ԼրահոսՀայրենի Աշխարհ

Զօրակցական Երթ…Դէպի Արցախ

ar8  Փետրուար 27-ին, Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմինին կողմէ կազմակերպուած դէպի Արցախ զօրակցական երթը կազմակերպուեցաւ մեծ յաջողութեամբ: Աւելի քան 1200 հայորդիներ մասնակցեցան: «Արցախը գերխնդիր» կարգախօսին ներքեւ այս այցելութեան առաջին կանգառը եղաւ Քաշաթաղ, ուր հիւրերուն դիմաւորեցին Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցի ներկայացուցիչները եւ տեղւոյն բնակիչները:ar6ar2ar1ar7
Հայաստանի բոլոր մարզերէն ժամանած հարիւրաւոր կուսակցականներուն, երիտասարդական, ուսանողական միութիւններու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի անդամներուն առջեւ հանդէս գալով` Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան նշեց թէ.- «Ընելիքներ շատ ունինք, պատուախնդրութեամբ իրականացնենք մեր ուխտագնացութիւնը: …Կ՛երթանք, որովհետեւ մեր շարքերուն ութէն մէկը մարտիրոսացած է Արցախի մէջ: Արցախը մեր գերխնդիրն է: Հայկական իրականութեան մէջ կան կարմիր գիծեր, որոնք ոչ մէկը խախտելու իրաւունք ունի, այդ գիծերէն է նաեւ Արցախը»:
Մասնակիցները, Ստեփանակերտի մէջ մասնակցեցան Սումկայիթի ջարդերու 27-րդ տարելիցին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն, ներկայութեամբ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button