ՄՊԱՊԱՆ.- Սուազիլենտի թագաւոր Մսուաթի Գ. յատուկ հրամանագրով մը, հայկական Սուրբ Յարութիւն մատուռը եւ վանքին պատկանող հողերը պաշտօնապէս փոխանցեց Էջմիածինի Կաթողիկոսարանին:
Հեռաւոր ափրիկեան թագաւորութեան մէջ հայկական եկեղեցին յայտնուած է բացառապէս վերջերս` 1989 թուականին:
Սուազիլենտ կը գտնուի Հարաւային Ափրիկէի հիւսիս-արեւելեան շրջանէն ներս: 17,364 քլմ. տարածութիւն ունեցող այս թագաւորութիւնը, որ տարիներ շարունակ եղած է բրիտանական գաղութ, սահմամերձ է նաեւ Մոզամպիքին:
Շնորհիւ 1914-ին ծնած Գրիգոր Տէրպալեանի ճիգերուն, կառուցուեցաւ այս մատուռը:
Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ անոր մայրը Այնթապէն կը ժամանէ Գահիրէ, եւ քանի մը ամիս ետք կը մահանայ: Որբ Տէրպալեան, կ՛ուսանի Գահիրէի մէջ եւ ապա կը փոխադրուի Խարթում (Սուտան), ուր կը գործէ 12 տարի: Ապա, գործի բերմամբ կը փոխադրուի Հարաւային Ափրիկէի մայրաքաղաք՝ Եոհաննէսպուրկ:
Տարիներ շարունակ «Օլիվեթի» ընկերութեան ծառայելէ ետք, Տէրպալեան կ՝որոշէ հաստատուիլ Սուազիլենտ, ուր խորապէս կը տպաւորուի հիանալի վայրով մը՝ Փայն-Վելի (Սոճիի հովիտ), որ կը գտնուի մայրաքաղաք Մպապանին մօտակայքը: Ան Գրիգոր կ՝որոշէ, այս հողաշերտին վրայ ի յիշատակ իր մօր եկեղեցի մը շինել եւ հոն ալ անցնել իր կեանքի մնացած տարիները ու այդտեղ ալ մահանալ:
Սոճիի հովիտի կեդրոնի բնապատկերը անոր կը յիշեցնէր Հայաստանը: Գրիգոր կը կառուցէ փոքր մատուռ մը՝ Սուրբ Յարութիւն, որ կ՛օժտուի 1770 սոճիներով եւ եղեւնիներով: Մատուռի մօտակայքը, կը հոսի գետակ մը, որ Գրիգոր կ՝անուանէ Արաքս:
Եկեղեցւոյ շինարաութիւնը կը տեւէ չորս տարի` 1985-էն մինչեւ 1989 թուական:
Մօտ 60 հոգի նուիրատուութիւն կատարած են այս մատուռի կառուցման համար, որոնց կարգին «Օլիվեթի» ընկերութեան պաշտօնակիցներ:
Մատուռը ունի երկու գմբէթ:
Կառուցման համար օգտագործուած է տեղական շինանիւթ: Հետաքրքրական է, որ մատուռի յետնամասը յենուած է մեծ քարի վրայ, որ կը ծառայէ իբրեւ խորան, ինչպէս Հայաստանի Սուրբ Գեղարդ եկեղեցին:
Շրջանի հազիւ ութ հոգի հաշուող հայութեան կողքին, Հարաւային Ափրիկէի մէջ բնակութիւն հաստատած հայորդիներ կ՛այցելեն այս մատուռը: Մօտաւորապէս տարի մը առաջ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ, Սուազիլենտի թագաւոր Մսուաթի Գ.-ին փոխանցած էին խնդրագիր մը, Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին յանձնելու Էջմիածինի կաթողիկոսարանին: