզի Զանզալաքտ թատրերգութեան բեմադրութիւնը անկիւնադարձ կը նկատուի լիբանանեան թատրոնի տարեգրութեան մէջ։
Երկար տարիներ թատերական նիւթեր դասաւանդած է Լիբանանի Պետական, Սէն Ժոզէֆ եւ Գաֆաաթ համալսարաններուն մէջ։
Պերճ Ֆազլեան 1986ին Խորհրդային Հայաստանի պետութեան կողմէ կը հրաւիրուի, որպէսզի բեմադրութիւններ կատարէ եւ հոն` Պետական Հեռուստատեսիլի առաջարկութեամբ կը բեմադրէ Երուխանի Ձկնորսի Սէրը պատմուածքը։ Ֆազլեան` պարգեւատրուած է 1985ին Հայաստանի մէջ, Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի նախագահ Վարդգէս Համազասպեանէն եւ 2000ին Պէյրութի մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսէն ստանալով Ս. Մեսրոպ մաշտոց շքանշանը։
Թ.Մ.Մ. Մեծագոյն Նիւ Եորքի մասնաճիւղը կազմակերպած է Պերճ Ֆազլեանի յոբելենական տարեդարձը, Նիւ Ճըրզիի մէջ, Ապրիլ 30, 2006ին։ Այս կ՚ըլլար Պերճին նուիրուած առաջին մեծարանքի արտայայտութիւնը, ուր հոծ բազմութիւն մը թատերասէրներու եկած էին Ամերիկայի զանազան քաղաքներէն բերելու իրենց յարգանքի եւ հիացմունքի մասնակցութիւնը։ Խօսք կ՚առնեն թատերական գործիչներ Գրիգոր Սաթամեան (Լոս Անճելըսէն, որ առաջին անգամ բեմ բարձրացած է Ֆազլեանի բեմադրութեամբ), Ժիրայր Բաբազեան (Փարիզէն), Կարինէ Քոչարեան, Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան (Նիւ Եորքէն), Թամար Յովհաննիսեան (Լոս Անճելըսէն, այրին` Մհեր Մկրտչեանի), Նորա Արմանի, Պերճ Արազ, Միսաք Պօղոսեան եւ Յակոբ Վարդիվառեան (Նիւ Եորքէն)։
Վերջին այցելութիւնս տուի իրեն այս տարուան Յունուար 5ին Պէյրութի արուարձաններէն հիւանդանոցի մը մէջ: Մի՛շտ արթուն տեսած եմ զինք … ճանչցած Պերճէն մնացած էին իւրայատուկ իր աչքերը միայն: Ամուր սեղմեցի վարպետին ձեռքը, համբուրեցի ու կամացուկ մը հեռացայ սենեակէն:
Կը մահանայ Պէյրութի մէջ, Փետրուար 15, 2016ին, 90 տարեկանին: Պերճ Ֆազլեան գնաց միանալու իր ընկերներուն՝ Վահրամ Փափազեանին, Հրաչեայ Ներսէսեանին, Վարդան Աճէմեանին ու Ֆրունզիկին: … Հիմա ան արդէն վերէն կը խնդայ այս աշխարհը մնացած իր երկրպագուներուն: