Ն.
Փետրուար 3ի այս օրը, ըստ հայոց ազգային տօնացոյցին, կը յուշէ տարեդարձը Պարսից Զրադաշտականութեան դէմ Քրիստոնեայ Հայաստանի 571 թուականի մեծ ապստամբութեան։
Փաստօրէն այսօր կը լրանայ 1445ամեակը հայկական ապստամբութեան մը, որ թէեւ չունեցաւ տարողութիւնն ու նշանակութիւնը իր նախադէպին՝ Աւարայրի Ճակատամարտին ու Վարդանանց նահատակութեամբ դարերուն յանձնուած «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» ազգակերտ աւանդին, այսուհանդերձ՝ եղաւ ազգային-քաղաքական դաժան դասերով յատկանշուող անմոռանալի եւ ուսանելի՛ փորձառութիւն մը հայ ժողովուրդին ու անոր հետագայ սերունդներուն համար։
Յատկանշականօրէն 571 թուի ապստամբութիւնը եւս, կրօնական առճակատման իր կեղեւին տակ, ունեցաւ շեշտակիօրէն ազգային-քաղաքական միջուկ։ Պարսից Արքայից Արքան անգամ մը եւս փորձեց Զրադաշտականութիւնը պարտադրել իր տիրապետութեան տակ ապրող հայ ժողովուրդին, բայց այս անգամ ո՛չ ուղղակիօրէն՝ արքունի պալատէն եկած ճնշումով ու վերջնագրով, այլ՝ իր կողմէ Հայաստանի իշխանաւոր կարգուած մարզպանին միջոցաւ։
Յատկանշական են զոյգ ապստամբութեանց միջեւ զուգահեռները.-
Առաջին.- 571ի ապստամբութիւնն ալ ղեկավարուեցաւ Մամիկոնեանց Տան կողմէ եւ օրին Վարդան Բ. Մամիկոնեանն էր սպարապետը հայկական զօրքին, որ առաջնորդեց ապստամբութիւնը։
Երկրորդ.- Դարձեալ Սիւնեաց Տունն էր, որ օրուան Հայաստանի մարզպետ Սուրէն Սիւնի իշխանին անձով, կանգնած էր ապստամբութեան հակադիր բեւեռին վրայ՝ հայ ազգային արեւելումին դէմ պարսկամէտ քաղաքականութեան բիրտ պարտադրումով։
Երրորդ.- Ի տարբերութիւն Կարմիր Վարդանի ղեկավարած ապստամբական շարժումին, 571 թուի Փետրուարին ծայր առած Վարդան Բ. Մամիկոնեանի ապստամբութիւնը պսակուեցաւ հայկական զօրքին յաղթանակով, որու կերտումին մէջ մեծակշիռ եղաւ Բիւզանդիոնի քաղաքական, նիւթական եւ զինուորական աջակցութիւնը։
Չորրորդ.- Մինչ Աւարայրի ճակատամարտին պարտութիւն կրելով հանդերձ՝ Հայաստան նուաճեց ինքնուրոյն եւ ազատ ապրելու իր իրաւունքը, մասնակիօրէն զիջում կատարելով իր պետական անկախութենէն ու մարզպանութիւն ընդունելով, անդին՝ 571ի ապստամբութեամբ յաղթանակելով եւ պարսից զօրքը Արեւելեան Հայաստանէն դուրս մղելով հանդերձ, հայ ժողովուրդը շատ բան կորսնցուց ազատ ու ինքնուրոյն ապրելու իր իրաւունքէն, միաժամանակ վերստին ենթակայ դառնալով պարսից Արքայից Արքայի հակայարձակման եւ վրէժխնդիր տիրապետութեան։
Բայց կ’արժէ հակիրճ ներկայացնել պատմութիւնը Փետրուար 3, 571 թուականի ապստամբութեան՝ ըստ այնմ ընկալելու համար անոր փոխանցած ազգային-քաղաքական վերոնշեալ դաժան դասերը։
Հայրենի ծանօթ պատմաբան՝ փրոֆ. Բաբգէն Յարութիւնեան, այդ ժամանակաշրջանի Հայոց Կաթողիկոս (557էն 574) Յովհաննէս Բ. Գաբեղեանի նուիրուած յօդուածի մը մէջ, անդրադառնալով նաեւ Օրմանեանի հաւաքած տեղեկանքին ու արժեւորումներուն, շահեկան լոյս կը սփռէ Վարդան Բ. Մամիկոնեան սպարապետի ղեկավարած ապստամբութեան վրայ։
Յովհաննէս Բ. Գաբեղեանի Կաթողիկոսական պաշտօնավարութեան 17ամեայ շրջանը յատկանշուեցաւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ներքին միութեան սպառնացող դաւանական կեդրոնախոյս շարժումներով, որոնց խորքին գոյութիւն ունէր նաեւ ազգային-քաղաքական առումով հայոց նախարարական տուներու կեդրոնախոյս հակումներուն ներգործութիւնը։
«Յովհաննէս Բ. Կաթողիկոսական Աթոռ բարձրացաւ 557ին եւ վախճանեցաւ 574ին՝ հովուապետելով պարսից Խոսրով Անուշիրվան արքայի եւ բիւզանդական կայսրեր Յուստինիանոս Ա.ի եւ Յուստինոս Բ.ի իշխանութեան շրջանին։ Յովհաննէս Բ.ի հայրապետութեան սկիզբին իսկ, օրուան մարզպան Վահրամ Վշնասին փոխարինեց Վարազդատ անունով պարսիկ մը, որուն կառավարման շրջանին Հայոց Մարզպանութիւնը մինչեւ 564 թուականը խաղաղութեան ու բարգաւաճ աշխատանքի շրջան մը ապրեցաւ։ Սակայն վիճակը արմատապէս փոխուեցաւ, երբ մարզպան նշանակուեցաւ Սուրէնը։ Վերջինիս վարած ազգահալած ու հակաքրիստոնէական քաղաքականութիւնը միայն խռովութեանց առջեւ դուռ բացաւ։
«Ամենակարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը, որ խորապէս կը հարուածէր Հայաստանի այլապէս արդէն ջլատուած ուժերը, Սիւնիքի վարչական անջատումն էր Հայոց Մարզպանութենէն։ Ուսումնասիրողներու համար մինչեւ հիմա հանելուկ կը մնայ այն փաստը, թէ ինչո՛ւ Սիւնիքի իշխան Վահրամը որոշեց Սիւնիքը դուրս բերել մարզպանութեան կազմէն եւ միացնել Ատրպատականի մարզպանութեան։ …Խնդիրն այն է, որ պարսից արքունիքը, համոզուելով Սիւնեաց զօրամասերու մարտունակութեան մէջ, որոշեց Սիւնեաց իշխաններու վերահսկողութեան տակ դնել Կովկասեան լեռնանցքներու պաշտպանութիւնը։ Հասկնալի է, որ ատոր արդիւնքով Սիւնեաց իշխանները կը ստանային ոչ միայն դրամական մեծ վճարներ, այլեւ զանազան կարգի արտօնութիւններ, որոնք կը ստիպէին անոնց ամբողջապէս լծուելու պարսից քաղաքականութեան կենսագործումին Այսրկովկասի մէջ։ Այդպէ՛ս, Հայաստանի մարզապանութենէն Սիւնիքի դուրս գալն ու Ատրպատականի մարզպանութեան միանալը, ինչպէս փրոֆ. Բ. Յարութիւնեան կ’աւելցնէ, «խթանեց այդ կողմերը նեստորականութեան ազդեցութեան մեծացումը, քանի որ Ատրպատականի մարզպանութիւնը, հասկանալի է, չէր ենթարկուեր Հայոց Մարզպանութեան եւ որեւէ շահագրգռութիւն չունէր պաշտպանելու Հայոց Եկեղեցւոյ շահերը։ Գործին միջամտեց Յովհաննէս Բ. Կաթողիկոսը՝ դիմելով Սիւնեաց Միհրարտաշիր իշխանին եւ երկրամասի եպիսկոպոսին՝ հեռու մնալու նեստորական մոլորութենէն ու հսկելու ժողովուրդին, որպէսզի չիյնայ նեստորական եկեղեցւոյ ազդեցութեան տակ»։
«Այս պայմաններուն մէջ, Հայաստանի, այսինքն՝ Պարսկահայաստանի քաղաքական-հասարակական կեանքը պղտորելու եւ Զրադաշտականութիւնը տարածելու Սուրէնի քայլերը ամէնէն առաջ պարսից արքաներուն եւ Արեաց Արքայից Արքայի հրահանգներուն կենսագործման կը միտէին։ Պարսից արքան մէկ կողմէ կը կամենար բարի եւ ժողովուրդին մասին մտածող թագաւորի համբաւ ձեռք բերել, իսկ միւս կողմէ՝ մարզպանին իրականացուցած հակահայկական քաղաքականութիւնը մատուցանել որպէս հակառակ իր կամքին կատարուող քայլեր։ Եթէ չըլլար պարսից արքային լռելեայն համաձայնութիւնը, Սուրէն մարզպանը իր արարքներուն համար ամենախիստ պատիժներու կ’ենթարկուէր եւ մինչեւ անգամ մահուան կը դատապարտուէր։
«Հակառակ պարսից արքունիքի սպասումներուն՝ Սուրէն մարզպանի նախաձեռնութիւնները հակառակ արդիւնքը տուին։ Դժգոհութիւնը հետզհետէ կ’ուժեղանար ժողովրդական լայն զանգուածներուն մէջ՝ պատրաստ ամէն վայրկեան վերածուելու համաժողովրդական ապստամբութեան, որուն հնարաւորութիւնը, դատելով ամէն ինչէ, արքունիքը աննշան կը համարէր։ Դէպքերն ու իրադարձութիւնները արագացնելու եկաւ Վարդ մարզպանի թոռ Մանուէլ Մամիկոնեանի սպանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Խոսրով Անուշիրվանի գահակալութեան 41րդ տարին՝ 571 թուին։ Իրենց տոհմակիցին սպանութիւնը յորդեցուց համբերութեան բաժակը Մամիկոնեան իշխանազուններուն, որոնց մէջ աչքի կը զարնէր սպանեալին եղբայրը՝ Վարդան Մամիկոնեանը, որ դիմեց բացայայտ ապստամբութեան։ Անոր զինավառ գունդերը անակնկալի բերին Սուրէն մարզպանին։ Աւելի՛ն. պարսկական տիրապետութենէն դժգոհ տարրերը սկսան հաւաքուիլ անոր շուրջ։ Շուտով ապստամբ ուժերուն թիւը անցաւ 20 հազար հեծեալ ու հետեւակ մարտիկները։ Այս ուժերուն գլուխն անցած՝ Վարդան Մամիկոնեան յարձակեցաւ մարզպանի զօրքերուն վրայ. կռուի հետեւանքով Սուրէնը սպաննուեցաւ, իսկ անոր զօրքին մնացորդները Հայաստանէն դուրս քշուեցան։
«Կամենալով ձեռք բերել բիւզանդական կայսեր աջակցութիւնը՝ Վարդան Մամիկոնեան սպաննուած մարզպանի գլուխն ուղարկեց Թէոդոսոպոլիս՝ Բիւզանդական արեւելեան բանակի հրամանատար Յուստինիանոսին։ Բիւզանդական արքունիքը, մեծապէս շահագրգռուած ըլլալով հայկական ապստամբութեան յաջողութեամբ, ի դէմս կայսրին՝ պատրաստակամութիւն յայտնեց օգնելու հայերուն եւ օգնական զօրքեր ուղարկեց Արեւելեան Հայաստան։ Հայ ապստամբները յիշեալ զօրքերուն հետ միասին արշաւեցին Դուին եւ զայն պաշարելով՝ շատ չանցած գրաւեցին Հայաստանի միջնադարեան հռչակաւոր մայրաքաղաքը։ Պարսկական կայազօրը ստիպուեցաւ տեղի տալ ու հայերուն ու անոնց օգնութեան եկած յոյներուն ճնշման տակ նահանջել Պարսկաստան։
«Պարսկական 15 հազարնոց զօրքը ջախջախուած էր, սակայն ատիկա չէր նշանակեր, թէ Հայաստանը պիտի չդառնար պարսկական նոր բանակներու ներխուժման ասպարէզը։ Շուտով պարզուեցաւ, որ Բիւզանդիոն պատրաստ չէր մեծ պատերազմ մղելու պարսիկներուն դէմ։ Բոլորն ալ կը հասկնային, որ պարսկական ներխուժման առաջին զոհը պիտի դառնային ապստամբութեան ղեկավարները։ Ուստի շատ մը նախարարներ եւ հոգեւորականներ, անոնց շարքին նաեւ Յովհաննէս Բ. Կաթողիկոսն ու Սպարապետը, ստիպուած եղան իրենց ընտանիքներով փոխադրուելու Կոստանդնուպոլիս, ուր կայսերական արքունիքը անոնց հանդէպ փառահեղ ընդունելութիւն ցոյց տուաւ։
«Բայց պարզուեցաւ, որ հայերը բաւական սուղ պէտք է վճարէին բիւզանդական՝ տակաւին չնիւթականացած օգնութեան համար։ Հաշուի առնելով հայ ապստամբ նախարարներուն ծանր կացութիւնը՝ Յուստինոս Բ. Կայսրը անոնցմէ պահանջեց քաղկեդոնականութիւնը ընդունիլ։ Ստեղծուեցաւ իրապէս ծանր կացութիւն։ Պարսից արքունիքի հետ անկախ իրենց կամքէն սրելով յարաբերութիւնները եւ ստիպուած ըլլալով լքելու Պարսկահայաստանի տարածքը՝ այժմ բիւզանդական արքունիքին կողմէ հայերը բացայայտօրէն կ’ենթարկուէին դաւանափոխութեան հարկադրանքի։ Յատկապես ծանր էր Կաթողիկոսին կացութիւնը, որ մինչ այդ եռանդուն պայքար մղած էր քաղկեդոնականութեան դէմ։ Ստեղծուած պայմաններուն մէջ անոր ուրիշ բան ընել չէր մնար, եթէ ոչ տեղի տալ բիւզանդական ճնշումին ներքոյ, որովհետեւ հակառակ պարագային՝ բիւզանդական օգնութեան մասին խօսիլն իսկ աւելորդ կը դառնար։ Իր հերթին՝ հայերու քաղկեդոնականացումին օրինական տեսք տալու համար, Յուստինոս Բ. Կայսրը եկեղեցական ժողով գումարեց, ուր հայերը ընդունեցին երկաբնակութիւնը։ Յովհաննէս Բ. Կաթողիկոսը եւ Վարդան Մամիկոնեանը ստիպուած եղան Կայսեր հետ միասին հաղորդուելու Սբ. Սոփիայի նորաշէն եկեղեցիին մէջ եւ այն դուռը, որմէ հայերը մուտք գործեցին եկեղեցի, ստացաւ Դուռն Հայոց անունը եւ պահպանեց զայն առնուազն մինչեւ Ասողիկի ժամանակները։ … Հասկանալի է, որ Կաթողիկոսը ստիպուած էր եղած առերես ընդունելու Քաղկեդոնի դաւանանքը։
«Յովհաննէս Բ. Կաթողիկոսի կողմէ քաղկեդոնականութեան ընդունումը ծանր տպաւորութիւն ձգեց Արեւելեան Հայաստանի մէջ։ Բոլոր եպիսկոպոսները սպառնալիքներ ուղարկեցին Կաթողիկոսին եւ անոր հետ գացածներուն, թէ սինոդականներուն, այսինքն՝ քաղկեդոնականներուն հետ միանալու պարագային, իրենք այլեւս չեն ընդունիր զանոնք, այլեւ կը նզովեն։ Տեսնելով, որ արտաքնապէս կրօնական, սակայն իրականին մէջ քաղաքական գործերուն հետեւանքով առաջացած էր հայ հոգեւորականութեան իրաւացի զայրոյթը եւ մէկ անգամ եւս համոզուելով Կայսեր խոստումներուն ունայնութեան եւ աւելորդ ժամավաճառութիւն ըլլալուն մէջ՝ Կաթողիկոսը սկսաւ հակիլ պարսիկներուն հետ ամէն զոհողութեան գնով հաշտութիւն կնքելուն։ Յոյներու հետ իր հաղորդակցութեան ան վերջ տուաւ եւ առանձնացաւ. այլ խօսքով՝ Կաթողիկոսն ու ընկերակիցները, յոյներէն բաժնուելով, առանձին համայնք կազմեցին։ Ինչպէս որ ճիշտ կը նկատէ Մ. Օրմանեան, առանձին համայնք կազմելը կը նշանակէր առանձին եկեղեցի ունենալ։ Ուստի, 572 թուականէն սկսեալ, հայերը բիւզանդական մայրաքաղաքին մէջ ազգային եկեղեցւոյ հիմքը դրեցին։
«Քաղկեդոնականութեան ընդունումը, որ այդպիսի ծանր հետեւանքներ ունեցաւ, երկրի ողբալի վիճակը, առաջացած տարիքն ու հիւանդութիւնները, հայրենիքի նկատմամբ բարձր պատասխանատուութեան զգացումը հիւծեցին Կաթողիկոսը, որ իր կեանքն աւարտեց օտարութեան մէջ՝ հեռաւոր Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։
Իսկ ինչ կը վերաբերի Վարդան Մամիկոնեանին, ան ստիպուեցաւ բիւզանդական ծառայութեան անցնիլ, հակառակ անոր, որ եկեղեցական հաղորդութենէ ինքզինք հեռու կը պահէր։ «Բիւզանդական-պարսկական հաշտութիւնը, զոր Յուստինոս Բ.ը կնքեց՝ 45 հազար ոսկի պարսից արքունիքին տուգանք վճարելու ճամբով, երկար ժամանակով կաշկանդեց գործունէութիւնը մեծ հայրենասէրին, որուն, ըստ երեւոյթին, մեծապէս վհատեցուցած էր Հայոց Հայրապետին՝ իր մեծ աջակիցին մահը»։
Ահա՛ ողբերգական վախճանը Վարդան Բ. Մամիկոնեանի ղեկավարութեամբ եւ Յովհաննէս Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ 3 Փետրուար 571ին բռնկած ապստամբութեան՝ ընդդէմ Պարսից Զրադաշտականութիւնը հայոց պարտադրելու ճնշումներուն։
Սեփական բազուկին եւ ուժին ապաւինելու ռազմավարութենէն դուրս ամէն ընտրանք, ուշ կամ կանուխ, դատապարտուած է նմանօրինակ ողբերգական վախճանի։