Գէորգ Պետիկեան
Կրկին, Սուրբ ծնունդ է: Յիսուսի Ծնունդը: Աւելի ճիշդ՝ 6 Յունուար եւ հայկական Սուրբ Ծնունդ: Հազիւ հին տարին թանգարան յանձնած եւ նորին հաշւոյն միայն քանի մը օրեր ապրած, ահա այս անգամ, իբրեւ հայ քրիստոնեաներ, կրկին հաւաքուած ենք ճրագալոյցի աւանդական սեղանին շուրջ, դիմաւորելու համար մեր Փրկիչին ծնունդը:
Նոր տարուայ շեմին, բոլորին նման արդէն սրտանց մաղթած էինք, որ նոր հասած տարին ըլլայ տարբեր իր նախկինէն եւ կամ նախկիններէն եւ իր հետ բերէ լաւն ու բարին, խաղաղութիւնն ու առողջութիւնը:
Ու հիմա, իբրեւ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգի զաւակներ, մեր դարաւոր պատմութենէն հաստատապէս սորված ըլլալով տառապանքի լեզուն, անգամ մը եւս Քրիստոսի ծննդեան առթիւ, մեր սիրտերէն բխող աղօթքներուն կը խառնենք նաեւ մեր բարի մաղթանքները:
Ու նոյն երեկոյեան, չես գիտեր ինչպէս, օրուան հեւքին հետ, ծննդեան խորհուրդէն թելադրուած, տանս մէջ անկիւն մը նստած ու կերպով մը քաշուած, երբ կը փորձէի քննութեան տակ առնել հաւատքս, ձեւով մը դատել ես զիս, միաժամանակ վերլուծելով ապրած երկիրս ու անոր ժողովուրդը, հայրենիքս, հեռաւոր ծննդավայրս եւ տակաւին շատ ուրիշ բաներ, ի տես այս մեծ տօնին ու իրեն ընկերացող խորհրդաւոր գաղափարներուն, յանկարծ բառերս ինքնածին կ՛ուռին, նախադասութիւններս կը լայնան եւ լեզուս կարծես անաղմուկ կը պայթի:
Ինչո՞ւ քրիստոնեայ եմ. ե՛ւ ոչ ուրիշ կրօնքի հետեւորդ մը. առաջին իսկ հերթին հարց կու տամ ես ինծի:
Արդեօք, եթէ ես այս կրօնքը ընդունած չըլլայի, կամ իմ պապերս չընդունէին, այսօր ուրիշ ի՞նչ կրօնքի պիտի հաւատայի:
Այս նոր եւ անծանօթ իրավիճակովս, ի՞նչ պիտի կոչուէի…:
Ո՞ր ազգին հետ կրօնակից պիտի ըլլայի եւ կամ որո՞ւ պիտի պատկանէի….:
Խորքին մէջ շատ հաւանաբար, եթէ ծնողքս ողջ ըլլար, այս հարցումներուն համար իրենց կողմէ կրնայի դասուիլ իբրեւ հեթանոս մտածող մը. ու թերեւս ալ շատերու համար ըլլայի կասկածելի ու վտանգաւոր »անաստուած« մը, որ քրիստոնէութեան դէմ կը խօսի կամ կը փորձէ հարցականի տակ դնել պապերու իր կրօնքը ու այդ ձեւով կրնայի ըլլալ նաեւ մեծ կասկածելի մը…: Թերեւս ալ ուրիշ ածական։ Ո՞վ գիտէ:
Ու անկեղծօրէն այս գաղափարներուս դիմաց, կ՛ուզէի միեւնոյն ատեն մտքի ազատագրում մըն ալ ունենալ, անկաշկանդ եւ ազատ: Վերջապէս ազատ երկրի մէջ կÿապրէի եւ խօսքի ազատութիւնը յստակ իրաւունքն է իւրաքանչիւր քաղաքացիի:
Այլ խօսքով, խորհրդաւոր այս օրուան առթիւ, կ՛ուզէի առանձնապէս հաւատքիս փնտռտուքը կատարել, կամ ձեւով մը զայն նախաձեռնել:
Ինծի համար հարց էր, թէ ես որքանով քրիստոնեայ եմ, կամ հաւատացեալ…, որպէսզի երազներս, երեւակայութիւնս եւ անոնց հետ առընչուող ամէնօրեայ մտածումներս, որոնք զանազան առիթներով յաճախ սեւով ճերմակի տողերուն կը յանձնեմ, այլեւս իրենց յարատեւ տագնապի երգը չերգէին:
Ու այդ վայրկեանին զիս համոզող բառերս կարծես կորսուած ըլլալով, չէին կրնար ինծի տալիք յստակ պատասխան մը գտնել: Յստակ էր, թէ ցարդ իբրեւ Քրիստոսի խօսքերուն բարի եւ հաւատարիմ հետեւորդներէն մէկը, ես՝ զիս ու հաւատքս, ծանր հարցականի մը տակ դրած էի անզգալաբար: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ: Հաստատ պատաս-խան մը չունէի: Համոզիչ կամ գոհացուցիչ: Ուստի, ինքնաբերաբար մտքիս թափառումներուն սկսած էի այլ ուղղութեամբ շարունակել:
Այսպէս, գիտէի, որ հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին, ամէն օր ամէն վայրկեան մեր դիմաց ճակատագրական խաչմեռուկներ կը բացուէին. ուզէինք կամ ոչ: Բոլորս ալ ականատես ենք, թէ ամէն տեղ ինչեր կը պատահին եւ կամ մինչեւ հիմա ինչեր պատահած են: Վատն ու բարին: Մարդկայինն ու անասնայինը:
Եւ նոյն այս կրօնքն է, որ մեզի սորվեցուցած է, թէ միայն սեւ տեսնելը լաւ նշան չէ: Աշխարհի ամէն մէկ անկիւն եւ տեղ ճերմակէն աւելի սեւ կայ:
Թէեւ մեր ազգային ճակատագրին բերումով շատ յաճախ մենք նետուած ենք ծանր յուսահատութեան գիրկը ու ինչու չէ ասոր իբրեւ հետեւանք, երբեմն ալ բարձրաձայն մեղանչած, բողոքած եւ բարկացած՝ մեր արարիչին դէմ եւ հասցէին, սակայն հակառակ այս իրականութեան, կրկին անգամ փարած մնացած ենք մեր նոյն այս կրօնին ու մեր հաւատքին ու Քրիստոսին եւ կրկին անգամ իբրեւ փիւնիկ՝ վերապրած ենք:
Անշուշտ, որ մեր այս վերապրումը բաժակաճառերով չէր եղած, ոչ ալ պարզ մաղթանքներով, այլ ազգին արեան գինով ու կեանքով: Ու իբրեւ հետեւանք մեզի սահմանուած աշխահին մէջ, ապրած ենք կեանքի պատմութեան թագնուած տառապանքն ու հրաշքը, հաւասարապէս:
Մեծով ու պզտիկով հաւատացած ենք հրաշքին եւ անով ապրած:
Մեր հաւատքին կողքին, այդ հրաշքներէն մէկը եղած էր նաեւ մեր հայրենի հողը ու միւսը՝ մեր մայրենի լեզուն, որոնք մեզի առաջնորդած են դէպի դարերու յաւերժութեան:
**
Ըսի Յունուար 6 եւ Հայկական Սուրբ Ծնունդ է: Իբրեւ հայ քահանայի թոռնիկ, արդէն ինքզինքս դուրս բերած եմ նախկին հարցումներուս ագցանէն: Արդեօ՞ք քաջութիւնը ունեցայ համարձակ արտայայտուելու: Արդեօ՞ք կրցայ ես զիս դիտել եւ ինքնութիւնս վերարժեւորել:
Չեմ գիտեր: Միայն այն գիտեմ, որ վերջապէս ունեցայ այն հաստատ ինքնագոհութիւնն ու արիութիւնը, որ որոշ ձեւով մը կրցայ բացայայտել հաւատքիս ծալքերը: Իրապէս, որ մեր ապրած կեանքը այդքան ալ պարզ չէ: Երբեմն կը վերաբերինք թեթեւամտօրէն: Անոր համար ալ չարն ու բարին իրար կը խառնենք: Մտքի այս թափառումներէս եզրա
կացնելով հանդերձ, որ կրօնքը մտքի հարց չէ այլ զգացումի, կը գիտակցիմ, որ մարդիկ առանց կրօնի ու հաւատքի անպայմանօրէն կը կորսնցնեն իրենց կեանքի կշռոյթը:
Միայն լաւութիւն ընելով եւ բարութեամբ ապրելով է, որ աւելի կը մարդանանք, ըսած են մեր մեծերը եւ այդպէս ալ պատգամած:
Բայց, ինչ որ ալ ըլլան իմ մասին ունեցած ձեր կարծիքները, իմ եւ ձեր հաւատքն ու անոնց չափանիշները, անկիւնադարձային եղող այս օրուան առթիւ եկէ՛ք, միասնաբար վերանորոգենք մեր յոյսերն ու երազները, մեր կարգախօսներն ու բաղձանքները:
Ձեզի եւ մեզի մեծ աւետիս՝ Քրիստոս Ծնաւ եւ յայտնեցաւ: