ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Հոլանտա
Եթէ կենդանի մը ըլլայի՝ անկասկած ՇՈՒՆ կ’ըլլայի:
Եզովբոս յոյն փիլիսոփայ մըն է, որ Քսանթոսի քով գերի էր:
Եզովբոս ու Քսանթոս, օր մը բարեկամներով խորոված ուտելու կ’երթան: Քսանթոս ունէր շատ գեղեցիկ կին մը, որ շատ կը սիրէր զինք: Քսանթոս չկրնալով հաճոյք առնել ճաշկերոյթէն՝ կ’ըսէ Եզովբոսին.-
- Ա՛ռ այս աման մը ճաշը ու իմ մէկ հատիկ հաւատարիմ սիրահարիս տա՛ր:
Եզովբոս Քսանթոսի առաջարկը կը կատարէ:
Երբ Քսանթոս ու Եզովբոս տուն կը վերադառնան, Քսանթոսի կինը տունը լքած ու գացած էր արդէն:
Քսանթոս կը զարմանայ, կը զայրանայ, ինչո՞ւ կինը պիտի ձգէր, երթար, երբ ինք այսքան կը հոգար անոր:
Գիտնալով որ խաղ մը դարձուցած էր Եզովբոս, կը հարցնէ անոր:
- Դուն ի՞նչ ըրիր նորէն:
Եզովբոս կը պատասխանէ ամենայն պաղարիւնութեամբ.-
- Ինչ որ ըսիր՝ այդ ըրի: Դուն ըսիր՝ «տա՛ր այս ճաշը հաւատարիմ սիրուհիիս». իսկ ես զայն տուի շանդ: Եթէ շունդ օրերով անօթի պահես, եթէ ծեծես ու անարգես, քեզ ձգելով չ’երթար: Տե՛ս, կինդ մէկ աման ճաշի համար քեզ լքեց: Հիմա ըսէ նայիմ՝ ո՞վ է հաւատարիմը, կի՞նդ թէ՞ շունը:
Ես ալ եթէ կենդանի մը ըլլայի՝ ՇՈՒՆ կ’ըլլայի, հաւատարիմ մնալով սիրոյս, սկզբունքներուս, լեզուիս, Աստուծոյս ու հայրենիքիս: