Անդրանիկ Ծառուկեան… Մանկութիւն Չունեցող Յեղափոխականը
Ռուբէն Ճանպազեան
Շուրջ 12 տարիներ առաջ, Հայ Դատի եւ Հայ Գրականութեան ուսուցիչս՝ Պրն. Մուշեղ Գարագաշեանը, զիս ծանօթացուց Անդրանիկ Ծառուկեանի էջերուն. նախ՝ «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» գլուխ գործոցին, եւ յետոյ՝ «Թուղթ առ Երեւան» սքանչելի բանաստեղծութեան, որոնք շուտով եղան իմ նախասիրած երկու գրական գործերը եւ առիթը տուին որ աւելի մօտէն հետեւիմ Հայ գրականութեան:
Եղեռնէն վերջ, Հայ գրականութեան լաւագոյն գրողներէն՝ բանաստեղծ, արձակագիր, խմբագիր, հրատարակիչ, հրապարակախօս, Անդրանիկ Ծառուկեան ծնած է 1913-ին, Սեբաստիոյ նահանգին Կիւրին քաղաքին մէջ:
Ծառուկեան՝ Յեղափոխականը
Մեր անցեալի յեղափոխական սերունդէն էր Ծառուկեան եւ իր արեան մէջ կը կրէր յեղափոխական ոգին: Եղեռնէն կու գար, ու ան ապրած էր որբանոցի դժուար կեանք մը: Այս կեանքի հետեւանքով է որ Ծառուկեան դիմեց Հայ գրականութեան: Հայերէն գիրք ու թերթ կարդալը իրեն համար եղան ոչ միայն հաճոյք, այլ նաեւ պահանջք: Ան գրեց բանաստեղծութիւններ, պանդուխտ Հայու կեանքը նկարագրելով, որոնց ընդմէջէն ըսաւ կրակոտ եւ կարօտի խօսքեր: Իր ամենայայտնի բանաստեղծական գործերը եղան «Թուղթ առ Երեւան»-ն ու «Ուխտ Արարատին»:
Ան գրեց արձակներ, ու խենթանալիք մանրամասնութեամբ նկարագրեց որբանոցային կեանքը, փաստելու համար որ Հայը դժոխքէն իսկ կրնար վերապրիլ: Ան եղաւ խմբագիր, ու խօսեցաւ ոչ միայն Հայ ժողովուրդին ցաւերուն մասին, այլ ցոյց տուաւ թէ սփիւռքի պայմաններուն տոկալու միակ ճամբան հայրենիքն է՝ պետական ինչ կարգ ալ տիրէ հոն: Ծառուկեանը հաւատացած էր, որ բոլոր բարիքները կրնան ծնիլ հայրենի հողէն:
Ծառուկեան եղած է Դաշնակցական եւ ղեկավար: Իր կազմակերպական գործունէութեան մէկը կարելի է համարել՝մերձաւոր արեւելքի Հայ գրողներու համագումարը, որ արձանագրեց մեծ յաջողութիւններ: Ան ըմբոստ մըն էր եւ յեղափոխական մը, ու անոր յեղափոխական ոգին զգալիօրէն ներկայ է իր բոլոր գրութիւններուն մէջ: Հայ, Հայութիւն, Հայ գիր եւ Հայ մշակոյթ բառերը, միշտ բարձր հնչեցին իր գրականութեան մէջ: Ծառուկեանի կուսակցական գործունէութեան կեանքը դադրեցաւ կուսակցութենէն հեռացումով, 1956-ին, առանց կորսնցնելու իր յեղափոխականի նկարագիրը:
1944 թուականին, Գէորգ Աբով Սովետահայ բանաստեղծ կը գրէ «Մենք չենք մոռացել» խորագրով, կարճ, 6 տուներէ բաղկացած բանաստեղծութիւն մը, որուն տողերուն մէջ ան կը մեղադրէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն ու իր անդամները իբրեւ Հայ ազգի ու ժողովուրդի ամենամեծ դաւաճաններն ու ոճրագործները:
Աբովի բանաստեղծութիւնը ուղղակի խանգարած է Ծառուկեանին: Ի պատասխան «Մենք չենք մոռացել»-ին, 1945 թուականին ան գրած է երկարաշունչ «Թուղթ առ Երեւան»-ը: Թէեւ Գէորգ Աբովի բանաստեղծութիւնը ուղղուած էր ամբողջ կուսակցութեան, Ծառուկեան իր անձին վրայ առած է բոլոր վատ խօսքերը, ու այդ հասկացողութեամբ ալ որոշած է պատասխանել Աբովի ամբաստանական բանաստեղծութեան: Օրինակ՝ հետաքրքրական է որ բանաստեղծութեան առաջին մի քանի էջերուն մէջ
Ծառուկեան կը գրէ՝
«Հայրենի երկրից դու ինձ ես յիշել,
Ինձ գիր ես գրել բառերով հատու,
Ու բառերիդ մէջ դրել ես կրակ…»
Աբով ոչ մէկ ակնարկ ըրած է Ծառուկեանին ոչ ալ ուղղած է բանաստեղծութիւնը իրեն: Ծառուկեանը պարզապէս պարտականութիւնը յանձն առած է պատասխանելու եւ լռեցնելու Աբովին, որպէս դաշնակցական: Ծառուկեան անհրաժեշտութիւնը զգացած է ցոյց տալու սովետամէտ եւ հակա-դաշնակցական մտաւորականներուն որ սփիւռքի հայութիւնը մեծ զոհողութիւններ կ՛ընէ պահպանելու Հայ գիրն ու գրականութիւնը, մշակոյթն ու աւանդութիւնները օտար ափերու վրայ:
«Թուղթ առ Երեւան»-ը Ծառուկեան կ՛ուղղէ Աբովի եւ խորհրդահայ մտաւորականութեան ընդհանրապէս: Ան կը հրաւիրէ զանոնք քաղաքական-քարոզչական մղումներէ հեռու մնալու, եւ արդարօրէն գնահատելու մօտիկ անցեալը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ու անոր փառապանծ ղեկավարներուն, որոնք կերտեցին անկախ պետականութիւն 1918 թուականին, արձանագրելով փայլուն յաղթանակներ Սարդարապատի, Բաշ ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատներու վրայ:
Ծառուկեան կը բաղդատէ Հայաստանի ազատագրական շարժման գործիչներն ու Ֆետայիները՝ Հայ առասպելական եւ միջնադարեան հերոսներու եւ զօրավարներու հետ, ինչպէս՝ Հայկ նահապետին, Սասունցի Դաւիթին եւ Մամիկոնեաններուն: Ոչ միայն կը բաղդատէ, այլ նմանութիւններ կը գտնէ ու կը համեմատէ. նոյն կարեւորութիւնը կու տայ անոնց:
Հետաքրքրական է նաեւ որ Ծառուկեան, իբր Արեւմտահայ գրագէտ, որոշած է գրել «Թուղթ առ Երեւան»-ը արեւելահայերէնով: Այս փաստ է որ ան ուզած է թէ ժամանակակից Հայաստանի մտաւորականութիւնը ոչ միայն կարդայ բանաստեղծութիւնը, բայց նաեւ ամբողջութեամբ հասկնայ ամէն մէկ բառ, ամէն մէկ գաղափար:
Որբէն՝ Գրագէտ
Ծառուկեան անցուցած է որբանոցային տխուր կեանք մը Հալէպի մէջ, կեանք մը որ մանրամասնութեամբ կը նկարագրէ «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» հատորի պատմուածքներուն մէջ: Որբանոցի օրերուն գտած է եղեռնէն հրաշքով վերապրող մայրը տիկին Երանիկը: Այնուհետեւ աշակերտած է Հալէպի Հայկազեան վարժարանը, եւ շրջանաւարտ եղած 1928-ին: 1930-34 թուականներուն, աշակերտած է Պէյրութի Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանը, ուր ուսանողութեան շրջանին հրատարակած է «Մոխրաման» անունով վէպը:
Գրական իր սկզբնական էջերը հրատարակած է 1931-ին, աշխատակցելով արտասահմանեան մամուլին: Առաջին գործը՝ «Եղերաբախտ քերթողներ» Վ. Խաժակ գրչանունով, իսկ «Առագաստ» քերթուածներու հատորը, «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» կենսավէպը որբանոցային կեանքէն, եւ «Թուղթ առ Երեւան» երկարաշունչ քերթուածը 1935-էն 1955 քսանամեակի ընթացքին:
1947-ին, Հալէպի մէջ կը հաստատէ տպարան «Նայիրին», ուր կը հրատարակէ «Նայիրի» պարբերաթերթը եւ «Արեւելք» օրաթերթը, որուն խմբագիրներէն մէկն էր, ու իր գրած խմբագրականներով կը դրսեւորէր կազմակերպուած Հայաստան ներգաղթին անօրինական քայլերը եւ ստախօսութիւնները: Հետաքրքրութեամբ կը կարդացուէին նաեւ «Արեւելք»-ի մէջ իր գրած պիծակ ստորագրութեամբ գրութիւնները, որոնց ընդմէջէն կը խայտառակէր օրուան հրապարակախօսութիւնները:
Ծառուկեանի ամենէն հետաքրքրական յատկանիշներէն մէկն էր որ կրնար ճամբու նօթ մը վերածել գեղեցիկ գրականութեան իր գործածած լեզուի հմայքովը: Օրինակ՝ «Հին երազներ, նոր ճամբաներ» գիրքը գրած է 1960-ին, Հայաստանէն ստացած իր տպաւորութիւններու մասին:
Անդրանիկ Ծառուկեանը յետ-եղեռնի կամ ինչպէս կը կոչուի «վերյայտնութեան սերունդի» ամենէն տաղանդաւոր քերթող ու արձակագիրներէն է: 1930-1980 յիսուն տարուայ շրջանի Հայ գրական կեանքին մէջ, ան կը յատկանշուի լուսաւոր դէմքերէն մէկը: Անոր գեղարուեստական որակով լեցուն բանաստեղծութիւններն ու արձակները, նոյնքան արժէքաւոր եւ ազդեցիկ են որքան իր քննադատական ոճը: Անոր գրականութիւնը եղաւ սրատես, սրամիտ եւ լեցուն գեղագիտական հակումներով:
Ծառուկեան նաեւ գրած է Ռուբէն Սեւակի մասին «Սէրը եղեռնի մէջ», հրատարակած 1987-ին եւ արժանացած Ռուբէն Սեւակի անուան մրցանակին: «Երազային Հալէպը» 1979-ին, եւ «Վերջին անմեղը» 1980-ին: Յետ մահու հրատարակուած են՝ «Սփիւռքի տասնամեակներ», «Առկայծող Հայեր Եւրոպայի լոյսերուն մէջ», «Մեծերը եւ միւսները» եւ «Ամերիկեան կողմնաշխարհի» գիրքերը:
Մանկութիւն Մը՝ Առանց Մանկութեան
Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկը ինքնակենսագրական վէպ մըն է եւ Ծառուկեանի ամենայայտնի գործը: Գիրքը կը բաղկանայ իրարու թեթեւօրէն կապուած պատմուածքներէ, ուր հեղինակը կը պատմէ իր որբանոցի կեանքը: Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկը Սփիւռքահայ գրականութեան ամենածանօթ գիրքերէն է, եւ արժանացած է բազմաթիւ վերահրատարակութիւններու, թէ՛ Սփիւռքի զանազան գաղութներուն եւ թէ՛ ալ Հայաստանի մէջ: Հետաքրքրական է թէ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ծառուկեան կ’ըսէ թէ Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկը իր նախասիրած գիրքն է:
Թէեւ գիրքի բոլոր պատմուածքները շատ հետաքրքրական են եւ տպաւորիչ, «Կաղանդ» խորագիրը կրող պատմուածքը յատկապէս խօսած է իմ սրտիս: Խօսած է իմ սրտիս, որովհետեւ մի քանի էջերու մէջ եւ մէկ դէպքի մասին նկարագրումը՝ ամբողջ կեանք մը կը ներկայացնէ: Հարազատօրէն ընթերցողին կ՛արտայայտէ որբի մը դժուարութիւններն ու զուարճութիւնները, մտահոգութիւններն եւ նեղութիւնները, ուրախ եւ տխուր դէպքերը: Կ՛արտայայտէ որբերու պարզութիւնն ու չքաւորութիւնը: Բայց ամենէն կարեւորը, պատմուածքը եւ գիրքը ընդհանրապէս մեզ կը ներկայացնէ ցեղասպանութենէն վերապրած ու որբացած սերունդի մը ապրած կեանքը եւ անոր հետեւանքով՝ ապրելու եւ Հայ ապրելու ձգտումը:
Այսօր, այդ օրերէն գրեթէ հարիւր տարիներ անցած է, որ համաշխարհային պատմութեան համար թերեւս ոչ մէկ նշանակութիւն ունի: Մտաբերելով Հայ որբերու առօրեան, կ՛ուզեմ բաղդատական մը ընել մերօրեայ կեանքին: Որքան բախտաւոր ենք որ այս օրերուն, սփիւռքի բոլոր գաղութներու մէջ, հաստատուած են վարժարաններ, Հայ Կեդրոններ, եկեղեցիներ, իրենց լաւագոյն յարմարութիւններով, որպէսզի հայոց լեզուն, պատմութիւնը, մշակոյթն ու հաւատքը հանդարտ ու անվտանգ միջավայրի մէջ կարենանք սորվիլ եւ սորվեցնել մեր գալիք սերունդներուն: Այսօր մենք կ՛ապրինք առատութեան եւ ճոխութեան մէջ, ու օրինակ առնելով մեր նախահայրերու ահաւոր կեանքէն, պէտք է բարձր գնահատենք մեր հանգիստ կեանքը: Եթէ մեր հայրերն ու մեծ հայրերը կրցան պահել իրենց ինքնութիւնն ու մայր լեզուն, մենք պատճառ չունինք կորսնցնելու զայն ու ճերմակ ջարդի զոհ երթալու մեր հանգիստ պայմաններու մէջ:
Ծառուկեանի Արժէքը
Որքան բախտաւոր ենք որ Ծառուկեաններու նման մեծ ուսուցիչներ կրցան մեզի փոխանցել հայոց լեզուն, գիրն ու գրականութիւնը: Եւ աւելին, մեզ փոխանցեցին մեր ողբալի անցեալը, որպէսզի մենք, լաւատեղեակ մեր պատմութեան, կարողանանք գնահատել մեր ներկան եւ ձգտիլ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու իրականացման: «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»-ն ու Ծառուկեանի բոլոր հատորները կրնան օգտագործուիլ որպէս վկայարան եւ փաստաթուղթ մեր նախահայրերու չարչարանքին եւ տառապանքին:
Ծառուկեանի գրականութիւնը եղաւ բոլորովին անկեղծ եւ առանց ոչ մէկ շինծու էջի: Ան մեզի կապեց մեր անցեալին, մեր մայրենի լեզուին, մշակոյթին, հայրենի հողին եւ յաւերժական Հայաստանին:
Ծառուկեանը մահացաւ Փարիզի մէջ, 20 Մայիս 1989-ին: Ան դժբախտաբար չի տեսաւ ազատ եւ անկախ Հայաստանը, սակայն ան եւ անոր գրականութիւնը միշտ ապրեցաւ այն տեսլականով որ օր մը, անպայման, Հայ ազգը պիտի հասնի սրբազան լերան կատարին:
* Յատուկ շնորհակալութիւն Ծառուկեանի գործընկեր՝ Գրիգոր Հոթոյեանին, որ ջանք չխնայեց ու մանրամասնութեամբ ինծի նկարագրեց անոր կեանքն ու արժէքները: Գրիգոր Հոթոյեան եղած է գրաշար, խմբագիր, ուսուցիչ ու տնօրէն ազգային ամէնօրեայ, ամառնային ու կիրակնօրեայ վարժարաններու մէջ` Սուրիա ու Գանատա:
Your article is very good, except that it is misleading in the section, where you mention that Zaroukian was distanced from ARF in 1956 but had written his “Tooght ar yerevan” in answer to Gevorg Apov’s “Menk chenk moratsel” in 1945, so at that time he was still a loyal member of the party, which by reading the article one thinks otherwise. But after 1956, his opinion and writings concerning the party had changed.
Վերջապէս զգացինք, որ Անդրանիկ Ծառուկեան մը ապրած է …: Երբ ամբողջ նոր սերունդ մը կ’անգիտանայ նոյնիսկ անոր գոյութեանը մասին…:Այս, շնորհիւ ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ի եւ Ռուբէն Ճամպազեանի…
Վերջապէս ….
Կեցցեն Անդրանիկ Ծառուկեանը վերագտնողները…
Իսկական ՄԱՐԴԸ
Ըստ ինծի «ըմբոստ» ածականը աւելի պատշաճ պիտի ըլլար քան «յիղափոխական» որակելը: Տասնեակ մը տարիներու վրայ երկարող իր գրականութիւնը արտայաէտութիւնն է իր չկաղապարուող եւ ըմբոստ նկարագրին: Անկարելի է կարդալ իր գրական վաստակը եւ իր այդ նկարագրին գիծը չկարենալ պատկերացնել:
Նմանապէս պատմութեան հանդէպ անարդար պիտի ըլլանք եթէ անտեսենք այն իրողութիւնը որ կուսակցութիւնը իր ողջութեանը շատ դաժան գտնուեցաւ իրեն հանդէպ կուսակցութիւնէն հեռանալէն կամ գորժնականապէս հեռացուելէն ետք:
Այլ ժամանակներ եւ այլ բարքեր……
Aghtamar – Dzarougian did, in fact, leave the party in 1956 and his views did change regarding many things. He did claim that his view on (Soviet) Armenia never changed throughout his life, though.
Dzarougian was clearly offended when he read Abov’s poem. Although Abov had addressed his poem to the entire ARF, Dzarougian felt it was his responsibility to respond to and disclaim Abov. Almost overnight, Dzarougian became a dominant voice in Armenian life, and his poem quickly spread through the Armenian Diaspora, from the Middle East to Europe and the Americas.
When reading Թուղթ առ Երեւան, it is clear to the reader that he is a loyal ARF-er (he wrote it in 1945). I apologize if the article was unclear on that point. Thank you for bringing that up.
hag – Շնորհակալութիւն: Այո՛, բազմիցս անտեսուած է Ծառուկեանը մեր գրական պատմութեան մէջ…սակայն անոր գրական արժէքը չենք կրնար անտեսել:
Hagop Atamian – Շնորհակալութիւն, Յակոբ:
Vahe Apelian – Իրաւունք ունիք եւ տեղին է ձեր առաջարկը: Իսկապէս ըմբոստ մըն էր Ծառուկեանը:
Շատ պիտի ուզէի ուսումնասիրել կուսակցութիւնէն իր հեռացումը, որուն մասին շատ բան չէ գրուած: Հարկ է խօսիլ Ծառուկեանի սերնդակիցներուն հետ, եւ կամ այդ տարիներուն կուսակցական հասարակական գործիչներուն, որոնք լաւապէս կը գիտնան «ճիշդ» պատմութիւնը: Դժբախտաբար, շատերը չեն խօսիր այս նիւթերու մասին, եւ պատմութիւնը հետզհետէ կը մոռցուի…
Aghtamar – Dzarougian did, in fact, leave the party in 1956 and his views did change regarding many things. He did claim that his view on (Soviet) Armenia never changed throughout his life, though.
Dzarougian was clearly offended when he read Abov’s poem. Although Abov had addressed his poem to the entire ARF, Dzarougian felt it was his responsibility to respond to and disclaim Abov. Almost overnight, Dzarougian became a dominant voice in Armenian life, and his poem quickly spread through the Armenian Diaspora, from the Middle East to Europe and the Americas.
When reading Թուղթ առ Երեւան, it is clear to the reader that he is a loyal ARF-er (he wrote it in 1945). I apologize if the article was unclear on that point. Thank you for bringing that up.
hag – Շնորհակալութիւն. այո՛, բազմիցս անտեսուած է Ծառուկեանը մեր գրական պատմութեան մէջ…սակայն անոր գրական արժէքը չենք կրնար անտեսել:
Hagop Atamian – Շնորհակալութիւն, Յակոբ:
Vahe Apelian –
Իրաւունք ունիք եւ տեղին է ձեր առաջարկը: Իսկապէս ըմբոստ մըն էր Ծառուկեանը:
Շատ պիտի ուզէի ուսումնասիրել կուսակցութիւնէն իր հեռացումը, որուն մասին շատ բան չէ գրուած: Հարկ է խօսիլ Ծառուկեանի սերնդակիցներուն հետ, եւ կամ այդ տարիներուն կուսակցական հասարակական գործիչներուն, որոնք լաւապէս կը գիտնան «ճիշդ» պատմութիւնը: Դժբախտաբար, շատերը չեն խօսիր այս նիւթերու մասին, եւ պատմութիւնը հետզհետէ կը մոռցուի…
Read your article with great admiration.You mention the book as “Tought Ar Yerevan” published in 1947. But I bring to your attention that this book was first published in 1945 (Cairo,Egypt) titled as “Hey Djan Yerevan”. I do have a copy of this book and in it there is handwritten poem ,also all across the book there is many annotations, views and feeling written by our great armenian poet Avedik Isahagian (1875-1957).
With great admiration I read your article, about the book you mention “Tought Ar Yerevan” 1947 print.I bring to your attention that, the same book was published earlier in 1945 (Cairo Egypt) titled as “Hey Djan Yerevan”. Now in my possession do have a copy of this book, in it there is a poem and many annotations, feelings & views throughout the book (presume unknown to armenian literature world) handwritten by great armenian poet Avedik Isahagian (1875-1957).